ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԸ
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հիւրընկալեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանին: Օրուան տեւողութեան հիւր նախարարը Անգարայի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ՝ ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալընի կողմէ:
Ֆիտան եւ Շէյպանի ունեցան առանձնազրոյց մը, գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու քննարկումները եւ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը: Նախարարը այս փուլին շեշտեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ դէմ Իսրայէլի շարունակուող հարուածները կը համարէ այդ երկրի կայունութեան դէմ գլխաւոր սպառնալիքը:
Հաքան Ֆիտան համոզուած է, թէ Իսրայէլի գործողութիւնները ուղղուած են Սուրիոյ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ: Իր խօսքով՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ առկայ հակամարտութեան ընթացքին Սուրիան նպաստած է տարածաշրջանէ ներս կայունութեան պահպանման, իսկ երկրին մէջ անվը-տանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանումը տարածաշրջանի բոլոր պետութիւններու ընդհանուր պատասխանատուութիւնն է:
Այս բոլորի հիման վրայ Հաքան Ֆիտան կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան՝ աւելի կոշտ դիրքորոշում որդեգրելու Իսրայէլի դէմ: Ուստի, անհրաժեշտ ճնշումը պէտք է գործադրել Թել Աւիւի վրայ՝ 1974 թուականի ուժերու բաժանման համաձայնագիրը պահպանելու եւ Սուրիոյ ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանք ցուցաբերելու համար:
Անդրադառնալով Կազզէի հատուածէն ներս ստեղծուած վիճակին՝ Հաքան Ֆիտան նշեց, որ աւելի առաջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր խաղաղութեան ծրագրի երկրորդ փուլի ճանապարհային քարտէսին շուրջ, որու մասին յայտարարուած էր ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ: Յամենայնդէպս, Կազզէի պարագային ապահովուած պայմանաւորուածութիւններէն յետոյ Իսրայէլին կողմէ հարուածներու շարունակումը կը վկայէ, թէ այդ երկրի վարչապետ Պենիամին Նաթանյահուն խաղաղ կարգաւորման ուղի ընտրելու մտադրութիւն չունի:
Ֆիտան աւելցուց, որ Նաթանյահուի կառավարութիւնը կ՚աշխուժացնէ ահաբեկչական գործողութիւնները Արեւմտեան ափէն ներս եւ Երուսաղէմի արեւելքին:
Միւս կողմէ, Իպրահիմ Քալընն ալ Էսատ Շէյպանիին հետ քննարկեց Անգարա-Դամասկոս օրակարգի հիմնական հարցերը: Երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին առընթեր, կողմերը շօշափեցին հարեւան երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային կայունութեան վերաբերեալ խնդիրներ: Անոնք մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Լիբանանէ ներս ստեղծուած իրավիճակն ու Սուրիա-Լիբանան յարաբերութիւնները:
Ի լրումն այս բոլորին, կողմերը քննարկեցին Ազգային մեծ ժողովէն ներս շրջանառութեան մէջ դրուած օրէնքի նախագիծը, որ հետամուտ է Թուրքիան ձերբազատելու ահաբեկչական մշտական սպառնալիքէ եւ որ հաւանական ազդեցութիւն կրնայ գործել Սուրիոյ վրայ: