ՆՈՐ ԳԻՒՂԻ ՄԵՐ ԽԱՆՈՒԹԻՆ ՔՈՎԻ ՆՊԱՐԱՎԱՃԱՌ «ՏԱՏԱՅԻՆ» ՊԶՏԻԿ ԽԱՆՈՒԹՆ ՈՒ ՀԱՆԴԻՊԱԿԱՑ ԳՐԱՏՈՒՆԸ
Տեղեր կան, որոնք յաւերժական երազային են եւ երազներ կը հիւսեն անդադար: Այդ հիւսուող երազները մեր անձի տեսակի, բջիջներու, ժառանգականութեան, յուշաքոտաւորման կողքին, զանազան գիտութիւններու առարկայ են կա՛մ նոյնինքն գիտութիւն կը ստեղծեն: Չենք գիտեր, թէ անոնք ինչպէ՞ս կը կազմուին ու կը կազմեն-վերակազմեն, ինչպէ՞ս կը վարակեն ապրուածութեան խինդն ու քաղցագոյն տրտմացած հիւսումը, զոր կը բոցավառէ մեզ տիեզերապէս ու ապրելատենդօրէն: Տեղերու հետ ժամանակ, ժամանակի հետ ոգեպարարութիւն, ոգեպարարութեան հետ տարիք, տարիքի հետ սլացք ու սլացքի հետ գոյախենթութիւն: Այս ենք մենք․ մեր կառուցուածքի ամենախոր ու պարզ ապրումով եւ պէտք է տառապինք գեղեցկօրէն, պէտք է ժպտանք տրտմագին, պէտք է հիւսուինք ամենաթափանցիկ կերպով:
Միլիոնաւոր հպումներ, ժպիտներ, ժեստեր, ձեւեր ու կառչումներ՝ թէ՛ մարմնային եւ թէ ոգեղէն՝ կը կերտուին ու կը սլանան մեզմով, վասն համովութեան մը, որ ժամանցումը կը դարձնէ հեքիաթաշէն աւիշը մեր ըլլալուն:
Ահա եւ Նոր Գիւղը Հալէպի մէջ եւ ահա իմ մանկութիւնս մեր մեծ ինքնաշարժներու շարժիչ-մասերու խանութին մէջ, ուր կ՚երթայի շատ բաներ ընելու, ուր հայրս կը տանէր զիս ինչպէս բոլորին հայերը, տեսնելու, շօշափելու, շշնջալու խանութային կեանքը լիօրէն: Կեանք մը, որ մանուկին էութեան կազմութեան համար էր, անկախ ո՛ւր է ան կամ որո՛ւ կը պատկանի, կեանք մը, որ հրամցուելէ աւելի ձգտելի է նոյնիսկ առօրէակերտ նահատակութեան գնով: Երբ մանուկ ես աշխարհագրութիւնը, պատմութիւնն ու տիեզերքը կոչուած են պատասխանատուութեան կանչելու գալիք շաղուածութիւնը եւ ըլլալու տենդը: Ո՞ւր պիտի հասնինք, չենք գիտեր, վերջաբանական ի՞նչ գիւտարարութիւն կայ, չենք ուզեր գիտնալ, պարզապէս կը հոսի ընթացքը ամենակերտ ու կը զգացնէ, որ մանուկ ես ու ընկալումներուդ ընկալումը վերարտադրման առաքելութիւններ ունի, այն հոյակերտ նախազգացուած ամենագեղութեան հետ, որ կերտուելով պիտի կոչուի կարօտ ու քաշողականութիւն, ծփանք ու տենդագործութիւն:
Ինծի համար Նոր Գիւղի մեր խանութ երթալը նաեւ քովի Տատային նպարավաճառի խանութը եւ Իսլահ Զիրաիի գրատունը այցելութեան բերկրանքը ապրելու համար էր: Գոյութենական ամենամեծ առեղծուածներէն է ըմբոշխնումը մանկական տիեզերականացման: Հոն գիտակցօրէն ջինջ, պայծառ, դրախտային ու կատարեալ է ամէն ինչ, նաեւ ամենամեծ գիտածին հանճարեղութեան իմացականութենէն ալ աւելի կը թուի այդ չվերծնուած ու զանցապրուած զգացումը:
