ԱՐԴԻ ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐ
Եմէնի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններու նոր մագլցումը ենթադրել կու տայ, որ Իրանի ճակատը երկրորդ գիծ մղուած է Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ: Այսօր Եմէնի հետ համեմատած արդէն Կազզէն, Լիբանանն ու նոյնիսկ Իրանը կը նկատուին՝ եթէ ոչ անպայման սառեցուած, ապա աւելի մեղմ բախման կէտեր:
Հուսիներու աշխուժացումը, պարզ է, որ Իրանի ներշնչում ունի՝ նկատի ունենալով այդ երկրի կարեւորագոյն արտաքին յենակէտ ըլլալու հանգամանքը: Թեհրանի մարտավարութիւնը՝ Եմէնի շրջանը աշխուժացնելու եւ իր ազդեցութեան տակ գործող հուսիներու յառաջխաղացքը առաջադրելու, ռազմախաղի մեծ կանոն կը փոխէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նոյեմբերի մասնակի ընտրութիւններու նախօրեակին:
Այստեղ կայ երկրորդ Հիւրմիւզի մը պարագան՝ Պապ Մանտեպը: Աւելի ճիշդը՝ արտածման քանակները նկատի ունենալով՝ թերեւս Հիւրմիւզը ինքնին երկրորդ Պապ Մանտեպ մըն է։ Անոր փակուիլը մարդասիրական մեծ տարողութեամբ նոր ճգնաժամերու պատճառ կը հանդիսանայ: Այսպիսով, ռազմատնտեսական պատերազմը նոր տարածք կը նուաճէ եւ դուրս կու գայ արդէն իսկ համաշխարհային մակարդակով իր հետեւանքները արձանագրած պատերազմի Միջին Արեւելքի սահմաններէն:
Սէուտական Արաբիան առաջին հարուածի ենթարկուածն է պատերազմի այս ճակատէն: ԱՄՆ-ի դաշնակից եւ ռազմավարական յենակէտ Սէուտական Արաբիան արդէն իսկ ենթարկուած էր Իրանի հարուածին: Անոր տարածքի ռազմավարական եւ ուժանիւթային նշանակէտեր դարձան Իրանի բանակի թիրախը: Հիմա, հուսիները անարգել յառաջանալու միտումներ կը դրսեւորեն եւ ամենէն կարեւորը՝ լիակատար վերահսկողութիւն կը հաստատեն Պապ Մանտեպի վրայ:
Այս բոլորին մէջ ամենէն ուշագրաւը հետեւեալն է. ԱՄՆ ռազմականօրէն չ՚օժանդակեր Սէուտական Արաբիոյ՝ հուսիներու յարձակումները զսպելու համար: Աւելի՛ն, Ուաշինկթըն յայտարարած էր, որ պիտի չներգրաւուի այս պատերազմին: Հանելուկային այս կրաւորականութիւնը քաղաքական հետեւանքներ կ՚ունենայ, անշուշտ:
Տնտեսական այս մեծ պատերազմին մէջ, առեւտուրի եւ ուժանիւթային պաշարներու արտահանման համաշխարհային կեդրոն նկատուած այս հանգոյցը այսօր կը գտնուի՝ Իրանի ազդեցութեան ենթակայ ուժի մը վերահսկողութեան ներքեւ: Չյայտարարուած համաձայնութեան մը ուրուականը կը սաւառնի ջրանցքի այս տարածքին վրայ:
Ուաշինկթըն պիտի չուզէր նոր ճակատի մը բռնկումին ներքաշուիլ՝ յատկապէս նոյեմբերի նախօրեակին: Իրանի մարտավարութիւնը, հիմա հետամուտ է Եմէնի ճակատը բռնկեցնելու, ինչ որ ժամկէտի նախընտրութեան առումով կը կապուի ԱՄՆ-ի մասնակի ընտրութիւններուն հետ: Պապ Մանտեպի ամբողջական փակումը սրընթաց նոր մրցանիշներ պիտի ապահովէր վառելանիւթի շուկային մէջ, ինչ որ իր անդրադարձը կ՚ունենար, անշուշտ, ԱՄՆ-ի Հանրապետական կուսակցութեան վարկանիշին վրայ:
Մրցապայքարը շատ մօտ է դեմոկրատներու եւ հանրապետականներոն միջեւ։ Պատերազմական այլ ճակատի մը մէջ նոր ներգրաւումը կրնար ունենալ իր ճակատագրական հետեւանքները:
Անշուշտ, միայն ներքին լսարանով չեն բացատրուիր աշխարհաքաղաքական այս շարժումները: Իրաքէն ամերիկեան զօրքերու հեռացում, Սէուտական Արաբիա-հուսիներ պատերազմին մէջ չներքաշուիլ եւ հիմա Ռուսաստանի հետ ուժանիւթային խնդիրներու շուրջ որոշ պայմանաւորուածութիւններու համար խորհրդակցելու տրամադրութիւններ հրապարակելը միեւնոյն տրամաբանութեան մէջ կը տեղաւորուին: Ուաշինկըթնի եւ Մոսկուայի ներկայացուցիչները շփումները կը բարձրացնեն. ուժանիւթի ոլորտին մէջ հաւանական համագործակցութեան նիւթը յայտարարած է Քրեմլինի բանբերը։
Համաշխարհային ուժանիւթային քարտէսին վրայ կարգավիճակ (սթաթիւքօ) է Հիւրմիւզը, բռնկած է Պապ Մանտեպի շուրջ իրավիճակը եւ ռուս-ամերիկեան խորհրդակցութիւններ կը սկսին այդ ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը վերագործարկելու համար:
Ահաւասիկ, ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմատնտեսական այսօրուան համայնապատկերը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի