ԱՆԵՐԵՐ ԿԱՄՔ

Երէկ, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւն, որու արդիւնքը բացարձակ յաղթանակի մը համազօր է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տեսակէտէ։ Այսպէսով նոր շրջան մը կը սկսի Հայաստանի մէջ, ուր ընտրողներու 58,97 տոկոսը մասնակցեցաւ քուէարկութեան։ Հինգ տարի առաջուան ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը 49,38 տոկոս էր։ Այս անգամուան՝ աւելի բարձր մասնակցութեան համեմատութիւնը կը վերագրուի ժողովուրդի աներեր կամքին՝ երկրի կայունութիւնը խնայելու առումով։

Քուէարկութեան արդիւնքով բացարձակ յաջողութիւն մը արձանագրեց Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնը, որ միանշանակ ամրապնդած է իր իշխանութիւնը եւ աննախընթացօրէն զօրացուցած՝ ժողովրդական յենարանները։ ՔՊ-ն հնարաւորութիւն ունի միահեծան ձեւաւորելու յառաջիկայ կառավարութիւնը, որ խորհրդարանի երդիքին տակ ապահոված է լուրջ մեծամասնութիւն մը՝ ստացած ըլլալով ձայներուն շուրջ կէսը։

Հայաստանի խորհրդարանը կը բաղկանայ 105 երեսփոխանէ։ Ըստ վերջին հաղորդումներուն, որոնք տակաւին վերջնական չեն՝ ՔՊ 64 պատգամաւոր պիտի ունենայ՝ ապահոված ըլլալով քուէներու 49,83 տոկոսը։ Նոր ձեւաւորուած խորհրդարանը պիտի բաղկանայ երեք քաղաքական ուժէ։ Այսպէս, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը, որ 23,28 տոկոս քուէ հաւաքած է, ունի 29 պատգամաւոր։ «Հայաստան» դաշինքը, որ 9,93 տոկոս ձայն հաւաքած է, 12 երեսփոխան կ՚ունենայ։

Հարկ է նշել, որ խորհրդարան մուտք գործելու համար անհրաժեշտ ձայներու նուազագոյն շեմն էր՝ կուսակցութիւններու պարագային 4, իսկ դաշինքներու պարագային 8 տոկոսը։

Երկրի վերընտրեալ իշխանութիւնը, անշուշտ, ընտրութեան արդիւնքով ստեղծուած պատկերը կը գնահատէ դրական։ Վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ պատերազմի եռագլուխ կուսակցութիւնը ջախջախուած է։ Ընդդիմադիր շրջանակները թէեւ զանազան խախտումներու մասին կը խօսին, սակայն, ընտրութեան արդիւնքը շատ ալ տեղ չէ թողած վիճարկումներու։ Արդարեւ, 18 քաղաքական ուժ մասնակցեցաւ ընտրութեան. անոնցմէ 16-ը կուսակցութիւն էր, իսկ երկուքը դաշինք։ ՔՊ բուռն ընտրապայքարէ մը վերջ ձայներու շուրջ կէսը հաւաքելով ստանձնեց երկրի ապագան հունի մէջ դնելու ծանր պատասխանատուութիւնը։ Այժմու պայմաններով, ընդդիմութեան հիմնական մխիթարութիւնը դարձած է, որ ՔՊ-ն սահմանադրութիւնը փոխելու համար բաւարար մեծամասնութեան չէ կրցած տիրանալ խորհրդարանին մէջ։ Ըստ անպաշտօն արդիւնքներուն՝ ՔՊ-ին 2 երեսփոխան կը պակսի խորհրդարանէ ներս 3/5 մեծամասնութեան հասնելու համար, իսկ 2/3 մեծամասնութեան հասնելու համար ալ՝ 9 պատգամաւոր։ Ընդդիմութիւնը այս երեւոյթը թէեւ դրական կը նկատէ, սակայն, զգուշութեան կոչեր կը հնչեն՝ մանաւանդ վերջին ընտրութիւններու փորձառութիւններու լոյսին տակ։ Արդարեւ, ընդդիմադիր ուժերը ծանր պարտութեան պայմանաւորած ջլատումով կրնան թուլացնել քուէահամարի գործընթացին հետեւելու կարգապահութիւնը եւ այդ փուլին հաւանական չնչին խախտումներով կրնայ փոխուիլ այս համայնապատկերը։

Այժմ կը սպասուի Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ ընտրութեան վերջնական արդիւնքի հրապարակման։

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026