ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ: Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Եքաթերինպուրկ քաղաքին մէջ, ուր Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ «Իննոփրոմ-2026» միջազգային արդիւնաբերական ցուցահանդէսին: Վարչապետներու զրոյցն ալ տեղի ունեցաւ այս նոյն ցուցահանդէսի շրջանակներէն ներս: Սա կարեւոր ժամադրութիւն մըն էր՝ քանի վերջին շրջանին Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ դարձեալ խնդիրներ կուտակուած են եւ կողմերու յայտարարութիւններու ոճը յարաբերաբար խստացած է:
Միխայիլ Միշուսթին զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Ռուսաստան կ՚ակնկալէ, որպէսզի Հայաստանի նոր կառավարութիւնը զարգացնէ յարաբերութիւնները: Ան նշեց, որ Եքաթերինպուրկի արդիւնաբերական ցուցահանդէսին մասնակցելով՝ Նիկոլ Փաշինեան գործնականօրէն ընտրութիւններուն յաջորդած առաջին այցելութիւնը Ռուսաստան տուած կ՚ըլլայ: Ան կարեւորեց Հայաստանի կողմէ ռուս ներդրողներու համար յարմարաւէտ միջավայր ստեղծելու շարունակական կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան հանդիպման ընթացքին շեշտեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացմամբ եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) մասնակցութեամբ: Փաշինեան յոյս յայտնեց, թէ վերջին շրջանին երկու երկիրներուն միջեւ կուտակուած խնդիրները լուծում կը գտնեն:
Միւս կողմէ, Ռուսաստան Հայաստանին առաջարկած է մէկ կամ երկու պլոքով նոր աթոմակայանի մը կառուցումը: «Ռոսաթոմ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեքսէյ Լիխաչով այս մասին տեղեկացուց մամուլին՝ նշելով, որ Հայաստանի ելեկտրական ուժանիւթի 30 տոկոսը արդէն աթոմակայանի միջոցով կ՚արտադրուի: Երկրէն ներս պահանջարկը կ՚աճի եւ սա կը նշանակէ, որ յառաջիկայ տարիներուն կրնայ բաց մը յառաջանալ: Ուստի, ռուսական կողմը մեծ կամ միջին հզօրութեամբ նոր աթոմակայանի մը կառուցման առաջարկը ներկայացուցած է հայկական կողմին: