ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՌԻԿԱ ԱՅՑԵԼԵՑ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ռիկա, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Լաթվիոյ իշխանութիւններուն կողմէ։ Օրուան տեւողութեան Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցաւ Լաթվիոյ նախագահ Էտկարս Ռինքեւիչի եւ արտաքին գործոց նախարար Պայպա Պրաժէի հետ։

Երեւան-Ռիկա առանցքին վրայ ծաւալուեցան բազմակողմանի քննարկումներ, որոնք կը վերաբերէին թէ՛ երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքին եւ թէ միջազգային հրատապ օրակարգի խնդիրներուն։ Հայաստանի եւ Լաթվիոյ միջեւ ստորագրուեցաւ նաեւ արձանագրութիւն մը, որ կը վերաբերի Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած յետընդունման համաձայնագրի իրականացման։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2026