Նաւթատար մը՝ նաւթատարի դիմաց․ Հիւրմիւզի ջուրերուն մէջ

Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին երեւելի դարձած է, որ Հիւրմիւզի նեղուցին մէջ խաղը կը փոխուի։ Մինչեւհիմա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ դիմակայութիւնը հիմնականօրէն կը զարգանարտնտեսական պատժամիջոցներու, ծովային շրջափակման, ռազմական խարիսխներու հարուածներու եւփոխադարձ սպառնալիքներու շրջանակին մէջ։  Սակայն, վերջին օրերու զարգացումները կը վկայեն, որ կողմերըկը մտնեն շատ աւելի վտանգաւոր փուլ մը, ուր նաւթատարները կը վերածուին պատերազմի թիրախներու։Այսինքն՝ Հիւրմիւզի մէջ այլեւս միայն «ո՞վ կը վերահսկէ նեղուցը» հարցը չկայ, այլ՝ ո՞վ որքան գին կրնայպարտադրել միւս կողմին։

Իրան առաջին անգամ այսքան բացայայտ կերպով իր ռազմական գործողութիւնները ուղղած է ամերիկեանռազմածովային ուժերուն դէմ, իսկ ԱՄՆ, իր հերթին, անցած է իրանական նաւթատարներու ուղղակիթիրախաւորման։ Արդիւնքը՝ նոր եւ վտանգաւոր բանաձեւ մը. «Նաւթատար մը՝ նաւթատարի դիմաց»։ Եւ եթէայս բանաձեւը շարունակուի, Հիւրմիւզի ճգնաժամը կրնայ շատ արագ վերածուիլ ո՛չ միայն տարածաշրջանայինռազմական բախումի, այլեւ համաշխարհային ուժանիւթի շուկան ցնցող պատերազմի մը։

Բաց աստի, Թեհրան այլեւս միայն չի պաշտպանուիր։ Ինչպէս կարելի էր ակնկալել, ամերիկեան ծովայինշրջափակման եւ տնտեսական ճնշման սաստկացումը, որուն զուգահեռ կը շարունակուին Իրանի տարածքինուղղուած ընդմիջական ռազմական հարուածները, Թեհրանը չմղեց միայն տնտեսական եւ առեւտրականշրջանցման միջոցներ որոնելու։ Այլ ընդհակառակն։

Իրան աստիճանաբար կը տեղափոխուի աւելի յարձակողական ռազմական քաղաքականութեան մը, որունհիմնական նպատակն է փոխել պատերազմի պայմանները եւ հակառակորդին հասկցնել, որ շրջափակումըկարելի չէ պարտադրել առանց գին վճարելու։

Վերջին զարգացումները Իրանի պաշտօնատարներուն կողմէ բնորոշուեցան որպէս «խաղի կանոններուփոփոխութիւն»։ Այս արտայայտութիւնը պատահական չէ։

Միւս կողմէ, Յեղափոխութեան պահակազօրի ռազմածովային ուժերը յայտարարեցին, թէ հրթիռայինհարուածներ հասցուցած են ամերիկեան օդանաւակիրի մը եւ ռազմական նաւի մը։ Իրան գործողութիւնըներկայացուց իբրեւ պատասխան ԱՆՄ-ի ուժերու կողմէ ծովային ինքնիշխանութեան խախտման եւ Իրանի դէմշարունակուող անարդար շրջափակման։

Բայց եւ այնպէս, այս յարձակման կարեւորութիւնը միայն արձակուած հրթիռներուն մէջ չէ։ Աւելի կարեւոր էայն, որ Թեհրան փոխած է իր թիրախները։ Մինչեւ հիմա Իրանի գործողութիւնները հիմնականօրէն ուղղուածէին ԱՄՆ-ի ցամաքային խարիսխներու, հետախուզական անօդաչու թռչող սարքերու կամ առեւտրականնաւերու դէմ։ Այժմ, սակայն, թիրախը ամերիկեան ռազմածովային ուժերն են. այն ուժերը, որոնք Իրանիծովային շրջափակման հիմնական գործիքն են։ Այս նաւերը միայն Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններկատարող միաւորներ չեն։ Անոնք նաեւ այն ուժն են, որ կը փորձէ վերահսկել Իրանի նաւթային արտահանումը, սահմանափակել նաւերու երթեւեկութիւնը եւ ճնշում գործադրել Թեհրանի տնտեսական կեանքին վրայ։ Այսպատճառով ալ ԱՄՆ-ի ռազմածովային ուժերուն ուղղուած Իրանի հարուածը ունի ռազմականէն անդին՝քաղաքական եւ տնտեսական պատգամ մը, որ պարզ է. եթէ դուք կը փորձէք փակել Իրանի ծովայինճանապարհները, Իրանն ալ պատրաստ է վտանգի տակ դնելու ձեր նաւերը։

Իսկ ԱՄՆ-ի պատասխանը եղաւ երեք Իրանի նաւթատար։ Ամերիկեան կեդրոնական հրամանատարութիւնը՝«Սենթքոմ»ը, հաստատեց իրանական կողմի յայտարարած բախումը, սակայն պնդեց, թէ այդ հրթիռայինհարուածները կասեցուած են եւ մարդկային կորուստներ չեն արձանագրուած։ Բայց, Ուաշինկթընիպատասխանը չուշացաւ։ Նոյն օրն իսկ ամերիկեան ուժերը թիրախաւորեցին Ծոցի եւ Օմանի ծովուն մէջգտնուող երեք իրանեան նաւթատարներ։

Նաւերէն մէկը կը գտնուէր Խարք կղզիին մօտ։ Խարքը սովորական կղզի մը չէ։ Անիկա Իրանի նաւթայինարտահանման հիմնական կեդրոններէն է եւ հետեւաբար՝ երկրի տնտեսութեան համար ռազմավարականնշանակութիւն ունի։ «Սենթքոմ»ը յայտարարեց, որ հարուածներուն հետեւանքով երեք նաւթատարներըամբողջովին դուրս մնացած են շահագործումէ։

Այս կէտին է, որ պատերազմի տրամաբանութիւնը կը սկսի փոխուիլ։ Որովհետեւ ԱՄՆ-ի ուժերը այլեւս միայնԻրանի ռազմական կառոյցները չեն թիրախաւորեր։ Թիրախ կը դառնայ Իրանի նաւթային փոխադրութեանհամակարգը։

Իսկ ասիկա արդէն շատ աւելի ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ։ Եթէ Թեհրան շարունակէ Հիւրմիւզի նեղուցըփակ պահելու կամ անոր երթեւեկութիւնը սահմանափակելու քաղաքականութիւնը, Ուաշինկթըն կրնայաստիճանաբար աւելի մօտենալ Իրանի նաւահանգիստներուն, կղզիներուն եւ նաւթային փոխադրութեանուղիներուն։ Այսինքն՝ պատերազմը կրնայ տեղափոխուիլ դէպի այն վայրերը, ուր կը գտնուի Իրանիտնտեսական կենսականութիւնը։

Միւս կողմէ, Թեհրան չսպասեց ու Իրանէն  եկաւ պատասխան մը։ Վերոնշեալ  զարգացումներէն  անմիջապէսետք,  ուշ երեկոյեան Յեղափոխութեան պահակազօրի ռազմածովային ուժերը յայտարարեցին, որ ամերիկեանհարուածներուն ի պատասխան՝ թիրախաւորած են երեք նաւթատարներ, որոնք Հիւրմիւզի նեղուցով կ՚անցնէինիրենց կողմէ չարտօնուած ուղղութիւններով։ Բացի այդ, Իրան յայտարարեց, որ տարբեր շրջաններու մէջհարուածած է նաեւ երեք ամերիկեան ռազմածովային միաւոր։

Յաջորդ օրը բախումները շարունակուեցան։ Իրանի ռազմածովային ուժերը յայտարարեցին, որ թիրախաւորածեն ամերիկեան հեռակառավարուող նաւակ մը, որ կը փորձէր մուտք գործել Հիւրմիւզի նեղուցի պահպանուածգօտի։ Ամերիկեան կողմը անմիջապէս հերքեց այդ տեղեկութիւնը։

Այսինքն՝ պատերազմի այս փուլին  մենք արդէն գործ ունինք ո՛չ միայն իրական ռազմականգործողութիւններու, այլեւ տեղեկատուական պատերազմի հետ։

Ո՞վ հարուածեց։ Ո՞վ կասեցուց։ Ո՞ր նաւը վնասուեցաւ։ Ո՞ր նաւը չվնասուեցաւ։ Եւ ամենէն կարեւորը՝ ո՞վ կըվերահսկէ Հիւրմիւզը։

Այս հարցումներուն պատասխանները երկու կողմերը բոլորովին տարբեր կերպով կը ներկայացնեն։

Միաժամանակ «Ֆարս» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ առնուազն երեք նաւթատարներ եւ հեղուկ բնականկազ  փոխադրող նաւ մը, որոնք Հիւրմիւզի նեղուցի հարաւային ուղղութեամբ կ՚անցնէին, փոխած են իրենցընթացքը՝ Յեղափոխութեան պահակազօրի կողմէ ստացած նախազգուշացումէ մը ետք։

Այս մանրամասնութիւնը կարեւոր է։ Որովհետեւ նոյնիսկ եթէ երկու կողմերն ալ կը պնդեն, որ Հիւրմիւզինեղուցը իրենց վերահսկողութեան տակ է, նաւերու ուղղութիւն փոխելը արդէն կը նշանակէ, որ նեղուցին մէջանորոշութիւնը իրականութիւն է։

ժամանակը կը ճնշէ թէ՛ Թեհրանը, թէ՛ Ուաշինկթընը։ Այս նոր բախումները ուրիշ իրականութիւն մը եւս կըբացայայտեն։ Երկու կողմերն ալ ժամանակի ճնշման տակ են։

ԱՄՆ կը փորձէ աստիճանաբար սահմանափակել Իրանի կարողութիւնը՝ վերահսկելու Հիւրմիւզի նեղուցը։Ուաշինկթըն այդ նպատակին համար կը գործադրէ ռազմական սահմանափակ հարուածներ, ծովայինշրջափակում եւ տնտեսական ճնշում։

Սակայն, Իրանը նոյնքան պարզ հաշիւ մը ունի։ Թեհրան կը փորձէ ամերիկեան կողմին պարտադրել այնպիսիտնտեսական եւ քաղաքական գին մը, որպէսզի Ուաշինկթընի համար պատերազմը այլեւս դիւրին որոշում մըչըլլայ։ Այսինքն՝ Իրան չի կրնար հաւասար ռազմական ուժով մրցիլ ԱՄՆ-ի հետ, բայց, կրնայ փորձելպատերազմի գինը բարձրացնել։ Այդ գինը առաջին հերթին կը կապուի նաւթին, ուժանիւթին եւ միջազգայինառեւտուրին հետ։

Հիւրմիւզի նեղուցը այդ հաշուարկին մէջ կը ստանայ հսկայական նշանակութիւն։ Որովհետեւ աշխարհինաւթային փոխադրումներու կարեւոր մասը կ՚անցնի այս ջրանցքէն։ Հետեւաբար, Հիւրմիւզի երկարատեւանկայունութիւնը կրնայ անդրադառնալ ո՛չ միայն Իրանի եւ ԱՄՆ-ի վրայ, այլեւ՝ ամբողջ համաշխարհայինտնտեսութեան։ Իսկ Թեհրան շատ լաւ գիտէ այս մէկը։

Թեհրանի հաշիւը՝ նաեւ ամերիկեան ընտրութիւններուն կապուած է։ Ի-րանի ռազմավարութիւնը միայնռազմական չէ։ Թեհրան   հաշուարկներ կ՚ընէ  նաեւ ամերիկեան ներքաղաքական դաշտին  առնչութեամբ, որովհետեւ նոյեմբերին ԱՄՆ-ի մէջ տեղի պիտի ունենան միջանկեալ ընտրութիւններ։ Իրանի հաշիւը այն է, որուժանիւթի գիներու բարձրացումը, միջազգային շուկաներու անկայունութիւնը եւ Հիւրմիւզի ճգնաժամը կրնանբացասաբար անդրադառնալ Հանրապետականներու դիրքին վրայ։ Այսինքն՝ Իրանի ղեկավարութիւնը կը փորձէպատերազմը դարձնել ո՛չ միայն արտաքին քաղաքական, այլեւ ամերիկեան ներքին քաղաքականութեան հարց։Եթէ ամերիկացի ընտրողը պատերազմին հետեւանքով սկսի զգալ վառելանիւթի գիներու բարձրացում, տնտեսական անորոշութիւն եւ նոր ռազմական ծախսեր, ապա Թեհրան կը կարծէ, որ այդ դժգոհութիւնը իվերջոյ կրնայ ուղղուիլ Ուաշինկթընի դէմ։

Այս հաշուարկը որքանո՞վ ճիշդ է՝ տարբեր հարց։ Բայց եւ այնպէս, Իրան այդ ուղղութեամբ կը մտածէ, թէհամաչափ պատասխաններու ժամանակը անցա՞ծ է։

Իրանի խորհրդարանի նախագահ եւ բանակցային պատուիրակութեան ղեկավար Մուհամմէտ Պաքէր Ղալիպաֆայս տրամաբանութիւնը շատ աւելի կտրուկ ձեւով արտայայտեց ու ըսաւ. «Համաչափ պատասխաններու  փուլըաւարտած է եւ խաղի կանոնները փոխուած են»։ Ան նշեց, որ Ի-րան համապարփակ պատերազմի մէջ է ուպնդեց, որ ԱՄՆ-ի խարիսխներուն Իրանի զինեալ ուժերու հարուածները ստեղծած են այնպիսի իրավիճակ մը, որ Ուաշինկթըն շփոթի մատնուած է։ Ըստ Ղալիպաֆի, ամերիկացիները կը դիմեն դատարկ կարգախօսներու եւնոյնիսկ արհեստական բանականութեան՝ ռազմաճակատէն կեղծ նկարներ ու տեսանիւթեր ստեղծելու համար։Սակայն, Ղալիպաֆի ամենակարեւոր պատգամը ուրիշ էր։ Ան յայտարարեց, որ ԱՄՆ պէտք է հասկնայ, թէԻրանի պատասխանները այլեւս նախկինին նման պիտի չըլլան։ Ան յայտարարեց նաեւ, որ Իրանի դէմ որեւէյարձակում պիտի ստանայ աւելի արագ, աւելի ծանր եւ աւելի ցաւոտ պատասխան։

Այս յայտարարութիւնը պէտք է լուրջի առնել, որովհետեւ անոր քաղաքական իմաստը շատ յստակ է։ Թեհրանկը փորձէ Ուաշինկթընը համոզել, որ պատերազմը այլեւս միակողմանի հարուածներու պատերազմ մը չէ։

Ամերիկա կը հարուածէ՝ Իրան կը պատասխանէ։ Ամերիկա նաւթատար կը թիրախաւորէ՝ Իրան նաւթատար կըթիրախաւորէ։ Ամերիկա կը փորձէ Հիւրմիւզը վերահսկել՝ Իրան կը փորձէ Հիւրմիւզի երթեւեկութիւնըվտանգել։ Այս է նոր տրամաբանութիւնը։

Այս ամբողջին մէջ, ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփի  կատարած յայտարարութիւնները կը ներկայացնեն այլ պատկերմը, ուր կայ նաեւ էական հակասութիւն մը։

Տանըլտ Թրամփ վերջերս բազմիցս յայտարարած էր, որ նաւերը Հիւրմիւզի նեղուցէն լիովին դիւրութեամբկ՚անցնին եւ թէ նեղուցը ամերիկեան ուժերու վերահսկողութեան տակ է։

Այս պնդումը, սակայն, հարցեր կը յառաջացնէ։ Եթէ Հիւրմիւզը իսկապէս ամբողջութեամբ ամերիկեանվերահսկողութեան տակ է, եթէ նաւերը առանց որեւէ խոչընդոտի կը շարունակեն իրենց երթեւեկութիւնը, ապաինչո՞ւ ԱՄՆ-ի ուժերը անցած են Իրանի նաւթատարներու ուղղակի թիրախաւորման։

Իրանի պետական «Իրան» օրաթերթը կ՚անդրադառնայ այս հակասութեան։ Թերթին տրամաբանութիւնը պարզէ. եթէ Հիւրմիւզը ձեր վերահսկողութեան տակ է, ինչո՞ւ պէտք ունիք Իրանի նաւթատարները հարուածելու։ Այսհարցումը միայն քարոզչական չէ։ Այդ հարցումը կը պատկանի պատերազմի իրականութեան։ Որովհետեւծովային գերակայութիւնը միայն նաւերու քանակով չի չափուիր։ Ան կը չափուի նաեւ այն կարողութեամբ, որով կարելի է ապահովել միջազգային նաւարկութիւնը, պահպանել առեւտրական ուղիները եւ հակառակորդըզրկել այդ ուղիները խափանելու կարողութենէն։ Եթէ Հիւրմիւզի մէջ նաւերը սկսած են իրենց ուղղութիւնըփոխել, եթէ նաւթատարները նախազգուշացումներ կը ստանան, եթէ երկու կողմերը իրարու նաւերը կըթիրախաւորեն, ապա ակնյայտ է, որ նեղուցին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը այնքան ալ դիւրին չէ, որքան կըներկայացուի Ուաշինկթընի կողմէ։

Այս բոլորէն ետք, հիմնական հարցը այլեւս այն չէ, թէ ո՞վ առաջինը հարուածեց։ Հարցը այն է, թէ ո՞ւր պիտիկանգնի այս սրացումը։ Քանի դեռ թիրախ կը դառնան ռազմական միաւորներ, երկու կողմերն ալ կրնան պնդել, թէ կը պահեն վերահսկողութիւնը եւ կը խուսափին ամբողջական պատերազմէ։

Բայց եւ այնպէս, երբ նաւթատարները կը մտնեն թիրախներու ցանկին մէջ, խաղը կը փոխուի։ Որովհետեւնաւթատար մը միայն ռազմական թիրախ չէ։ Անիկա ուժանիւթ է, առեւտուր է, ապահովագրութիւն է, համաշխարհային շուկայի վստահութիւն է եւ տնտեսական անվտանգութիւն։ Մէկ նաւթատարի հարուածըկրնայ մնալ մէկ նաւթատարի խնդիր։ Բայց, երբ նաւթատար մը՝ նաւթատարի դիմաց բանաձեւը կը դառնայպատերազմի մշտական կանոն, այն ատեն Հիւրմիւզը կրնայ վերածուիլ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամիմը մեկնակէտին։ Եւ այստեղ է իրական վտանգը։

Իրան կը փորձէ ցոյց տալ, որ կարելի չէ զինք խեղդել առանց հակահարուած ստանալու։ ԱՄՆ կը փորձէ ցոյցտալ, որ Հիւրմիւզը իր վերահսկողութեան տակ է եւ Իրանը չի կրնար փակել աշխարհի ուժանիւթի հիմնականզարկերակներէն մէկը։

Երկու կողմերն ալ իրենց ուժը կը ցուցադրեն։ Բայց, պատերազմներու ամենավտանգաւոր պահը այն չէ, երբկողմերը կը սպառնան։ Ամենավտանգաւոր պահը այն է, երբ երկու կողմերն ալ կը սկսին հաւատալ, թէ միւսըպիտի նահանջէ։ Հիւրմիւզի մէջ այսօր կարծես այդ կէտին կը մօտենանք։

Մինչ այդ, եթէ համաչափ պատասխաններու դարաշրջանը իսկապէս աւարտած է, ինչպէս կ՚ըսէ Թեհրան, ապաաշխարհը պէտք է պատրաստ ըլլայ ո՛չ միայն նոր հարուածներու, այլեւ շատ աւելի լայն պատերազմի մըտնտեսական եւ քաղաքական հետեւանքներուն։

Հիւրմիւզի ջուրերուն վրայ այսօր կը շարժին ո՛չ միայն նաւթատարներ, այլ այդ ջուրերուն վրայ կը չափուինաեւ այն սահմանը, որմէ  անդին Ի-րանի եւ Ամերիկայի միջեւ դիմակայութիւնը կրնայ այլեւս դադրիլ՝ ըլլալսահմանափակ պատերազմ եւ վերածուիլ տարածաշրջանը ամբողջութեամբ վերաձեւող բախումի։

Հորմիւզը՝ պատերազմի նոր սահմանը

Վերջին զարգացումները ցոյց կու տան, որ Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ պատերազմը այլեւս միայն հարուածներուեւ հակահարուածներու մրցակցութիւն չէ։ Պայքարը աստիճանաբար կը տեղափոխուի դէպի այն կէտը, ուրիւրաքանչիւր կողմ կը փորձէ միւսին պարտադրել այնպիսի գին մը, որպէսզի ան ստիպուի վերանայելու իրհաշիւները։

Իրան իր նաւթային ճանապարհներն ու Հիւրմիւզի նեղուցը կը վերածէ ճնշման գործիքի։ Ամերիկա, իր կարգին, կը փորձէ այդ գործիքը կոտրել՝ ռազմական ուժով եւ տնտեսական շրջափակումով։ Բայց, որքան երկու կողմերըկը սրեն իրենց քայլերը, այնքան կը նեղնայ նաեւ նահանջի տեղը։ Այս կէտին էիրական վտանգը։

Հիւրմիւզի հարցը այլեւս միայն Իրանին կամ ԱՄՆ-ին չի վերաբերիր։ Եթէ նեղուցը դառնայ մշտականբախումներու գօտի, հետեւանքները պիտի հասնին նաւթային շուկաներ, միջազգային առեւտուր եւ աշխարհիտնտեսութեան զգայուն կէտեր։

Այսօր նաւթատար մը՝ նաւթատարի դիմաց  նոր խաղը  կրնայ թուիլ սահ-մանափակ պատասխան մը։ Բայց եթէայս բանաձեւը դառնայ պատերազմի մնայուն կանոնը, վաղը հարցը կրնայ այլեւս չըլլալ, թէ ո՞վ քանինաւթատար կորսնցուց, այլ՝ ո՞վ առաջինը պիտի հասկնայ, որ այս պատերազմին վերջնական յաղթող մը  կրնայչըլլալ, իսկ պարտուողը պիտի դառնայ՝  ամբողջ տարածաշրջանը։

Հիւրմիւզի մէջ, հետեւաբար, այսօր կը փորձուի ո՛չ միայն ուժի հաւասարակշռութիւնը, այլեւ պատերազմիսահմանը։ Եւ այդ սահմանը որքան աւելի կը մօտենայ անդունդին, այնքան աւելի դժուար պիտի ըլլայ կանգառնելը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2026