ՊԵԼԺԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՃԱՄԲԱՐ

Պելժիոյ համայնքէն ներս վերջին օրերուն յատկանշական իրադարձութեան մը վերածուեցաւ՝ նոր սերունդին ուղղեալ կազմակերպուած ճամբարը։ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի հովանաւորութեամբ եւ գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս ճամբարը, որ կազմակերպուած էր երկրի հայկական եկեղեցական համայնքին ջանքերով։ Զատելկէմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ճամբարը, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 120 մանուկ կամ պատանի։ Հաւատքի, միասնականութեան, հայ հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան հետամուտ, օրհնեալ համախմբում մըն էր այս մէկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ 43 հոգեւորականներ, վարչայիններ, կրթական մշակներ եւ այլ կամաւորներ։

Մանուկներն ու պատանիները ճամբարի օրերուն բացառիկ հնարաւորութիւն ունեցան՝ իրարու հետ մտերմանալու, քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութիւններուն ներթափանցելու, հայ գրականութեան անսպառ հարստութիւնը վերագտնելու, ինչպէս նաեւ երգերով, պարերով, կրթական ու ժամանցային բազմազան ծրագրերու ընդմէջէն իրենց գիտելիքները ամրապնդելու։ Անոնք այս բոլորը ըրին բնութեան անդորրին մէջ, իսկ եզրափակիչ փուլին մասնակցեցան Ս. Պատարագի, որուն հանդիսապետեց Նորին Սրբազնութիւնը։ Բաց երկինքին տակ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որու բոլոր մասնակիցները ունեցան հոգեւոր անբացատրելի ապրումներ։

Եզրափակիչ փուլին Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան բոլորը արձակեց՝ աղօթելով, որ Աստուծոյ առատ շնորհները վայելեն բոլոր մասնակիցները։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026