ՄԱՔՐՈՆ ՍՈՒՐԻԱՅԻՆ ԼՈՒՐՋ ԴԵՐ ԿԸ ՎԵՐԱԳՐԷ՝ ԾՈՑԻ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ՆՈՐ ԿԱՊԻՆ ԱՌՈՒՄՈՎ
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Սուրիոյ մէջ։ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին մասնակցելու համար Անգարա գալէ առաջ, Մաքրոն շփումներ ունեցաւ Դամասկոսի մէջ։ Երկրի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ տեսակցելու առընթեր, ան մէկտեղուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարայի հետ։ Սուրիոյ իշխանափոխութենէն վերջ երկիր այցելած առաջին արեւմտեան ղեկավարը եղաւ Էմմանիւէլ Մաքրոն։ Իր կեցութեան օրերուն, Դամասկոսի մէջ, Մաքրոնի իջեւանած պանդոկի մօտակայքին տեղի ունեցան պայթումներ, որոնք պատճառ դարձան տասնութ հոգիի վիրաւորման։
Մաքրոն եւ Շարա շօշափեցին ենթակառուցուածքներու, հաղորդակցութեան, առողջապահութեան, դրամատնային համակարգի եւ հաստատութենական զարգացման բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցան նաեւ համապատասխան փաստաթուղթեր։ Սուրիոյ անկեալ ղեկավար Պեշար Էսատի ընտանիքէն մնացած՝ 59 միլիոն եւրոյի Ֆրանսայի կողմէ Սուրիոյ վերադարձի գործընթացն ալ սկիզբ առաւ Մաքրոնի այս այցելութեամբ։
Դամասկոսի մէջ Մաքրոն յայտարարեց, որ Ֆրանսա կը խրախուսէ Սուրիոյ վերակառուցումը։ Իր կարգին, Շարան ալ նշեց, որ Սուրիոյ զարգացման առումով ներդրումները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։ Բաց աստի, Էմմանիւէլ Մաքրոն նշեց, որ Ֆրանսա Սուրիային լուրջ դեր կը վերագրէ՝ Ծոցի եւ Եւրոպայի միջեւ նոր կապին առումով։ «Ֆրանսա կը հաւատայ ձեր երկրի ապագային եւ փութով վերականգնումին։ Ան Ծոցի եւ Եւրոպայի միջեւ նոր կապի ձեւաւորման սրտին վրայ է», ընդգծեց ֆրանսացի ղեկավարը։