ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ
4. Եթէ եկեղեցւոյ գլուխ կամ անկեան վէմ փնտռելու ըլլանք, Քրիստոսէ զատ չենք կրնար գտնել. եթէ այս հիմքին համար քարեր փնտռենք, միայն Պետրոսը չէ, այլ՝ առաքեալներն ու մարգարէներն ալ իրեն հաւասար են. ինչպէս Պօղոս կ՚ըսէ. «Դուք առաքեալներու եւ մարգարէներու հիմքին վրայ շինուիած էք, որու անկեան գլուխը՝ Քրիստոս է» (Եփ 2). չ՚ըսեր, թէ՝ «միայն Պետրոսի հիմքին վրայ»: Յովհաննէս ալ նոյնպէս տասներկու առաքեալներուն հիմքին վրայ շինուած կը տեսնէ եւ ո՛չ թէ միայն Պետրոսի (տե՛ս Յյտ 21.14). այսպիսի միապետական կարծիք մը Պետրոսին միտքէն իսկ անցած չըլլալը, արեւու լոյսին նման յայտնի է, որովհետեւ Պետրոս ինքզինք առաքեալներէն չի՛ բաժներ. երբ տակաւին թիւով քիչ էին, երբեմն Պետրոս կը նախագահէր եւ երբեմն ալ Յակոբոս (Գրծ 15.6-13): Երբ հաւատացեալներուն թիւը կ՚աճէր, այդ բազմութեան նկատմամբ տասներկուքը միասին՝ միախոհ եւ միախորհուրդ, տասներկու զատ զատ մարմիններու մէջ մէկ հոգի ընդունած զիրար համապատիւ կը ճանչնային (Գրծ 6.1), անոնց սիրտերն ու հոգիները մէկ էին (Գրծ 4.32): Պետրոսէն աւելի շատ յաճախ Պօղոսը նախագահած է, նոյնիսկ երբեմն ալ Պօղոս յանդիմանած է Պետրոսը. սակայն, յանդիմանել ըսելով, ո՛չ թէ Պօղոսը Պետրոսէն աւելի բարձր եւ ո՛չ ալ Պետրոսին անձը առանձինն վէմ կը ճանչնանք. նաեւ, ո՛չ ալ Քրիստոսի՝ «Արքայութեան բանալին քեզի կու տամ» ըսածին համեմատ, Պետրոսին մասնաւոր կամ նիւթական բանալի մը տուած կը հաւատանք, ո՛չ ալ «ետի՛ս գնայ սատանայ» ըսած ըլլալուն համար, Պետրոսը սատանայ կը ճանչնանք, այլ՝ ինչպէս Աստուած մէկ է երեք առանձին-առանձին անձերով համապատիւ, նոյնպէս ալ առաքեալները: Եւ ո՛չ ալ «արածէ՛ ոչխարներս» ըսած ըլլալուն համար, բոլոր ոչխարները՝ մասնաւորաբար Պետրոսին յանձնուած կը ճանչնանք, որովհետեւ յայտնի է, որ Քրիստոսի Պետորսին ուղղած մասնաւոր խօսքերը բոլորն ալ ժամանակաւոր էին, քանի որ երբեմն «վէմ» երբեմն «սատանայ», իսկ յաւիտենականին համար անունին ստուգաբանութենէն «դժոխքին դռները պիտի չկարենան յաղթահարել զայն. ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ ըլլայ» (տե՛ս Մտ 16.18: Ղկ 22.25). «Դուք մէկ էք»: Տակաւին, Պետրոս ի՛նքն ալ կ՚ըսէ, թէ՝ «ձեզի յանձնուած հօտը արածեցէ՛ք» եւ չ՚ըսեր «Քրիստոսէ մասնաւորապէս ինծի յանձնուած եւ ինձմէ ալ ձեզի յանձնուած» (տե՛ս Ա. Պտ 5.2): Ընդհանուր հովութիւն է, միապետութիւնը բաժանումներ կը յառաջացնէ (տե՛ս Գրծ 20.28). նաեւ, Պետրոս ինք, կը հրամայէ հօտին վրայ բռնութիւն չբանեցնել:
5. Քրիստոսի եկեղեցիին պահանջած միութիւնը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին պահած է, Եկեղեցւոյ գլուխը Քրիստոս է. Քրիստոսի Եկեղեցին՝ առ հասարակ ձեռնադրեալներն են (Մտ 18.17, 18). այս եկեղեցին ալ կը պահանջէ իր գլուխը, «ոմանք առաքեալներ, ոմանք մարգարէներ» (Եփ 4):
Քրիստոսի Եկեղեցին՝ հասարակ ժողովուրդէն տարբեր իշխանութիւն մը ունի. «Ես ձեզի հետ եմ… մինչեւ աշխարհի վախճանը» (Մտ 28.20). «Առէ՛ք Սուրբ Հոգին, որու որ արձակէք երկրի վրայ՝ արձակուած թող ըլլայ երկինքի մէջ» (Յհ 20.23). այս իշխանութիւնը՝ իր աստիճանը ունի, թէեւ Քրիստոս առ հասարակ փչեց, սակայն, ատկէ ետք երբ քրիստոնեաները շատցան, անոնց նկատմամբ առաքեալները եպիսկոպոսապետներ էին, որոնք կը ձեռնադրէին եպիսկոպոսներ, սարկաւագներ, եւ այլն. ըստ այսմ Տիմոթէոսի նկատմամբ՝ Պօղոսը եպիսկոպոսապետ է. որովհետեւ, Պօղոսն էր Տիմոթէոսը եպիսկոպոս ձեռնադրողը, եւ Պօղոս Տիմոթէոսին կը հրամայէ ու կը խրատէ զինք: Այսպէս ալ տասներկուքն ալ եպիսկոպոսապետներ կրնան սեպուիլ բոլոր բազմութիւններուն նկատմամբ. ինչպէս որ բազմաթիւ ձեռնադրութիւններ ըրին, զատ զատ իշխանութիւններ տուին, ժողովքներ կազմեցին (Գրծ 13-14), ձեռնադրութեան աստիճաններ զատեցին, զատ զատ պաշտօններ տուին. ինչպէս որ Փիլիպպոսն ալ ձեռնադրուած մըն էր, բայց ինք ձեռնադրելու կամ մկրտելու իշխանութիւն չունէր (Գրծ 8.14) (տե՛ս նաեւ «Ձեռնադրութեան եւ Մկրտութեան խորհուրդներուն մասին» մեր գրածները):
Ահաւասիկ ասոնց նայելով ճիշդ է, որ Եկեղեցին Քրիստոսի անդամ է, կը պահանջէ գլուխ, ձեռք, ոտք, այսինքն՝ եպիսկոպոսապետ, եպիսկոպոս, վարդապետ, քահանայ, սարկաւագ, եւ այլն, սակայն, հոգեւորապէս, այն է քաղաքական դրութիւններու նկատմամբ ուզէ երեք, ուզէ տասներկու եպիսկոպոսապետ ըլլայ, պէտք է համապաշտօն ըլլան, զատ զատ մարմիններու մէջ մէկ հոգի եւ մէկ գլուխ Եկեղեցիին, ըստ Աւետրանական ճշմարտութեան1:
Ահաւասիկ այս սկզբունքին վրայ է Հայաստանեայց Եկեղեցին: Այսօր ունի Էջմիածինի, Աղթամարի եւ Կիլիկիոյ [կաթողիկոսութիւնները]. կրօնականի մասին ինչ իշխանութիւն որ ունի առաջինը՝ նոյնը ունին միւսներն ալ, իսկ յարաբերութեան մասին վէճ մը եթէ պատահի, այդ ուրիշ խնդիր է, ինչպէս առաքեալներուն մէջ ալ կը պատահէր (Գրծ 15.36-39: Գղ 2.11): Կամ եթէ Պօղոս առաքեալին ըսածին համաձայն մարմինով տարբեր ալ եթէ գործեն, հոգիով Աստուծոյ կը ծառայեն (Հռ 7.25), որովհետեւ սկզբունքը զատ զատ մարմիններու մէջ մէկ հոգին բնակելու վրայ կայացած է:
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 17
Վաղարշապատ
1 Քրիստոսի վճիռը սէրն է, ընկեր չունեցողը չենք գիտեր, թէ պիտի սիրէ՞ իր ընկերը եթէ ոչ, քանի որ չունի, որ գիտցուի: Մանաւանդ Աստուածային անձերը երեք են, հրեշտակները բազմաթիւ են: Գալով աշխարհին, տէրութիւն մը կամ իշխանութիւն մը գիտէ, որ աշխարհի վրայ մինակ ինք չէ տէր եւ իշխան, իրմէ բացի ուրիշներ ալ կան: Արդարեւ, Արարիչը ո՛չ երկրի վրայ եւ ո՛չ ալ երկինքի մէջ լոկ, առանձին, աննման բան մը ստեղծած է, նոյնիսկ ինքն իսկ Իր աննմանութիւնը համազօր անձնաւորութեան մէջ յայտնեց: