ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

15. Արժանաւոր ժողովուրդը քահանաներուն ճաշակածէն հաղորդուելու իրաւունք ունի՞: 16. Որո՞նք են Հաղորդութեան մատակարարները:

15. Թէեւ Հին Օրէնքին մէջ առաջաւորաց հացը միայն քահանաները իրաւունք ունէին ուտելու1

Իսկ Դաւիթն ու անոր հետ եղողները երբ անօթեցան՝ կերան, ասոր համեմատ Քրիստոս ալ անօթիներուն կենդանի հաց եւ ծարաւներուն կենդանի ջուր խոստացաւ առ հասարակ, բոլոր ճշմարիտ հաւատացողներուն համար խտրութիւն չկայ, բոլորն ալ իրաւունք ունին ուտելու եւ խմելու։ Միանգամայն, Հին Օրէնքի քահանայութիւնը ծառայական էր, իսկ Նոր Օրէնքի Քահայանայապետը յաւիտեաններէն՝ ազատօրէն բաշխեց Իր սեղանը։ Ինք ինչ որ ճաշակեց, աշակերտներուն ալ նոյնը տուաւ. աշակերտներն ալ ինչ որ կը ճաշակէին, ժողովուրդին նոյնը կու տային. գլխաւորաբար՝ Քրիստոս Հաղորդութիւնը սահմանած ատեն դեռ խաչին վրայ մեռած ալ չէր, «մարմին իմ» ըսած վայրկեանին արիւնը մէջն էր, պէտք էր գինին ալ չի տար կամ եթէ տուաւ ալ «հեղանի ի վերայ բազմաց» պէտք չէ ըսեր, այլ՝ «ի վերայ պաշտօնէից միայն» պէտք է ըսէր: 

Հետեւաբար, Քրիստոսի հոգեւոր ազատ սեղանէն՝ ժողովուրդը աշխարհային իշխանի սեղանին ծառայողի պէս պէտք չէ զրկենք. այդ կերպը կիսահաղորդ ըսել է. հապա արիւնաթաթախ մարմինը ճաշակելը ժողովուրդին իրաւունքն է: 

16. Անոր մատակարարութիւնը միայն եկեղեցականինն է, ժողովուրդը իր ձեռքը անոր եթէ դպցնէ՝ կը մեղանչէ, որովհետեւ Իր խորհուրդներուն պաշտօնը կատարելու համար սկիզբէն մինչեւ վերջ մասնաւոր մարդիկ ընտրել տնօրինած էր Աստուած. «Ես ձեզ ընտրեցի». Աստուծոյ խօսքը մեր ձեռքերով շօշափեցինք (տե՛ս Ա. Յհ 1.1). ուստի, ճշմարիտ հաւատացեալ եկեղեցական մը կրնայ ըլլալ, որ այդ Ամենասուրբ Խորհուրդը մատակարարելու չափ արժանաւոր չ՚ըլլար, իսկ ժողովուրդը յաճախ արժանաւորապէս կը հաղորդուի եւ հոգիի աչքերով կը հաւատայ, թէ աներեւոյթապէս Քրիստոս կը պատարագուի. ինչպէս որ Մովսէս քանի մը անգամ Աստուծոյ կողմէ յանդիմանուեցաւ կամ Ահարոնը թերի գտնուեցաւ եւ Մովսէս անոր համար աղաչեց, իսկ դարձեալ Աստուծոյ պաշտօնեաներ էին. որովհետեւ ընտրուեցան: Չսխալիլ միայն զԱստուած կը վայելէ, նոյնպէս Պօղոս «այ չուզածս որ կ՚ընեմ, ես չեմ, այլ իմ մէջս եղած մեղքը… ուրեմն, միտքով Աստուծոյ օրէնքին կը ծառայեմ, մարմինով մեղքերու օրէնքին» (Հռ 7.20-25)։ Հետեւաբար, Քրիստոսի հաղորդութեան սահմանը արտասանել եւ մատակարարել եկեղեցիին յատուկ է, քանի որ Ամենակալ Տիրոջ հրեշտակն է, Աստուածային կրակը՝ ունելիով բռնող քերովբէին տեղն է պատարագիչը (հրապարակային եւ եղեռնային յանցանքը ուրիշ խնդիր է):

«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ» Կ. Պոլիս, 1885

•​շար. 30

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ


1Պապականները Սուրբ Հաղորդութենէն ժողովուրդը կը զրկեն, գործողութիւնը փիլիսոփայութեան վերածելով, այնպէս որ «Քրիստոս “այս է մարմինս” կամ “Ես եմ կենդանի հացը” երբ ըսաւ, կենդանի էր, փիլիսոփայօրէն անձնական կենդանի մարմինը արիւնը կ՚ունենայ, ուրեմն, ժողովուրդը մարմինը ճաշակած ատեն արիւնն ալ ճաշակած կ՚ըլլայ» ըսելով, պատարագիչը մարմինէն ու արիւնէն կը ճաշակէ, ժողովուրդը լոկ մարմինէն, բայց չենք գիտեր, թէ պապական քահանայի մը զատ եւ ժողովուրդի մը զա՞տ հաւատալ պէտք է. եթէ այդպէս է, պէտք է, որ քահանաներն ալ փիլիսոփայօրէն ճաշակեն, խեղճ ռամիկը փիլիսոփայութիւնը ի՛նչ գիտէ. երբեմն քահա-նաներուն կը պատկանի այդ գիտութիւնը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2026