ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէն, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը: Զրոյցի ընթացքին նախագահը շնորհաւորեց դեսպանը նշանակման համար եւ յաջողութիւններ մաղեց դիւանագիտական առաքելութեան համար: Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ առանձնայատուկ յարաբերութիւններու ապագայ խորացումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:
Նորանշանակ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան եւ բարեմաղթանքներուն համար: Ան Վահագն Խաչատուրեանին փոխանցեց Ֆրասնայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի ողջոյնները:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւան-Փարիզ ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգին, անոր արդիւնաւէտ իրականացման եւ ապագայ զարգացման հեռանկարներուն:
Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ երկկողմանի օրակարգի եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ հարցերու շուրջ: