ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԾԱՆՐ ԳԻՆԸ

Իրանի պատերազմին «գին»ը արդէն կը հասնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիին գրպանը… ԱՄՆ փակուղիի մէջ է՝ Իրանի դէմ պատերազմի տնտեսական հաշուեկշռին առումով։ Արդարեւ, պատերազմը մտած է եօթներորդ ամիսը եւ Ուաշինկթընի տեսակէտէ ստեղծուած իրադրութիւնը չի խօսիր միայն ռազմական ընտրանքներու կամ զինուորական միջամտութեան մասին։ Այս պատերազմի շարունակութիւնը աստիճանաբար վերածուած է տնտեսական եւ քաղաքական խնդրի մը, որուն հետեւանքները անմիջականօրէն կը զգացուին ամերիկացի սպառողին, գործարար աշխարհին եւ, ի վերջոյ, ընտրական դաշտին մէջ։

ԱՄՆ-ի համար հիմնական հարցը այլեւս միայն այն չէ, թէ ռազմական գործողութիւններով ի՞նչ կարելի է պարտադրել Իրանին։ Հարցը այն է, թէ ի՞նչ գին ունի պատերազմի շարունակութիւնը եւ արդեօք այդ գինը կրնա՞յ քաղաքականօրէն ու տնտեսականօրէն արդարացուիլ՝ յատկապէս յառաջիկայ նոյեմբեր 3-ին նախատեսուած մասնակի ընտրութիւններուն ընդառաջ։

Այս տեսանկիւնէն դիտուած, Իրանի պատերազմը կը մտնէ նոր փուլ մը։ Ռազմական ճակատէն անդին, վճռորոշ կը դառնան նաւթը, բնական կազը, սղաճը, տոկոսադրոյքները, պետական պարտքը, արժեթուղթերու շուկան եւ ամերիկացի ընտրողին առօրեայ տնտեսական վիճակը։

Պատերազմի հետեւանքով նաւթի հզօրներու շուկային մէջ ստեղծուած անորոշութիւնը անմիջականօրէն կապուած է Հիւրմիւզի ջրանցքին եւ Պապ էլ-Մանտեպի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին հետ։ Հիւրմիւզը նաւթի միջազգային փոխադրումներու առանցքային ուղիներէն մէկն է, իսկ անոր շուրջ որեւէ երկարատեւ խափանում կ՚ազդէ ո՛չ միայն Միջին Արեւելքի, այլեւ համաշխարհային շուկաներուն վրայ։

Նաւթի եւ կազի գիներու բարձրացումը շղթայական հետեւանքներ ունի։ Փոխադրումի ծախսերու աճը կը բարձրացնէ ապրանքներու ինքնարժէքը, իսկ արտադրութեան եւ պարարտանիւթերու գիներու բարձրացումը, իր հերթին, կ՚ազդէ սննդամթերքի եւ այլ հիմնական ապրանքներու վրայ։ Այս գործընթացը կը սնուցանէ սղաճը եւ կը սահմանափակէ դրամավարկային քաղաքականութեան ազատութիւնը։

Բարձր սղաճը, իր հերթին, կը նշանակէ բարձր տոկոսադրոյքներու երկարատեւ պահպանման հաւանականութիւն։ Իսկ բարձր տոկոսադրոյքները կը ծանրացնեն բնակարանային վարկերը, առեւտուրի գանձատրումը եւ պետական պարտքի սպասարկումը։

Այս շղթային կը միանայ նաեւ ամերիկեան պետական պարտքի խնդիրը։ Պարտքի աճը եւ գանձապետական պարտատոմսերու շուկային վրայ ստեղծուած ճնշումները Ուաշինկթընը կը դնեն նոր ելմտական որոշումներու առջեւ, որոնց ազդեցութիւնը կրնայ դուրս գալ ամերիկեան տնտեսութեան սահմաններէն եւ անդրադառնալ միջազգային ելմտական համակարգին վրայ։

Այս համայնապատկերը, հետեւաբար, պատերազմը կը դարձնէ ո՛չ միայն արտաքին քաղաքականութեան, այլեւ ներքին տնտեսական քաղաքականութեան հարց մը։ Պատերազմէն ովքե՞ր կը շահին եւ ովքե՞ր ամենաշատ գինը կը վճարեն։ Պատերազմական տնտեսութեան հիմնական հակասութիւններէն մէկը այստեղ կը դրսեւորուի։ Պատերազմի ընդհանուր տնտեսական հաշուեկշիռը կրնայ բացասական ըլլալ՝ մինչդեռ որոշ ոլորտներ միաժամանակ կրնան արձանագրել բարձր շահոյթներ։ ԱՄՆ-ի մէջ նաւթի ընկերութիւնները բարձր գիներէն կրնան օգտուիլ։ Նոյնը կը վերաբերի ռազմական արդիւնաբերութեան, որու արտադրանքին պահանջարկը պատերազմի ընթացքին կ՚աճի։

