ԻՍԼԱՄԱՊԱՏԻ ՄՕՏ ԴԵՍՊԱՆ
Հայաստան նորանկախ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ Փաքիստանի մէջ կ՚ունենայ դեսպան մը։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրին հիման վրայ՝ Կարէն Գրիգորեան համատեղութեան կարգով նշանակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Իսլամապատի մօտ։ Դեսպան Կարէն Գրիգորեան նշանակուած է համատեղութեան կարգով եւ իր նստավայրը կը գտնուի Ապու Տապիի մէջ։
Հայաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած էին շուրջ տարի մը առաջ՝ համատեղ հաղորդագրութեան մը հրապարակումով։ Այդ յայտարարութեան մէջ Երեւան եւ Իսլամապատ արձանագրած էին, որ կը ձգտին զարգացնել բարեկամական յարաբերութիւնները։
Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Փաքիստան եւ Թուրքիա եղած էին այն հիմնական երկու երկիրները, որոնք Ատրպէյճանին զօրակցած էին։