ՈՒԹ ՎԱՅՐԿԵԱՆ
…Թէյսիրը երբ վերելակին դուռը գոցեց, պրն. Ալին կռնակը դարձուց եւ փողոց ելաւ: «Թէյսիրը զօրաւոր տղայ մըն է… Գործը իրեն համար սովորական բան մըն է»: Գլուխը վեր բարձրացուց, սակայն, ոչ մէկ բանէ վստահ էր, շա՜տ յոգնած էր…: Սկսաւ յարկերը հաշուել մինչեւ որ իր նայուածքը կեդրոնացաւ իններորդ յարկին… «Պատշգամս այդտեղ է, պէտք էր զայն գիտնայի իմ կանաչ սրբիչէս, որ թելին վրայ կախուած էր…»: Թէյսիրը տակաւին չէր հասած եւ յիշեց, թէ այս շէնքի վերելակը ամօթալիօրէն դանդաղ էր, սակայն, դադրեցաւ այդ մտածումէն ու սկսաւ պատկերացնել, թէ ինչպէս կը պատահին դէպքերը ակամայ…: Անգամ մը վերելակը կը սպասէր երբ զգաց, թէ մարդ մը կանգնած էր ետեւը, դարձեաւ, իր դրացուհին եւս կանգնած ու կը սպասէր վերելակին… Ասիկա առաջին անգամն էր, որ կը հանդիպէին… Վերելակը հասաւ, դուռը բացաւ անոր եւ անկէ ետք ինքն ալ մտաւ. «Պէտք է բառ մը ըսեմ, պէտք է զրոյց մը սկսիմ…»: Կարմիր լոյսը կը յուշէր, թէ վերելակը երրորդ յարկ հասած է եւ մտածեց, թէ պէտք է յարմար բառ մը գտնէ, որպէսզի ժամանակ չկորսուի…, եւ ի վերջոյ, գտաւ զայն.
-Կեանքիս մէջ տեսածս ամենէն դանդաղ վերելակն է:
Նայեցաւ անոր եւ կարծէք անոր աչքերը յղի էին փոքրիկ ժպիտով մը: Ապա գլուխը շարժեց.
-Իսկապէս:
-Գիտե՞ս. կը կարծէի, որ իմ անախորժ ըլլալս է պատճառը, վերելակին դանդաղ ըլլալուն…, իսկ հիմա…
Խնդաց, նշան ըրաւ իրեն, ինք եւս խնդաց եւ հանգիստ ձգեց աչքերուն վրայ եղած թարթիչները ու լռեց… Վերելակը կանգնեցաւ… Դուռը բացուեցաւ, գլուխը շարժեց թեթեւ բարեւի մը ձեւով: Նախքան վերելակէն դուրս գալը լսեց անոր հանգիստ ձայնը.
-Կը խնդրեմ, որ մոռնաս անախորժի պատմութիւնը…:
Երբ դարձաւ, տեսաւ որ ան կը ժպտար, ապա դուռը փակուեցաւ, վերելակը բարձրացաւ… է՜հ, լաւ առիթ մըն էր… այդ օրը, հեռաձայնեց անոր, պատճառաբանելով, թէ ուրիշ յարկաբաժին մըն ալ կ՚ուզէ… Խօսակցութեան ընթացքին նոր հանգրուան մըն ալ անցաւ… եւ կէսօրին կանչեց Թէյսիրը ու խնդրեց անկէ, որպէսզի իրեն համար նարինջ եւ պանան գնէ…, ապա անոր հինգ ոսկի տուաւ, որպէսզի ապահով ըլլայ անոր կողմէ, եթէ յանկարծ բան մը նկատած ըլլար իր եւ իր դրացուհիին միջեւ…:
Գլուխը վեր բարձրացուց եւ պահ մը փնտռեց կանաչ սրբիչը… Թէյսիրը տակաւին չէր հասած… Գլուխը ա՛լ աւելի բարձրացուց՝ տասներորդ յարկ, որով տեսաւ զինք այնտեղ կանգնած… Ան սպիտակ վերնաշապիկ մը հագուած էր՝ կաթի գոյնի, իսկ ձեռքերով կռթնած էր կապոյտ երկաթէ արգելիքին՝ գլուխը ափերուն մէջ, եւ՝ առանց կասկածի, իրեն կը նայէր…:
Ձեռքը գլուխին մօտ բարձրացուց, եւ ան ալ պատասխանեց իր բարեւին…, շտկուեցաւ…: Լաւ կին մըն է, առաջին հանդիպումէն իսկ ամէն ինչ իր տեղը դրած էր…: Օր մը ըսած էր անոր.
-Այն ինչ որ ես քեզմէ կ՚ուզեմ, նոյնը դուն ինձմէ կ՚ուզես, հետեւաբար մեծ պատմութեան մի՛ վերածեր զայն…:
Թէյսիրը հասաւ եւ կապոյտ արգելքին վրայ երեւցաւ. բաճկոնը հանեց, ծռեցաւ, որպէսզի կօշիկները հանէ, երբ կինը վերէն նշան ըրաւ իրեն, հարցնելով, թէ ի՞նչ կը կատարուի, եւ ինք նշաններով սկսաւ բացատրել անոր իրողութիւնը, թէ ինչո՞ւ Թէյսիրը վերն է, իսկ ինք վարը կեցած էր…:
«Իսկ եթէ յանկարծ Թէյսիրը ինկաւ», յանկարծ այս հարցումը հարցուց ինքնիրեն, եւ ապա դաժանութեամբ հեռացուց այդ հարցումը իրմէ… Զօրաւոր տղայ մըն է, ո՜վ գիտէ, թերեւս ասիկա առաջին անգամը չէր, որ պատշգամէ մը ուրիշ պատշգամ կը ցատկէր…:
Եթէ իյնայ, ապա ինծի գործ կը բանայ եւ արձակուրդս իրար կ’անցընէ… կրկին անգամ այդ մտածումը չհաւնեցաւ ու ցած ձայնոց մը ըսաւ.
-Անշուշտ որ վարնոցին մէկն եմ… արձակուրդ կը համեմատեմ մարդու մը մահուան հետ:
Այդ բոլորով հանդերձ, կը զգար, թէ չէր ուզեր, որ արձակուրդը կորսնցնէր, եւ թէ անոր այնտեղ ըլլալը, քնացած՝ մանիշակագոյն բոժոժին մէջ, որուն կարելի չէ դպնալ, իրողութիւն մըն է, որ իր մարմինի ծայրերուն ուրախութիւն մը կը ներարկէ, որ կարելի չէ նկարագրել: Թէյսիրը գրեթէ արգելքը անցնելու վրայ էր եւ նկատեց, որ ան դանդաղօրէն կը սահի՝ ձեռք մը պարապութեան մէջ, միւս ձեռքը պատին փակած, ապա մարմինը կը դարձնէր դանդաղ, զգուշաւոր. եւ հարցը կարծես կը լրանար, եթէ աջ ոտքը սկսէր շարժիլ. այդ պահուն Թէյսիրին վիզը դարձաւ եւ պրն. Ալին կարծեց, թէ իրեն կը նայի եւ ուզեց ձեռքը բարձրացնել բարեւելու համար անոր, սակայն, նոյն վայրկեանին տեսաւ, որ ճերմակ թուղթի կտոր մը ալիքաւոր ձեւով, դանդաղ ու հաճոյքով կ՚իջնէր Թէյսիրին առջեւէն, փոքրիկ թեւի մը նման օրօրուելով. ապա նկատեց, որ իր դրացին իրեն նշան կ՚ընէ, հասկցնելով, որ ատիկա իրենց ուղղուած նամակ մըն է:
***
Պրն. Ալին ոգեւորութեամբ կարդաց նամակը, ապա ուղղուեցաւ դէպի վերելակը. Թէյսիրը այդ պահուն արդէն ինքն իր վրայ դարձած էր եւ մնացած միջոցն ալ անցած էր՝ համարձակ ցատկով մը, որու արդիւնքին իջած էր պրն. Ալիին պատշգամը. պահ մը կանգնեցաւ, խոր շունչ քաշեց, աղի քրիտինքի կաթիլներ կը թրջէին շրթունքները եւ ափերն ալ քրտինքէն թրջած էին. խոր շունչ մը քաշեց դարձեալ. փոքրիկ ցա մը -ասեղի մը նման- կը գրգռէր ոտքին մատները. պատշգամին դուռը հրեց. իր գլուխը դատարկ էր ամէն ինչէ, իսկ կուրծքին մէջ ջերմ փափաք մը կար առանց արցունքներու լալու. պահ մը իրեն այնպէս թուեցաւ, թէ ծովէն կու գայ, ամբողջ օր մը լողալէ ետք:
Ձեռքը դրան բռնակին դրաւ…, ապա քաշեց զայն ու տեսաւ, թէ պրն. Ալին իր դիմաց կանգնած է:
-Կը շնորհաւորեմ քեզ, Թէյսիր…, լաւ աշխատանք էր…:
Թէյսիրը փորձեց խօսիլ, սակայն բամպակի ձէթին համը տակաւին կոկորդին մէջ էր…, որով գլուխը շարժեց ու ժպտաց:
-Թէյսիր, ահաւասիկ քսանհինգ ոսկի…, կ՚ուզեմ, որ ինծի պզտիկ շիշ մը ուիսքի գնես, քիչ մը միրգեր, իսկ մնացածը պահես քեզի:
Թէյսիրը դարձեալ ժպտաց, իր միտքին մէջ արագօրէն հաշուեց, թէ ինչքան պիտի մնար իրեն. «Մօտաւորապէս տասը ոսկի պիտի մնայ ինծի»: Սակայն, զզուանք զգաց…, եւ չգիտցաւ, թէ ինչո՞ւ ուզեց իր կռնակը դարձնել եւ արագօրէն հեռանալ այդտեղէն:
-Դէմքդ այդպէս մի՛ մռայլեցնէր… երբ ուիսքին ու միրգերը բերես, անմիջապէս տար զանոնք վեր՝ տասներորդ յարկ:
Ուրախութեամբ աչք ըրաւ անոր, դրան սեմին կանգնած էր, իսկ Թէյսիրը առանց մտածելու կը նայէր քսանհինգ ոսկի դրամին, որ իր ափերուն մէջ էր…, ապա նայեցաւ իր ժամացոյցին, պարզապէս որովհետեւ չէր գիտեր, թէ ինչ պէտք էր ընէր. ժամը ճիշդ երկուքը քառորդ կ՚անցնէր, դարձեալ պրն. Ալիի դէմքին նայեցաւ, որ կը խնդար իրեն նայելով. ապա ձեռք երկարեց, դրան ծայրը բռնեց, հրեց զայն, որ փակուեցաւ չոր բարձր ձայն մը հանելով: Պրն. Ալին մատներուն մէջ եղող թուղթը ճմռթկեց եւ երկու աստիճան մէկ անգամէն ցատկեց, անգամ մը եւս աչք ըրաւ Թէյսիրին, իր մատներուն մէջ եղած ճմռթկած թուղթը այս անգամ նետելով:
Թուղթը Թէյսրիրի ոտքերուն տակ գլորեցաւ, մինչ անոր գլուխին մէջ կը դառնար պրն. Ալիի յարկաբաժինի դրան ձայնը… գոցուած ժամանակ:
(«12-րդ անկողինին մահը»)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 2 եւ վերջ
Վաղարշապատ