ՓԱԿՈՒՂԻ

Հիւրմիւզի ջրանցքի հարցը պէտք է դիտարկել՝ որպէս քաղաքական փակուղի։

Պատերազմի ներկայ փուլին Հիւրմիւզի ջրանցքը վերածուած է ո՛չ միայն ռազմավարական, այլեւ՝ քաղաքական լծակի։ Եթէ անոր երթեւեկութիւնը երկար ժամանակ սահմանափակուած մնայ, ապա նաւթի համաշխարհային շուկաներու վրայ ճնշումը կը շարունակուի։ Իսկ եթէ ջրանցքը բացուի՝ առանց նոյնաժամանակ քաղաքական համաձայնութեան, ապա կը մնայ պատերազմի վերսկսման վտանգը եւ ապահովագրական ու փոխադրական բարձր ծախսերու խնդիրը։ Հետեւաբար, Հիւրմիւզի բացումը ինքնին չի նշանակեր, որ նաւթի եւ կազի շուկաները անմիջապէս պիտի վերադառնան նախապատերազմեան վիճակին։ Պատերազմական վնասները, արտադրական ենթակառոյցներու վերականգնումը, փոխադրումներու ապահովագրութիւնը եւ տարածաշրջանային վտանգի բարձր մակարդակը երկար ժամանակ կրնան պահպանել շուկայի մէջ առկայ վտանգները։ 

Այստեղ է, որ Ուաշինկթըն կը գտնուի քաղաքական դժուար ընտրութեան մը առջեւ։ Պատժամիջոցներու եւ շրջափակման պահպանումը կրնայ խորացնել տնտեսական ճնշումը Իրանի վրայ, սակայն, միաժամանակ, կը պահպանէ նաւթի շուկայի անկայունութիւնը։ Իսկ սահմանափակումներու թուլացումը կամ վերացումը կրնայ մեկնաբանուիլ՝ որպէս բանակցային եւ ռազմական ռազմավարութեան վերանայում։ Այս հարցը յատկապէս զգայուն կը դառնայ ընտրական շրջանին, որովհետեւ արտաքին քաղաքականութեան ձախողման կամ յաջողութեան գնահատականը ամերիկացի ընտրողին համար կրնայ երկրորդական դառնալ, երբ պատերազմի տնտեսական հետեւանքը կը հասնի իր ընտանիքի ծախսերուն։

Եւ այսպէս, յառաջիկայ նոյեմբերի 3-ի մասնակի ընտրութիւնները այս ամբողջ պատկերը կը դարձնեն աւելի բարդ։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին համար նաւթի գիներու վերահսկումը, սղաճի սահմանափակումը եւ տնտեսական վստահութեան պահպանումը այլեւս միայն տնտեսական նպատակներ չեն։ Անոնք նաեւ ներքին քաղաքական օրակարգի հիմնական մաս կը կազմեն։

Թրամփի այն յայտարարութիւնները, թէ ընտրութիւններէն ետք նաւթի գիները պիտի նուազին, պէտք է դիտել այդ քաղաքական ամբողջին մէջ։ Այդպիսի յայտարարութիւնները չեն կրնար ինքնին փոխարինել շուկայի իրական պայմանները։ Նաւթի գինը կախուած է ո՛չ միայն ամերիկեան քաղաքական որոշումներէն, այլեւ Հիւրմիւզի իրավիճակէն, տարածաշրջանային արտադրութենէն, փոխադրական կարողութիւններէն, ապահովագրական ծախսերէն եւ պատերազմի շարունակութեան վտանգէն։

Ուաշինկթընի համար խնդիրը, հետեւաբար, կը վերածուի ժամանակի մէջ մրցավազքի։ Պատերազմը շարունակելը կրնայ պահպանել ռազմական ճնշումը Իրանի վրայ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, կը մեծցնէ տնտեսական անորոշութիւնը։ Բանակցային լուծման անցնիլը կրնայ մեղմացնել այդ տնտեսական ճնշումը, բայց, քաղաքականօրէն կը պահանջէ բացատրութիւն, թէ ի՞նչ ձեռք բերաւ պատերազմը եւ ինչո՞ւ անհրաժեշտ դարձաւ բանակցութիւնը։

Իրանի պատերազմի այս փուլին ամերիկեան քաղաքականութեան հիմնական հակասութիւնը այն է, որ ռազմական եւ տնտեսական նպատակները այլեւս պարտադիր չեն, որ նոյն ուղղութեամբ շարժին։

Ռազմական ճնշման շարունակութիւնը կրնայ ունենալ ռազմավարական տրամաբանութիւն, սակայն, անոր տնտեսական հետեւանքները կը տարածուին ամերիկեան հասարակութեան վրայ՝ նաւթի գիներէն մինչեւ սղաճ, տոկոսադրոյքներ եւ պետական պարտքի ծախսեր։ Իսկ Հիւրմիւզը այս ամբողջ հաշուարկի կեդրոնն է։ Ջրանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը կը սահմանափակէ Ուաշինկթընի խուսանաւումի դաշտը եւ պատերազմը կը վերածէ տնտեսական խնդրի մը, որ այլեւս չի կրնար լուծուիլ միայն ռազմական միջոցներով։

Այս պատճառով ալ Իրանի պատերազմին յաջորդ փուլը կրնայ որոշուիլ ո՛չ միայն ռազմաճակատի, այլեւ ամերիկեան տնտեսական ցուցանիշներու, նաւթի շուկային եւ նախընտրական քաղաքականութեան ճնշումներուն ներքեւ։

Ուաշինկթընի առջեւ կանգնած հարցը, ի վերջոյ, պարզ է. ինչպէ՞ս պահպանել Իրանի վրայ ճնշումը՝ առանց այդ մէկուն տնտեսական գինը տեղափոխելու ամերիկացի քաղաքացիին գրպանը։ Այս հարցումին պատասխանը պիտի որոշէ նաեւ, թէ պատերազմը ինչպէ՛ս պիտի մտնէ իր քաղաքական յաջորդ փուլին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2026