ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵՆԷՆ ՎԵՐՋ ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքը կը մեկնաբանուի նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի ապագային տեսակէտէ։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ այս փուլին դրական պատգամներու փոխանակումը կը շարունակուի։ Երէկ, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որով ողջունեց Հայաստանի մէջ կազմակերպուած խորհրդարանական ընտրութեան խաղաղ եւ անդորր մթնոլորտի մը մէջ ընթացած ըլլալը։
«Կը մաղթենք, թէ ընտրութեան յաջորդելիք ժամանակաշրջանին Հայաստան կարողանայ աւելի համարձակ քայլեր առնել՝ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու բնականոնացման ուղղութեամբ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Ի լրումն այս բոլորին, յիշեցուած է, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ տարածաշրջանի երկիրներու համատեղ շահերու հիման վրայ, տարածաշրջանի կայունութեան եւ բարգաւաճման ուղղութեամբ բերել իր նպաստը։
Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ յայտարարեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։
Իսթանպուլի մէջ, երէկ կազմակերպուած Թուրքիա-Ատրպէյճան-Վրաստան արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպման յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հաքան Ֆիտան նշեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք է հնարաւորինս շուտ ստորագրուի՝ առանց յետաձգումներու։ Ան համոզուած է, թէ Ատրպէյճանի հիմնաւորուած մտահոգութիւնները պէտք է լուծում ստանան։
Հաքան Ֆիտան շեշտեց, որ Անգարա հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընէ՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման համար։ Իսկ կողմերու ցուցաբերած քաղաքական կամքը տարածաշրջանի համար ստեղծած է հնարաւորութիւններու յստակ պատուհան մը։ Յառաջիկայ շրջանին Թուրքիա պիտի շարունակէ Հայաստանի հետ երկխօսութիւնը՝ Ատրպէյճանի հետ համակարգմամբ։ Իր խօսքով՝ վերջին չորս տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս արձանագրուած է զգալի յառաջընթաց։
Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի եւ յառաջիկային հաւանական է նոր յառաջընթացի արձանագրումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութիւնը շարունակուած է, տեղի ունեցած են Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերագործարկման ուղղութեամբ ստեղծուած աշխատանքային խումբի հանդիպումները եւ շարք մը այլ հանդիպումներ։ «Յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս յառաջիկային հաւանական են շօշափելի արդիւնքներ։ Իմ ակնկալութիւնն ու կարծիքը այն է, որ շատ մօտաւոր ապագային մենք ինչ-որ փուլի մէջ շօշափելի յառաջընթաց կ՚ունենանք Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման առումով», ընդգծեց նախարարը։
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին նախարարը վստահութիւն յայտնեց, թէ բնականոնացման գործընթացը պիտի աւարտի իր տրամաբանական աւարտին։ «Կ՚ուզեմ վստահութիւն յայտնել, որ յառաջիկային, ըստ էութեան, ամբողջական կարգաւորում կ՚ունենանք», աւելցուց ան՝ ընդգծելով, որ երկու երկիրներու միջեւ արդէն գոյութիւն ունի ուղիղ առեւտուր։
«Միայն վերջին իրադարձութիւնը նշեմ։ Մենք այժմ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ունինք ուղիղ առեւտուր՝ մաքսային իմաստով ուղիղ, աշխարհագրականօրէն թէեւ անոնք տակաւին տեղի կ՚ունենան երրորդ երկիրներու տարածքով», դիտել տուաւ Արարատ Միրզոյեան։
Հուսկ, նախարարը ընդգծեց, որ վերջերս Կարսի մէջ կազմակերպուած թուրք եւ հայ գործարարներու հանդիպումը կարեւոր քայլ մը եղած է տնտեսական համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ եւ կրնայ ապագային նպաստել նաեւ քաղաքական գործընթացներուն։