ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՔԱՐՏԷՍԸ ԿԸ ՎԵՐԱՁԵՒԱՒՈՐՈՒԻ Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐՈՎ, ԱՅԼԵՒ՝ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՈՒ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆՈՐ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

Թուրքիա-Իրաք մերձեցումը կու գայ ի յայտ բերելու, թէ նաւթը միշտ ուժի եւ ազդեցութեան գործիք մըն է: Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհաքաղաքական քարտէսը այսօր կը վերաձեւաւորուի ո՛չ միայն պատերազմներու, այլեւ տնտեսական եւ ռազմավարական նոր համագործակցութիւններու միջոցով։ Այն ինչ առաջին հայեացքով կը թուի ուժանիւթի, առեւտուրի կամ ենթակառուցուածքներու շուրջ սովորական համաձայնութիւն՝ շատ յաճախ կը ծածկէ տարածաշրջանային ուժերու նոր դասաւորումներ եւ ազդեցութեան նոր մրցակցութիւններ։ 

Այս ծիրին մէջ, Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ վերջին շրջանին արձանագրուած զարգացումները կը գերազանցեն երկկողմանի յարաբերութիւններու սահմանները։ Անգարայի մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Իրաքի վարչապետ Ալի Զէյտիի հանդիպումը նոր էջ մը բացաւ երկու երկիրներու համագործակցութեան մէջ։ Նաւթատար խողովակաշարերէն մինչեւ ելեկտրականութիւն, անվտանգութենէն մինչեւ «Զարգացման ճանապարհ» տնտեսական միջանցքը՝ երկու մայրաքաղաքները կը փորձեն փոխադարձ շահերու վրայ կառուցել աւելի խոր եւ երկարաժամկէտ գործընկերութիւն։ 

Այս մերձեցումը տեղի կ՚ունենայ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Հիւրմիւզի նեղուցին շուրջ անորոշութիւնը, տարածաշրջանային հակամարտութիւնները եւ համաշխարհային ուժանիւթային շուկաներու վերադասաւորումը նոր ընտրանքներ կը պարտադրեն բոլոր դերակատարներուն։ Թուրքիա կը ձգտի ամրապնդել իր դիրքը՝ որպէս տարածաշրջանային տարանցիկ եւ ուժանիւթային հանգոյց, իսկ Իրաք կը փնտռէ իր տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական շարժունակութիւնը ընդարձակելու ուղիներ։ Սակայն, այս պատմութիւնը միայն տնտեսութեան կամ ուժանիւթի մասին չէ։ Ան նաեւ ազդեցութեան, անվտանգութեան եւ նոր տարածաշրջանային առանցքներու ձեւաւորման մասին է։ Այդ իսկ պատճառով, Թուրքիա-Իրաք ներկայ մերձեցումը արժանի է դիտուելու՝ որպէս Մերձաւոր Արեւելքի փոփոխեալ աշխարհաքաղաքական իրականութեան կարեւոր ազդանշաններէն մէկը։ 

Այս նոր մօտեցման ամենէն տեսանելի արտայայտութիւնը ուժանիւթի ոլորտին մէջ եղաւ։ Անգարա եւ Պաղտատ մէկ տարուան համաձայնագիր ստորագրեցին Իրաք-Թուրքիա նաւթատար խողովակաշարի օգտագործման շուրջ՝ մինչ կը շարունակուին երկարաժամկէտ նոր համաձայնութեան բանակցութիւնները։ Համաձայնութիւնը կը նախատեսէ օրական 750 հազար տակառ նաւթի փոխադրութիւն դէպի Ճէյհանի նաւահանգիստը, որ այսօր կը դիտարկուի՝ որպէս Միջերկրականի կարեւորագոյն ուժանիւթային հանգոյցներէն մէկը։ Անգարա, սակայն, չի՛ բաւարարուիր միայն տարանցիկ երկրի իր դերակատարութեամբ։ Թուրքիոյ պետական նաւթային ընկերութեան՝ Իրաքի Քերքիւքի նաւթահանքերուն մէջ ներդրում կատարելու ծրագիրը եւ Իրաքի կողմէ օրական մինչեւ մէկ միլիոն տակառ նաւթի մատակարարման պատրաստակամութիւնը կը վկայեն, թէ երկու երկիրները կը ձգտին երկարաժամկէտ փոխկապակցուածութեան։ 

Կասկածէ վեր է, անշուշտ, որ ուժանիւթի այս համագործակցութիւնը կը գերազանցէ նաւթի սահմանները։ Նոյն օրերուն Իրաք վերըսկսաւ 600 մեկաուաթ ելեկտրականութեան ներմուծումը՝ երկու երկիրներուն միջեւ ելեկտրական կապի գիծի վերագործարկումէն ետք։ Թէեւ կողմերը տակաւին կը բանակցին վճարումներու ձեւաչափին շուրջ, սակայն, փաստը այն է, որ Թուրքիա արդէն կը դառնայ ո՛չ միայն Իրաքի նաւթի արտահանման հիմնական ուղին, այլեւ այդ երկրի ուժանիւթային անվտանգութեան կարեւոր օղակներէն մին։ 

Այս զարգացումները պատահական ժամանակաշրջանի մը չեն համընկնիր։ Քերքիւք-Ճէյհան նաւթամուղի 1975-ի համաձայնագրի ժամկէտի աւարտը, Հիւրմիւզի նեղուցին շուրջ առկայ անորոշութիւնը, Իրան-Իսրայէլ դիմակայութեան հետեւանքները եւ Եւրոպայի ուժանիւթի նոր աղբիւրներ որոնելու քաղաքականութիւնը ամբողջութեամբ փոխած են տարածաշրջանի հաշուարկները։ Այս պայմաններուն մէջ, Թուրքիա կը ձգտի ամրապնդել իր դիրքը՝ որպէս ուժանիւթի տարանցման գլխաւոր հանգոյց, իսկ Իրաք կը փորձէ «ազատիլ» Պարսից ծոցէն իր գրեթէ ամբողջական կախուածութենէն։ Սակայն, տնտեսական շահերը պատկերին միայն մէկ երեսակն են։ 

Անվտանգութիւնը այսօր նոյնքան կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ թուրք-իրաքեան երկխօսութեան մէջ։ Թուրքիա կը շարունակէ առաջնահերթ համարել Իրաքի հիւսիսային հատուածի ՓՔՔ-ի հարցը եւ կը ձգտի, որ Պաղտատ աւելի աշխոյժ դեր ստանձնէ այդ ուղղութեամբ։ Այսպէսով, նոյն ռազմավարական օրակարգին մէջ աստիճանաբար կը միաւորուին անվտանգութեան, ուժանիւթի եւ տնտեսութեան հարցերը։ Այս ամբողջին վրայ կ՚աւելնայ նաեւ «Զարգացման ճանապարհ» հսկայ ծրագիրը, որ Պասրայի նաւահանգիստը պիտի կապէ Թուրքիոյ եւ անկէ ալ՝ Եւրոպայի հետ։ Եթէ ծրագիրը ամբողջութեամբ իրականանայ, ապա անիկա կրնայ վերաձեւել Մերձաւոր Արեւելքի առեւտրական քարտէսը եւ Թուրքիա-Իրաք առանցքը վերածել՝ Ասիան ու Եւրոպան իրար կապող նոր տնտեսական միջանցքի մը։ 

Այսօրուան պատկերին վրայ ակնյայտ է, որ Անգարա եւ Պաղտատ այլեւս միայն երկկողմանի յարաբերութիւններ չեն կարգաւորեր։ Անոնք կը փորձեն կառուցել փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած նոր ռազմավարական գործընկերութիւն մը, ուր նաւթը, ելեկտրականութիւնը, անվտանգութիւնը եւ ենթակառոյցները կը ծառայեն նոյն քաղաքական նպատակին։ Հետեւաբար, վերջին համաձայնութիւնները պէտք չէ դիտել՝ որպէս առանձին տնտեսական գործարքներ։ Անոնք կը կազմեն ամբողջ մը, որ կրնայ յառաջիկայ տարիներուն ձեւաւորել ո՛չ միայն Թուրքիա-Իրաք յարաբերութիւններու ապագան, այլեւ Մերձաւոր Արեւելքի ուժանիւթային եւ աշխարհաքաղաքական նոր հաւասարակշռութիւնը։ 

Անվտանգութենէն դէպի ռազմավարական դաշինք… Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ արձանագրուած այս նոր մերձեցումը կը վկայէ, թէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տնտեսական համագործակցութիւնը այլեւս չի սահմանափակուիր առեւտրական կամ ուժանիւթային հաշուարկներով։ Այս գործակցութիւնը աստիճանաբար պիտի վերածուի աշխարհաքաղաքական գործօնի մը, որուն շնորհիւ նշեալ երկու հարեւան պետութիւնները պիտի փորձեն ամրապնդել իրենց դիրքերը՝ տարածաշրջանային փոփոխեալ միջավայրին մէջ։ 

Անգարայի եւ Պաղտատի համագործակցութեան խորացումը կրնայ զգալի ազդեցութիւն ունենալ ո՛չ միայն երկու երկիրներուն, այլ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ։ Եթէ ներկայ նախաձեռնութիւնները շարունակական բնոյթ ստանան, ապա Թուրքիան աւելի եւս պիտի ամրապնդէ իր դիրքը՝ որպէս Եւրոպան, Մերձաւոր Արեւելքն ու Ասիան կապող ուժանիւթային եւ փոխադրական առանցք, իսկ Իրաք պիտի փորձէ ընդարձակել իր տըն-տեսական եւ ռազմավարական ընտրանքները՝ նուազեցնելով իր կախուածութիւնը աւանդական ուղիներէն։ 

Յամենայնդէպս, այս գործընթացին յաջողութիւնը կախեալ պիտի մնայ բազմաթիւ գործօններէ. ինչպէս՝ Իրաքի ներքին քաղաքական կայունութիւն, անվտանգութեան մարտահրաւէրներու յաղթահարում, տարածաշրջանային մրցակցութիւններու եւ միջազգային դերակատարներու ազդեցութիւն։ Ուստի, այս օրերուն ստորագրուած համաձայնութիւնները ո՛չ թէ վերջնական հանգրուան են, այլ աւելի մեծ վերադասաւորման մը սկիզբը. բան մը, որուն իրական հետեւանքները պիտի չափուին յառաջիկայ տարիներուն՝ Մերձաւոր Արեւելքի նոր ուժային հաւասարակշռութեան ձեւաւորման ընթացքին։ 

Տարիներ շարունակ Թուրքիոյ եւ Իրաքի յարաբերութիւններուն առանցքը գրեթէ բացառապէս անվտանգութիւնն էր։ Անգարան Պաղտատին կը մօտենար նախ եւ առաջ ՓՔՔ-ի սպառնալիքին դիտանկիւնէն՝ Իրաքի հիւսիսին իր զինուորական ներկայութիւնը եւ սահմանային գործողութիւնները հիմնաւորելով այդ օրակարգով։ Սակայն, այսօր այդ պատկերը զգալիօրէն կը փոխուի։ Ալի Զէյտիի Անգարա կատարած այցելութիւնը, զոր նախագահ Էրտողան «պատմական» որակեց, շատ աւելին է՝ քան նաւթի, խողովակաշարերու կամ տնտեսական համաձայնութիւններու շուրջ ձեռք բերուած փոխըմբռնումը։ Անիկա կը խորհրդանշէ Թուրքիոյ փորձը՝ Իրաքի հետ կառուցելու աւելի լայն ռազմավարական գործընկերութիւն մը, ուր անվտանգութիւնը կը միախառնուի ուժանիւթին, առեւտուրին, ենթակառոյցներուն եւ տարածաշրջանային ազդեցութեան նոր հաշուարկներուն։

Այս նոր մերձեցումը, սակայն, բոլորին համար նոյնքան յուսադրիչ չէ։ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան մօտ մտահոգութիւն յառաջացած է, որ Անգարա-Պաղտատ յարաբերութիւններու խորացումը կրնայ աստիճանաբար սահմանափակել Էրպիլի քաղաքական եւ տնտեսական դերակատարութիւնը։ Այդ մտավախութիւնը աւելի կը խորանայ այն պայմաններուն մէջ, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Թոմ Պարաքի միջնորդական ջանքերը եւս կը մեկնաբանուին՝ որպէս Պաղտատի դիրքերու ամրապնդման աջակցութիւն։

Այս առումով, Թուրքիա-Իրաք ներկայ մերձեցումը պէտք չէ դիտել միայն՝ որպէս ուժանիւթային կամ տնտեսական պատմութիւն։ Անիկա նաեւ իշխանութեան, ազդեցութեան եւ տարածաշրջանային նոր հաւասարակշռութիւններու վերաձեւաւորման պատմութիւնն է, ուր խողովակաշարերը երբեմն աւելի շատ կը խօսին քաղաքականութեան մասին՝ քան նաւթը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026