ԵՐԵՒԱՆԻ ԳՐՔԻ 9-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ
Երեւանի Գրքի միջազգային փառատօնը վերջին օրերուն արժանացաւ գրասէրներու եւ մշակութասէրներու անմիջական ուշադրութեան։ Մայրաքաղաքի կեդրոնին նկատելի իրադարձութիւն մը եղաւ այս փառատօնը։ Այս տարի իններորդ անգամ կազմակերպուեցաւ սոյն փառատօնը՝ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ եւ խրախուսանքով։ Մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի շէնքին կամարները զարթարուած էին՝ փառատօնի մեծադիր պաստառներով։ Այդ նոյն կամարներու ներքեւ ալ տեղի ունեցաւ փառատօնը։ Երեւանի կեդրոնական հատուածի խորհրդանշական վայրերուն մէջ իրականացուեցաւ փառատօնը, որ սկսաւ սեպտեմբերի 4-ին եւ շարունակուեցաւ ամբողջ շաբաթավերջին։
Այս տարուան փառատօնի գլխաւոր նիւթը եղաւ լեզուն՝ որպէս մարդկային քաղաքակրթութեան յիշողութիւնը եւ մշակութային շարունակականութիւնը փոխանցելու հիմնական միջոց։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փառատօնի բացման ելոյթներով հանդէս եկան նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան։