ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՆՆԵՐ -ՅԱՒԵՐԺԻ ԸՆԹԱՑԻԿ ԱՊՐՈՒՄԸ-

Եւ եկաւ կեանքը մեզ ալ ապրեցնելով։ Այս է ասացուածքը բոլորիս. ապրիլ ըլլալով, ամենակալ, ամենակերտ ու յաւերժական ձեւով նոյն այս պարզ, պատահական ու ակամայ ըլլալովը, ինչ որ կը փոխանցուի մեզի անժամականութեամբ մը յարահոս:

 Առի հոգիս ու եկայ,

 հոս եմ ես,

 եղայ ես ինձմով,

 կատարեցի առաքելութիւն ինքնածին։

Այսպէս կը թիւրացնենք մենք մեր գաղտնահոսումն ու տեսակաւորումը, ապաւինելով կեանքագործման մը ու ըլլալու գերակայութիւնը ցնծացնելով ոչնչութեան հանդէպ: Բարձրագոյն պարգեւներէն է վերստեղծումը, որ կ՚ապրեցնէ մեզ ահռելիօրէն։ Մենք մեզ ստեղծելու չափ կ՚ապրինք ու մեր կեանքին կառչածութիւնը այդ վերստեղծումով կը սլանայ: Զարմանալի չէ, որ մենք իրարու հետ կը յայտնաբերենք զիրար, քանի բոլորս ալ վերստեղծող ենք մենք մեզ տեւաբար ու այդ կոչումէ զատ, նաեւ էութիւն է ու ոգեղինութիւն:

Ծնիլ ոչնչութենէ մը, որը մերը չէր ու այլեւս երբեք մերը պիտի չըլլայ, ծնիլ ու համապարփակ ոչնչութեան հարցը խոյացնել ու նիւթականացմամբ մը աւելի առեղծուածեցնել. ծնիլ մահուան ժամանակը սպառելու անձնական ու համամարդկային աւետացումով մը:

Մենք կանք հիմա ու քանի ես ու բոլոր մարդիկ, որ կ՚ապրինք այս վայրկեանին, ինքնին ներկայացուցիչն ենք ամէն ինչին ու բոլոր ապրած ու հեռացած մարդութեան ու կենդանիներուն եւ այլն:

Ապրելու հումքն ու սլացքը յաւերժատենչ է ու հոն է նոյնինքն իր տառապուածութիւնը, իսկ աւելի մեծ առաքելութիւն չկայ՝ քան յաւերժի կերտումը։ Յաւերժի կերտում են մեր ամենաստեղծագործ ու վեհ պահերը, մեր քաղաքակրթութեան ոգին, յաւերժն է մեր անհատական ու հաւաքական փրկուածութեան գրաւականը՝ թէեւ գիտենք, որ պիտի չիրականանայ այդ մէկը: 

Այս օրն ալ անցաւ իր յաւերժով եւ ես յոգնած կ՚երեւիմ մեծ հոսքէն ու կրնայ ըլլալ հաճոյք չառնեմ աւելի մտածելով մարդկութեան ողբերգականութեան մասին, բայց վաղը դեռ կամ ու կայ կամքս յաւերժահոս ու անեղծ, կայ մարդկութիւնը իր ամենաժամանցութեամբ մը - վանող անցողիկն ու ստեղծող նորը, կան քաղաքները նորածնութեամբ տոկուն ու կայ հաւատքը տիեզերքի մը հասկցման, որ տաքուկ է ու շողուն:

Ձգտելիութիւն դուն կաս մեր մէջ իբրեւ արիւն, 

իբրեւ կարողականութիւն, իբրեւ տեղ մը բարիք,

տալու ու բացուելու, հասկնալու մենք մեզ ու հասկցուելու,

յաւերժաբար առեղծուածները անհունօրէն վայելել փորձելով կամ ձօնելով մենք մեզ կեանքակերտումներ սրբագին ու վառ:

Ե՞րբ եւ ո՞ւր աւելի ուրախ ենք, ե՞րբ եւ ո՞ւր պիտի գտնենք մենք մեզ աւելի հասած ու կայացած: 

Չկայ այդ մէկը, կանք մենք կերտումով մը. կերտում, որ չի տատամսիր անցեալ-ապագայ խաղալու, այլ կը համայնացնէ մեր ապրուածութիւնն ու ոգին:

Մենք ուրախ ենք ըլլալով. այդ է օրուայ վերջի պատգամն ու եզրակացութիւնը, մեր բժշկութիւնն ու տեղը դրուած է այդ հարցով, ըլլալ առողջ ու տառապազուրկ, որպէսզի մարդիկ իրարու համար չտառապին, չըլլան ճնշուած ու հալածուած: 

Այդ ընկերային կատարելագործումներուն հասնելու համար եղած է մեր գոյութիւնն ու անոր կենսագործումը:

«Պիտի»ն մեր յաւերժն է ու այդ կը դասաւորուի անչափօրէն մեր հոգիներու հիւսմամբ:

Հիմա - մէկ վայրկեան վերջ - ես զիս աւելի պիտի սերտեմ ու պիտի ըլլամ այդ դիրքով աւելի ուրախ, լսեցի՞ր զիս գոյութիւն, ճանչցա՞ր զիս մարդկութիւն: 

Այո՛, ահա տենչը անմարելի՝ վաղը պարփակելու հիմայով, ուտելիքով, զրոյցով, սիրաբանութեամբ ու նուիրատուութիւններով: 

Քալեցի, քնացայ, զոհաբերուեցայ. լուծելու համար ամէն ժամանակներու մարդկային ու մեթաֆիզիքական բոլոր հարցերը այժմ եւ միշտ:

Այժմ եւ միշտն է ստուգաբանութիւնը, յաւերժը, որոնք կան մեր մէջ ու կը կերտենք զանոնք ամէն վայրկեան:

Ապրումի մը համար կայ այս բոլորը. ապրում մը, որ վերածին է ու աստուածային, տիեզերաշող է ու խինդաշաղ:

Բոլորս միասին հիմա ու յաւերժ կոչուած ենք մեր մարմնին ու հոգւոյն ձեւ ու շնորհք տալու, ո՞վ է մեր մէջէն աստուածը։ Նիցչէն ըսաւ բոլորիս, իսկ անհատին ինքն իրեն ու մինակ աստուած ըլլալու իրողութիւնը փաստ է յաւերժապէս: Հոգ չէ, թէ գոյութենական մեծ հանգրուանացման արդիւնք էինք ու հոգ չէ, թէ ոչնչութեան հարցը չլուծուեցաւ նաեւ մեր մարմնացմամբ։ Կարեւորը այն է, որ համով են ջուրն ու հացը, իսկ լոգանքը հրաշակերտ ու կայացնող, նաեւ բնութիւնն ալ ժպտացող ու բարիաբար վախցնող: 

Հոգին իր շօշափելի եւ ընթացիկ վերծանումներով, ըլլալով, բացայայտումներով եւ մա՛նաւանդ՝ ընկերային ու բնազանցական տարերքներով ինքնակազմիչ է ու մեծ, իսկ մենք ակամայ իրեն ու իր արտացոլանքներուն կը սպասենք, որպէսզի իրականանան անոնք մեր մարմնով, մեր յարաբերութիւններով ու հետք ձգեն մեր մշակումներուն ու վերացումներուն վրայ: Ինչպէ՞ս հոգին մեզ պիտի պեղէ ու վերծանէ, ինչպէ՞ս մեր եղածն ու չեղածը պիտի փակէ, հաւաքէ, ներկայացնէ, մեզի թեւեր տայ ու մեզ պատգամէ: 

Մենք տեւաբար կը սպասենք հոգիի անակնկալներուն ու անակնկալ վարքը անոր մեր ամէնօրեայ ծրագիրներուն մասն ու կերտումն է կեանքին:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2026