ՏԱՐԲԵՐ ՆԻՒԹԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ վերջին օրերուն երկրի սահմանը խախտած Ատրպէյճանի զինուորը ձերբակալման ժամանակ դիմադրութիւն ցոյց չէ տուած։
Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն, հարցումի մը պատասխանելով անդրադարձաւ՝ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Շաքի սահմանակից գիւղէն ներս պատահած վերջին դէպքին, որով Ատրպէյճանի բանակէն զինուոր մը ներթափանցած էր սահմանէն ու վիրաւորած՝ մայր մը ու երկու զաւակները։ Կառավարութիւն-խորհրդարան հարցում-պատասխանի ընթացքին վարչապետը այս դէպքը որակեց սովորական քրէական իրավիճակ մը։ Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան անդրադարձաւ այժմ կալանաւորուած ազէրի զինուորն ու Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ գերիներու փոխանակումը յառաջ տանելու ուղղեալ օրակարգի վրայ բերուած առաջարկներուն։ Վարչապետը համոզուած է, թէ կալանաւորուած ազէրի զինուորի եւ հայ գերիներու փոխանակումը իրարմէ բոլորովին տարբեր նիւթեր են։
Անդրադառնալով Շաքիի դէպքի ժամանակ վիրաւորուած կնոջ պարագային՝ Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց. «Եթէ պահ մը մայրական բնազդը կառավարէր եւ սպասէր ոստիկաններուն, ապա այդ ամէնը տեղի չէր ունենար»։
Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ալ յայտնեց, որ այս դէպքի պարագային թերացումներ եղած են եւ այդ թերացումները ունեցած են ու կ՚ունենան հետեւանքներ։