ՎԵՑ ԱՐԾԻՒՆԵՐ ԵՒ ԵՐԵԽԱՅ ՄԸ
Երբ այդ օրը վերադարձայ, ինքնաշարժին մէջ առանձին էին…, սակայն, վարորդը հանգիստ չձգեց զիս…, ժայռը ցոյց տուաւ եւ ինքնաշարժի շարժիչի հանած ձայնին մէջէն գոռալով ըսաւ.
-Բազմաթիւ պատմութիւններ կը պատմեն արծիւի մը մասին, որ այս ժայռին վրայ կը կանգնէր, սակայն, առասպելով առասպել է… Արծիւը այստեղ կը կանգնէր, որովհետեւ անոր բոյնը այստեղ էր…, ապա իր տեղը փոխեց…:
Քիչ մը ծռեցայ՝ որպէսզի լաւ լսէ եւ պոռալով հարցուցի.
-Ինչո՞ւ:
-Այն օրերուն, երբ այստեղ կը կանգնէր, այս գիծին վրայ մէկ ընկերոջ հետ կ՚աշխատէի միայն, ճամբան չէին անհանգստացներ մեր անցնիլ-դառնալով…, սակայն, ուրիշ շատ մը ինքնաշարժներ գիծ մտան…, անոնցմէ շատերը հեղուկ քարիւղով կ՚աշխատին, հեղուկ քարիւղին ծուխը անհանգստացնող է, աղմուկը ա՛լ աւելի անհանգստացնող է, ժայռը այլեւս յարմար չէր, որով իր բոյնով դէպի լեռ փախաւ…
Որոշ ժամանակ մը անցաւ, թերեւս շաբաթ մը, յանկարծակի հիւանդութեան մը պատճառով չճամբորդեցի, իսկ երբ ի վիճակի եղայ վերադառնալու աշխատանքիս, ինքնաշարժին մէջ կար պաշտօնակիցներէս մէկը, որու ամենէն լաւ կէտը այն էր, որ չէր խօսեր…: Գիւղերու մէջ տակաւին նոր սկսած էր աշխատելու, որով ճամբան լռութեամբ անցանք եւ ես ուրախացայ, որ այդպէս եղաւ… Սակայն, երբ ժայռին մօտէն անցանք, մշտեցի զինք…, ձանձրացած էի լռութենէն, որով արգելք չէի տեսներ խօսելէն.
-Նայէ՛…, ապագային այս ժայռին մասին բազմաթիւ պատմութիւններ պիտի լսես…, պատմութիւններ, որոնք արծիւի մը կը վերաբերին…:
-Արծի՞ւ:
-Այո՛…:
Լռեց, ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ դարձեալ պիտի քնանար…, որով դարձեալ սկսայ խօսիլ.
-Կը կարծեմ, թէ արծիւը փոքր էր… Ամէն օր այստեղ կու գար եւ մինչեւ իրիկուն կը մնար…, որովհետեւ, իր փոքրիկ թեւերը անկարող էին զինք աւելի բարձր ժայռի մը տանելու…, եւ երբ քիչ մը մեծցաւ, աւելի բարձր տեղ մը գտաւ…:
Պաշտօնակիցս գլուխը շարժեց եւ ինծի այնպէս թուեցաւ, որ չէր փափաքեր խօսիլ, որով դարձեալ քնացաւ…:
Վերադարձին, հին պաշտօնակից մը ընկերացաւ ճամբորդութեան… Այդ ամբողջ ժամանակահատուածին այդ ժայռը այդ ճամբուն կարեւոր խորհրդանշաններէն մէկն էր, ինչպէս նաեւ խօսակցութիւններու առիթ… Երբ այդտեղէն կ՚անցնէինք՝ պաշտօնակիցս թեքուեցայ ու հարցուցի անոր.
-Այդ ժայռին մասին որեւէ մէկ բան գիտե՞ս:
-Ես անոր ժամանակակից եմ…:
-Ինչպէ՞ս:
-Հին աշխատանքէս քաղաքական գործունէութեանս պատճառով վռնտուելէս ի վեր՝ այստեղ աշխատած եմ…, ատոր համար արծիւին բոլոր պատմութիւնները գիտեմ:
-Կարծիքովդ, ատոնցմէ ո՞ր մէկը ճիշդ է:
Իր նստարանին վրայ երկարեցաւ…, թեթեւացածօրէն դէպի պատուհանը նայեցաւ.
-Արծիւը, այստեղ կու գար, որովհետեւ կ՚ուզէր այստեղ գալ…, այստեղ ո՛չ մէկ հանելուկ կայ… Ինչո՞ւ համար թիթեռնիկ մը ծաղիկի մը վրայ կը թառի եւ ո՛չ թէ ուրիշ ծաղիկի մը վրայ: Նոյն պատմութիւնն է…, կու գար, որպէսզի կանգնէր…, ապա հանդարտութեամբ իր բոյնը կը վերադառնար…:
-Սակայն, կ՚ըսեն, թէ ան մեռած է…:
-Այո՛, սպաննուած է…:
Մատը երկարեց եւ ցոյց տուաւ սպիտակ հիւղակ մը, որ ժայռէն մի քանի տասնեակ մեթր հեռու էր:
-Նախքան ոստիկանութիւնը իր այդ կեդրոնը կառուցելը, արծիւը ամէն օր կու գար. այդ կէտը կառուցելէ ետքն ալ արծիւը շարունակեց գալ, սակայն, ոստիկաններէն մէկը օր մը իր ատրճանակով սպաննեց զայն, որովհետեւ, ինչպէս ըսաւ, անոր ձայնն ու ճիչը նեղութիւն պատճառած են իրեն:
-Փամփուշտը դպա՞ծ է անոր:
Դանդաղօրէն գլուխը շարժեց եւ շարունակեց նայիլ ոստիկանատան, ապա փսփսաց.
-Դպած էր անոր, բայց չէր սպաննած զայն… Փորձած է թըռչիլ, սակայն, չէ յաջողած դէպի վեր թռչիլ, որով ձոր ինկած է:
Ձմեռ եկաւ եւ ինքնաշարժները իրենց ճամբան փոխեցին ուրիշ ճամբայով մը, ուր ձիւն չկար… Ամբողջ ձմրան ընթացքին ժայռին ու արծիւին պատմութիւնը չլսեցի, մինչեւ որ գարուն եկաւ եւ ինքնաշարժները դարձեալ սկսան հին ճամբայով աշխատիլ:
Չեմ գիտեր…, ժայռը մոռնալուս պատճառը այն էր, որ այլեւս անոր մասին չէին խօսեր, թէ՝ որովհետեւ գարնան ճամբան սքանչելի տեսք մը կ՚ունենայ՝ ամբողջական ուշադրութիւն գրաւելով… Ինչ որ է…: Բազմաթիւ օրեր անցան եւ օր մը ինքնաշարժի պատուհանէն նայեցայ, որով պատահակնօրէն այդ ժայռը տեսայ եւ անոր վրայ տեսայ մեծ արծիւ մը՝ իր մեծ մոխրագոյն թեւերով, յուշարձանի մը նման կանգնած էր ու դէպի ճամբան կը նայէր…
-Արծիւը վերադարձած է…
Այդ ըսի այնպիսի առոգանութեամբ մը, որ իր մէջ մեծ լուր մը կը պարունակէ, միաժամանակ ուսը մշտելով կողքս նստողին, որ պատանի մըն էր, գլուխս նշան ընելով անոր դէպի ժայռը…
-Ո՞ր արծիւը:
Պատանին անմեղութեամբ հարցուց, նայելով նշան ըրած տեղս… Մատս երկարեցի պատուհանէն դուրս, անոր ուշադրութիւնը կրկին անգամ գրաւելով…
-Ատիկա, որ այդ ժայռին վրայ կանգնած է… Չե՞ս գիտեր ատոր պատմութիւնը:
-Այդ ժա՞յռը:
-Այո՛…:
Անլրջութեամբ ծիծաղեցաւ դէմքիս նայելով. գլուխս շարժեցի առանց դադրելու ցոյց տալ ժայռը, մինչ այդ պատանին ուշադրութեամբ դէմքիս կը նայէր, նախքան դադանղօրէն ըսելը.
-Ատիկա արծիւ չէ…, լա՛ւ նայէ…, թութի վայրի թուփ մըն է, որ ամէն գարնան այդ ժայռին ետեւը կը բուսնի եւ ամրան կը թառամի կամ ալ նապաստակները նախքան թառամիլը կ՚ուտեն զայն…:
Լաւապէս նայեցայ… եւ ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ պատանին արդարացի էր… Սակայն եւ այնպէս, չփափաքեցայ ընդունիլ ու կասկածելով հարցուցի.
-Վստա՞հ ես:
Դարձեալ ժպտեցաւ, հաճոյք ստանալով, որ տգէտ ուսուցիչ մը տեսած է եւ հաստատեց իր ըսածը իր ափերը պարզելով.
-Երթ թութը կը հասուննայ, ընկերներուս հետ կու գանք, որպէսզի գողնանք զայն… շա՜տ համով է:
(«12-րդ անկողինին մահը»)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 2 եւ վերջ
Վաղարշապատ