ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ. ՆԱԹՕ-Ի ՆՈՐ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՇԻՌԸ ՊԻՏԻ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ
Անգարայի մէջ կ՚ընթանայ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որ այսօրերուն միջազգային բեմահարթակի գլխաւոր իրադարձութեան վերածուած է։ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս գագաթաժողովը բացառիկ նշանակութիւն ունի թէ՛ դաշինքի ապագային եւ թէ համաշխարհային անվտանգութեան հաւասարակշռութիւններու վերաձեւաւորման տեսակէտէ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, երէկ երեկոյեան, Պեշթեփէի համալիրէն ներս պաշտօնական ընթրիք մը սարքեց՝ գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարներուն։ Օրուան տեւողութեան Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Պաշտպանական արդիւնաբերութեան ֆորում մը։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս սարքուեցաւ նաեւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը՝ գագաթաժողովին համար Անգարա փութացած պաշտպանութեան նախարարներուն համար։
Վերլուծաբանները կը մատնանշեն, որ ՆԱԹՕ-ի նոր ճարտարապետութեան մէջ Թուրքիոյ կշիռը պիտի բարձրանայ։
Միւս կողմէ, ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, Պեշթեփէի համալիրի երդիքին տակ, Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը։ Երկկողմանի այս հանդիպումը բացառիկ ուշադրութեան արժանացաւ՝ մինչ երկու ղեկավարները քննարկեցին Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքի համագործակցութեան ապագան։ Կը հաղորդուի, որ Թրամփ դրական ազդանշաններ տուած է, որպէսզի Թուրքիա ընդգրկուի նոր «F-35» ռազմաօդանաւերու արտադրութեան նախագծին։
