Շաբաթ 10, Հոկտեմբեր 2026
ՔԱՐՍԸՆ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ԴԱՓՆԵԿԻՐ
2026 թուականի Նոպէլի գրական մրցանակը շնորհուեցաւ՝ Գանատայէն բանաստեղծուհի Էնն Քարսընին։ 76-ամեայ գրողը յառաջիկայ դեկտեմբերի 10-ին նախատեսուած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին պիտի ստանայ այս հեղինակաւոր պարգեւը։
Շուէտի ակադեմիան տեղեկացուց, որ Նոպէլի գրական մրցանակը այս տարի Էնն Քարսընին շնորհուած է՝ հաշուի առնելով անոր համարձակ եւ ստեղծագործ արտադրութիւնը։ Արդարեւ, Էնն Քարսըն գրական դասական աւանդութեան հետ տարուբերումներով երխօսութեան մէջ կը մնայ ու, միեւնոյն ժամանակ, արդի գրականութեան համար նոր ձեւեր կը ստեղծագործէ։
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2026