ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԸ 119 ՏԱՐԵԿԱՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը արդէն 119 տարեկան է… Հայ մամլոյ նահապետի բոլորած տարիներու ոսկէ շղթային վրայ այսօր կու գայ աւելնալ նոր օղակ մը։ Հպարտ ենք, անշուշտ, բայց, դժբախտաբար, ո՛չ ուրախ։ Տարեդարձի հպարտութիւնը մեզի զերծ կը պահէ լաց ու լալագին խմբագրական մը հրատարակելէ։
Ընդհանրապէս, հայ աշխարհի առկայ համայնապատկերին վրայ կը բիւրեղանայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կացութիւնը։ Հայաստանով, սփիւռքով, կառոյցներով, անհատներով ու մանաւանդ՝ նաեւ մտայնութեամբ ողբերգութեան մը մասին է խօսքը։ Գալով թրքահայութեան, որ բնօրրանն է այս թերթին, այդ ընդհանուրին մէջ ալ կ՚առանձնանայ կազմաքանդման ահագնացող երթով՝ ուղղորդուած ինքնակամ կենսունակութեան աճպարարութեամբ եւ հաւաքական ինքնախաբէութեամբ։
Մեր թերթին ճակատագիրը կարելի չէ տարանջատել հայ իրականութեան անել վիճակէն։ Ուստի, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բոլորած տարիները սկսած են սահմանել դիմադրութեան մը պատմութիւնը՝ քան մամլոյ գործունէութեան, մտաւոր արտադրութեան յարատեւութիւն։
*
Տարեդարձի օրուան տրամադրութեամբ՝ երանութեամբ կ՚ոգեկոչենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յաւէտ ողբացեալ մեծանուն հիմնադիրները՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրները։ Բի՜ւր յարգանքով կը խնկարկենք հանգուցեալ Արաքսի Գօչունեանի ազնիւ յիշատակին առջեւ։ Անհուն երախտագիտութեամբ կը վերյիշենք ողբացեալք Մարտիրոս, Մելիք եւ Արա Գօչունեան եղբայրները, որոնք երկար տասնամեակներ կայուն պահեցին այս թերթը։ Անսահման երկիւղով կը խոնարհինք անմոռանալի եւ ամենասիրելի Լիլի Գօչի բարոյական ներկայութեան առջեւ՝ վերստին արձանագրելով անոր անուրանալի ներդրումն ու վաստակը այս թերթին համար։ Մեր սրտի տրոփին մէջ են՝ Էլիզա, Սիրարփի, Մարի եւ Ալին Գօչունեան քոյրերը, որոնք անմասն չէին այս թերթի ելեւէջներէն։ Կ՚աղօթենք Գարագաշեան, Սեպուհեան, Մանուկեան, Պօղոսեան, Գալփաքճեան, Էպէօղլու, Սարաֆեան եւ Երէցեան գերդաստանաց մեզմէ անդարձ բաժնուած անդամներուն համար։ Մեր խոհերուն մէջ են թերթիս անցեալի բոլոր խմբագիրները, սիւնակագիրները, աշխատակիցները, լուսանկարիչ կամ գծանկարիչները, գրաշարները, էջադրողները, ամէն տեսակի թեքնիք պատասխանատուները, մեքենավարները, ցրուիչները, վարչային սպասաւորները, որոնք իրենց մտքին փայլով, բազուկին ուժով, աչքին լոյսով անխնայօրէն ու ազնուութեամբ վաստակ ներդրեցին այս թերթին համար։ Առանձնապէս պարտականութիւն կը համարենք մեր հանգուցեալ ընթերցողներուն ոգեկոչումը, որովհետեւ անոնց հաւատարմութիւնը եղած էր այն անխախտ վէմը, որ ապահովեց այս թերթին անխափան գոյութիւնը՝ արդէն 118 տարիէ ի վեր։
Խոր երախտագիտութիւն կը յայտնենք թերթիս սիրեցեալ ու հաւատարիմ ընթերցողներուն, որոնք հայ մամլոյ նահապետին միակ ապաւէնն ու յենարանը կը հանդիսանան՝ հետեւելով մեր տպագիր տարբերակին, կայքէջին եւ ընկերային ցանցերու հաշիւներուն։ Կը վերահաստատենք անոնց նկատմամբ մեր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը։
*
Ուրեմն, ԺԱՄԱՆԱԿ 119 տարեկան, պարզապէս եւ այսքան…