ԻՐԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը հասած է՝ դրական արդիւնքներ արձանագրելու համար բաւարար մակարդակի: «Ատրպէյճանի հետ ունինք իրական խաղաղութիւն», ըսաւ Արարատ Միզոյեան: 

«Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային 3-րդ համաժողովի ընթացքին նախարարը դիտել տուաւ, որ հայկական կողմը նուազեցուցած է միայն մէկ կեդրոնէն քաղաքական, տնտեսական եւ ուժանիւթի կախուածութիւնը: 

«Մենք չենք ուզեր մեր հարեւաններուն հետ խնդիր ունենալ ու չենք ուզեր սերունդ մը եւս կորսնցնել», ըսաւ Միրզոյեան եւ աւելցուց, որ երկիրը աւելի իրատես քաղաքական հայեացքով մը կը ծրագրէ, թէ այս սահմաններուն մէջ ինչպէ՞ս կրնայ զարգանալ՝ առանց պատերազմի: 

Իր կարգին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ըսաւ. «Հայաստանի որդեգրած քաղաքականութիւնը կրնայ Հարաւային Կովկասը դարձնել ամենագրաւիչ տարածաշրջաններէն մին»: 

«Երեւանեան երկխօսութեան» շրջանակներէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ասուլիս-քննարկում մը՝ «Հարաւային Կովկասի ներուժի իրացում. տնտեսական նոր հորիզոններ» խորագրով: Այս փուլին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան ունեցաւ շահեկան ելոյթ մը: Ան մեկնաբանեց տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական նշանակութիւնը, կանգ առաւ ենթակառուցուածքներու եւ տարանցիկ հնարաւորութիւններուն վրայ: Այս ամբողջին մէջ Վահան Կոստանեան մանրամասն ներկայացուց նաեւ TRIPP նախաձեռնութիւնը:

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2026