ՆԱԹՕ 3.0
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ արդէն ընթացքի մէջ է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը: Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հիւրընկալեց դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէն: Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ զրոյցը, որու ընթացքին ուշադրութեան կեդրոնին գտնուեցան գագաթաժողովին վերաբերեալ զանազան հանգամանքներ:
«ՆԱԹՕ 3.0» կ՚անուանուի Թուրքիոյ հիւրընկալմամբ կազմակերպուած այս երկօրեայ գագաթաժողովը, որ 36-րդն է իր նմաններու շարքին: Թէեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու համախմբումը ունի ընթացիկ բնոյթ, սակայն, Անգարայի գագաթաժողովին բացառիկ ուշադրութիւն կը վերագրուի՝ քանի դաշինքը նոր ուղղութիւն մը պիտի որդեգրէ՝ հաշուի առնելով համաշխարհային անվտանգութեան մարտահրաւէրները: Թուրքիա վերջին անգամ 2004 թուականին հիւրընկալած էր ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որ այդ ժամանակ տեղի ունեցած էր Իսթանպուլի մէջ:
Անգարայի գագաթաժողովը երէկ պաշտօնապէս սկսաւ՝ Մարք Ռութէի մամլոյ ասուլիսով, որ տեղի ունեցաւ գագաթաժողովի մետիայի միջազգային կեդրոնէն ներս: Այսօրուընէ սկսեալ արդէն ծրագիրը կը գործադրուի փուլ առ փուլ: Աշխարհի 32 երկիրներէն ամենաբարձ մակարդակի վրայ ներկայացուցիչներ պիտի մասնակցին այս գագաթաժողովին՝ ներառեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: Բացի դաշինքի անդամ երկիրներէն, Նիւ Զելանտայի, Հարաւային Քորէայի, Ճաբոնի եւ Աւստրալիայի ներկայացուցիչներն ալ մասնակցութիւն կը բերեն գագաթաժողովին՝ Եւրոատլանտեան եւ Հնդկախաղաղական անվտանգութեան օրակարգերու ներկայացուցած առաջնահերթութիւններուն բերումով:
Այսօր, Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան նոր համալիրէն ներս ընդունելութիւն մը կը սարքուի՝ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին առթիւ: Պեշթեփէի համալիրէն ներս ալ, նախագահ Էրտողանի հիւրընկալմամբ երեկոյեան տեղի կ՚ունենայ պաշտօնական ընթրիք մը:
Ղեկավարներու բուն հաւաքը տեղի պիտի ունենայ վաղը եւ ինչպէս բացումը, այնպէս ալ գագաթաժողովի եզրափակումը պիտի ազդարարուի՝ ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէի մամլոյ ասուլիսով: