ԿՈՒԹԵՐԵՍԻ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄԸ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես զգուշացուց, որ արհեստական բանականութիւնը կը զարգանայ աւելի արագ՝ քան ոեւէ մէկը կրնայ հասնիլ անոր ետեւէն։ Ուստի, ան ընդգծեց, որ համաշխարհային առումով համաձայնեցուած կանոններու հաստատումը դարձած է անհրաժեշտութիւն՝ նուազեցնելու համար այդ հանգամանքէն բխելիք հաւանական ռիսքերը՝ յատկապէս երեխաներու պարագային։
«Reuters» գործակալութեան հաղորդումներով՝ Անթոնիօ Կութերես նշած է հետեւեալը. «Թեքնոբանութիւնը, որ կրնայ ձեւաւորել տնտեսութիւնները, փոխակերպել աշխատանքներու բնոյթը, ազդել ընտրութիւններու վրայ եւ խախտել անվտանգային հաւասարակշռութիւնը, կը ներդրուի աւելի արագ՝ քան ոեւէ մէկը՝ ներառեալ զայն ստեղծողները, կրնան հասնիլ անոր ետեւէն»։
Ժընեւի մէջ, արհեստական բանականութեան նիւթին վերաբերեալ բարձր մակարդակով կազմակերպուած հանդիպման մը ընթացքին Անթոնիօ Կութերես նշեց, որ նորարարութեան համար անհրաժեշտ են սահմանափակող պատնէշներ։ «Եթէ արհեստական բանականութիւնը պէտք է ըլլայ աւելի հզօր, ապա զայն պէտք է կառավարուի», ըսաւ ան։