ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սեմ Սիմոնեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական բարձր պարգեւով: Այսպէս, իրեն յանձ-նըւեցաւ՝ «Հայրենիքին մատուցուած ծառայութիւններուն համար» առաջին աստիճանի շքա-նըշանը: 

Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդունեց Սեմ Սիմոնեանը, որ այս օրերուն կը գտնուի Երեւանի մէջ: Նախագահական ապարանքէն ներս տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Վահագն Խաչատուրեան Սեմ Սիմոնեանին հանդիսաւորապէս յանձնեց պետական բարձր պարգեւը: 

Այս պարգեւատրումը կատարուած է՝ Սեմ Սիմոնեանի կողմէ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, տնտեսութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան ուղղութեամբ ներդրուած նշանակալի աւանդի եւ երկարամեայ արգասաբեր գործունէութեան համար: Զրոյցի ընթացքին Վահագն Խաչատուրեան շնորհաւորեց Սեմ Սիմոնեանը՝ բարձր գնահատելով անոր հայրենանուէր երկարամեայ գործունէութիւնը: Հանրապետութեան նախագահը իրեն մաղթեց քաջառողջութիւն, նորանոր ձեռքբերումներ եւ շարունակական արդիւնաւէտ գործունէութիւն: Սեմ Սիմոնեան ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը գլխաւորելու առընթեր, հանդիսացած է հիմնադիրը ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին, որ թեքնոբանութեան բնագաւառէ ներս բաւական յաւակնոտ դիրքի մը վրայ բերած է Հայաստանը՝ իր մասնաճիւղերով, որոնք կը հաստատուին նաեւ արտասահմանի մէջ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2026