ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՊԵՏԸ

Երէկ, Երեւանի մէջ բացուեցաւ՝ հայկական արդի ճարտարապետութեան հսկաներէն մէկուն ձօնուած ծաւալուն ցուցահանդէս մը: Երեւանի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է այս յաջող ցուցահանդէսը, որու բացման պատուոյ հիւրն էր քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան: 

«Գեղեցկութեան վարպետը» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը ձօնուած է՝ մեծանուն ճարտարապետ Ճիմ Թորոսեանի ծննդեան 100-ամեակին: Յոբելենական այս նախաձեռնութիւնը իսկապէս պատրաստուած է մեծ յաջողութեամբ՝ այն առումով, որ ամբողջութեամբ կը ցոլացնէ Ճիմ Թորոսեանի բազմակողմանի գործունէութիւնը՝ հսկայական ծաւալով հանդերձ: Ցուցահանդէսի բացումը Հայաստանի Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-կաճառէն ներս համախմբեց բազմաթիւ հետաքրքիրներ եւ գեղարուեստասէրներ, որոնք հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Ճիմ Թորոսեանի ժառանգութեան նկատմամբ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2026