ԶԱՐԿ ՏԱԼ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻՆ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս, ինքնաբերաբար օրակարգի վրայ կու գան հաղորդակցութեան եւ բեռնափոխադրումներու բնագաւառներուն վերաբերեալ հեռանկարները։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ այս կապակցութեամբ իրերայաջորդ յայտարարութիւններ կը հնչեն։

Հաղորդակցութեան նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ շահագրգռուած մնալ Կարս-Իգդիր-Արալըք երկաթուղիով եւ մտադիր է անոր շինարարութիւնը շարունակելու։ Արդարեւ, այդ մէկը կարեւոր նշանակութիւն ունի՝ Զանգեզուրի միջանցքի շրջանակներէն ներս փոխադրութեան հաղորդակցութեան զարգացման տեսակէտէ։

Ապտուլքատիր Ուրալօղլու ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ «Թուրքիոյ դարը փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու ոլորտէն ներս» խորագրեալ հաւաքոյթի ընթացքին։ Նախարարը անդրադարձաւ երկրի երկաթուղային ցանցի զարգացման եւ այս ամբողջին մէջ առանձնապէս կանգ առաւ Կարս-Իգդիր-Արալըք երկաթուղիի հատուածէն ներս ձեռնարկուած աշխատանքներուն վրայ։

Նախարարը համոզուած է, թէ այդ գիծը ռազմավարական նշանակութիւն ունի արեւելեան ուղղութեամբ Թուրքիոյ երկաթուղային կապերու ամրապնդման տեսակէտէ։ Նախագիծը պէտք է ապահովէ Թուրքիոյ փոխադրութեան ցանցի ելքը դէպի Նախիջեւան՝ Տիլուճու սահմանային անցակէտով եւ ապագային պիտի նպաստէ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաղորդակցութեան զարգացման։

Ուրալօղլու հաւաքոյթի ընթացքին դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ այժմու երկաթուղային ցանցի երկարութիւնը հասած է մօտ 14 հազար քիլօմեթրի։ Ցանցի այժմու վիճակով 2 հազար 251 քիլօմեթրնոց հատուածը արագընթաց գնացքներու համար է։ Ուրալօղլու դիտել տուաւ, որ Թուրքիա մտադիր է շարունակել երկաթուղային ենթակառուցուածքի ընդլայնումը՝ հաշուի առնելով անոր դերակատարութիւնը տարածաշրջանային փոխադրութեան երթուղիներուն մէջ։

Մինչեւ 2053 թուականը Թուրքիա կ՚ակնկալէ երկրի երկաթուղային ցանցի ընդհանուր երկարութիւնը 28 հազար 500 քիլօմեթրի բարձրացնել։ Նախարարին խօսքով՝ այժմ նպատակ որդեգրուած է՝ երկիրը ապահովելու այնպիսի երկաթուղիով մը, որու շնորհիւ 48 ժամուան ընթացքին ամբողջ տարածքը հատելու հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2026