Տատային վաճառատունէն գնուած հնդկական թամըրի, պաստըխի եւ կրկնեփի հոտն ու հիւթերուն համը կը մարմնաւորէին ոգեղինութիւն մը, ուր կային մարդկային բոլոր եկող ու գացող էութաբանութիւնները ըլլալու, ըմբոշխնելու, ճանչնալու, ապրելու-ապրեցնելու եւ քաղաքական համակարգը կազմաքանդելու: Միեւնոյն ժամանակ Իսլահ Զիրաիի դիմացի գրատունէն գնուած դպրոցական պիտոյքները կը գծէին աշխարհի հիմքն ու հիմնադրոյթի դրախտայնութիւնը: Տատային կերպարն ու իր խանութին չափը, տեսքն ու ձեւաւորումը, գրատունին մէջ աշխատող մարդուն դէմքը, հոտը, տարածքային բացուածութինը կ՚ըլլային երջանկութեան համայնասիրական հանգանակներ ու կոչեր:
Այսօր, Երեւանի մէջ, պզտիկ տղայ մը քալէր ծնողքին հետ եւ կարծես ան ես էի, անոր ոտքը կը ցաւէր ու կը գանգատէր, որպէսզի հանգիստ առնեն։ Մայրը կ՚ըսէր, որ քիչ մըն ալ քալենք, իսկ ան կէս լալով կ՚ըսէր.
-Հերիք է, յոգնեցայ:
Մայրը կ՚ըսէր․
-Ահա հասանք փոնչիքանոց:
Ես քայլերս դանդաղեցնելով կ՚ուզէի միաձուլուիլ փոնչիքանոց մտնելու իրականութեան հետ ու բջիջաւորել ապագայի եսս, հաւանաբար, նոյն մանկութեանս մեր ու տատայական խանութի եւ գրատունի երջանկապոկմամբ, զոր կը փայլատակէր պըզ-տիկ տղուն աչքերուն մէջ։
Ան աւելի կը մոռնար ոտքին ցաւը՝ որքան մօտենային փոնչիքանոցին․․․
Ի՞նչ էր Սուրիան, Հալէպը, մենք ու մեր խանութը, Տատային տեղն ու գրատունը, ո՞ւր պիտի ուղղուէին այս բոլորը քաղաքականութեանց առաքելութիւններով։ Արդեօք ճակատագրականութիւնը ունի՞ ուղեծիր ու մենք կանք անոր մէջ կա՛մ այն մեզի կը հպի մեր հոգիի սահմանումով, փրկարարութիւն խաղալով՝ տեւաբար ապագայացնելով մանկականութիւնը:
Ես՝ այս վայրկեանիս, մեր խանութէն դէպի տատային խանութն ու գրատունը կը բանան ոգելքման ու ոգեհաւաքման բացարձակութիւն մը, ուր երեւակայութիւնը կը մնայ անսահամանօրէն անթերի, ուր կը շնչէ խանութներէն ու կեցուցակարգէն տիեզերահատման ու ամենաճշտման կարեւորութիւն մը:
Մեր տունէն-խանութ ու պատմութիւնը ապաւինման բանի մը, որ չունի յստակ անուն ու առաքելութիւն՝ քան զայն կոչել տարածման ու դրախտացման շնորհ:
Տատային ծախած պաստըխը, գրատունին ծախած ռետինը ու մանկութեան նետած գեղեցկագիտուն մարտահրաւէրը յաւերժաբար ապրման ու արարման՝ կը տարածեն իրենք իրենց հետս, քայլքով մը մելամախձոտ ու ժպտուն, անդորրով մը հրաբխային ու քաղցր, արժէքով մը ահարկու ու պայծառ:
Պապաս կու տար դրամը ու ես առանձին կ՚երթայի այդ խանութները. հիմա կը մտածեմ ինչքա՜ն առաքելութիւններ կան անյաղթ ու կերտուած, ինչքան անբասիրութիւն կայ աղբիւրային ու արարիչ, ինչքան կատարելութիւններ կան վազող ու վեհ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան