ԱԶԱՏ ԼՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսայի միջազգային ռատիոկայանի (RFI) տնօրէն Ժան-Մարք Ֆուրի այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Հարկ է նշել, որ RFI միջոցէ մը ի վեր հայերէն ծառայութիւն մը ունի եւ անոր խմբագրական կազմի ներկայացուցիչներն ալ Ժան-Մարք Ֆուրիին կ՚ընկերանան Երեւանի շփումներու ընթացքին։

Երէկ, Ժան-Մարք Ֆուրի եւ ընկերակիցները այցելեցին Երեւանի Պետական համալսարանի Լրագրութեան ֆաքիւլթէն, ուր հանդիպեցան ուսանողներու հետ։ Այս առթիւ Ֆուրի շեշտեց, որ RFI-ի հայերէն ծառայութիւնը նոր հնարաւորութիւններ կը բերէ ուսանողներուն համար։

Ներկայացնելով այս հարթակն ու հնարաւորութիւնները՝ Ֆուրի նշեց, որ ուսանողներէն իւրաքանչիւրը կրնայ դառնալ հայերէն ծառայութեան լրագրող։ Իր խօսքով՝ RFI հիմա կը ջանայ երկու ուղղութեամբ գործունէութիւն ծաւալել Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս։ Առաջին՝ բացատրել ռատիոկայանի գործունէութիւնը, այնտեղ կատարուած աշխատանքին բնոյթն ու պատրաստութիւնը եւ լրատուութեան տեսակը։ Երկրորդ նպատակն է, որ Երեւանի Պետական համալսարանի Լրագրութեան ֆաքիւլթէի ուսանողները տեղեակ ըլլան ազատ լրագրութեան գաղափարէն։ Անշուշտ, ի շարունակութիւն, փափաքելու պարագային ապահովել ուսանողներու աշխատակցութիւնը, ինչ որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ։

«RFI-ի հայերէն ծառայութիւնը նոր է։ Լրագրողներուն մէկ մասը կը գտնուին Ֆրանսայի, իսկ մէկ մասն ալ Հայաստանի մէջ։ Չորս ամիսէ ի վեր կ՚աշխատինք նաեւ հայերէնով, բայց արդէն բաւական մեծ զարգացում արձանագրած ենք՝ մօտաւորապէս 5 միլիոն դիտումի հասնելով», ըսաւ Ժան-Մարք Ֆուրի։

Հարկ է նշել, որ RFI-ի հայերէն ծառայութիւնը կը գործէ միայն առցանց։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026