ՀԱՐԱԶԱՏ «ԱՆԾԱՆՕԹԻՆ»

Սիրելի՛ տիկին Նատիա, 

«Կը շնորհաւորեմ ձեր ծննդեան ու երկարամեայ լրագրողական վաստակի պանծալի ամեակները՝ արեւշատ օրերու սրտագին մաղթանքով» գրելով, եթէ՜ կարենայի ձեզ շնորհաւորել, մէկ շաբաթ առաջ, ձեր բոլոր բարեկամներուն ու հարազատ աշխատակիցներուն պէս, ես ալ ձեզ շնորհաւորած պիտի ըլլայի։ 

Չկրցայ։ 

Չենք հանդիպած մենք։

Ձեր մասին, ձեր կեանքի անցուդարձին, ելեւէջներուն, գործունէութեան տարիներուն, ձեր ստանձնած բազմապիսի պաշտօններուն ու պատասխանատուութիւններուն մասին տեղեկութիւններ չունէի ես. կը խոստովանի՛մ։ 

Անգիտութիւնս զիս վախցուց. ծանօթ չեմ տիկին Նատիային, մտածեցի ես։ 

Ձայն մը լսեցի ներսէս.

Ճի՞շդ էր մտածածս։

Ամէն շաբաթ ձեր տնօրինութեամբ հրատարակուող յօդուածներուս ապաւինելով, վստահ եմ, որ դուք զիս շա՜տ լաւ կը ճանչնաք։ Իսկ ե՞ս։ 

Կասկածս բաւարար չէր մէջինս արձանագրելու. 

Սպասեցի։ 

Ծննդեան ձեր 75-ամեակն ու լրագրութեան 45-ամեայ ձեր վաստակը փառաբանող մեծաշուք հանդիսութեան յաջորդող ԺԱՄԱՆԱԿ-ին թիւը սպասեցի։ 

Այդ թիւին մէջ ձեզ շնորհաւորող բազմաթի՜ւ յօդուածները պահեցի (մէկ անգամով չէի կրնար վերջացնել) եւ անցած շաբթուան ընթացքին, ազատ պահերուս, կամա՜ց-կամաց կարդացի։ 

Մեր դպրոցի բակին մէջ, ուսուցչարանի գրասեղանիս վրայ, թաքսիին մէջ, տան մէջ, պարտականութիւն մը յետաձգած պահուս, սուրճ խմած պահուս… ամբո՜ղջ շաբաթ մը ձեզ ըմբոշխնելէս վերջ, հարցումս կրկնեցի.

Իրօք ձեզ չէի՞ ճանչնար ես։

Կարդացածներս, բազմապիսի ձեր գործունէութիւնը, անդադրում ու անգնահատելի ձեր նուիրումը, չշիջող ձեր հաւատքն ու աներեր ձեր կամքը զիս չզարմացուցին։

Ձեզ չճանչնալու կասկածներս խորացա՜ն։

Աւելի՛ն. յիշեցի, երբ անցեալ տարի Մայրերու տօնին գրած յօդուածէս վերջ, առիթը ունեցած էինք հեռաձայնով քանի մը վայրկեան զրուցելու։ 

Ձեր անո՛ւնն ալ չէի գիտեր այդ օրը, խոստովանութիւն մը ե՛ւս, բայց կը յիշեմ, որ խօսակցութիւնը վերջացնող կոճակը սեղմելէս վերջ, լացի ես։ 

«Անծանօթ»ի մը խօսքերը կրնայի՞ն լացնել։

Յօդուածներս կարդացող, սրբագրող, հրատարակող տնօրէն մը չէր հետս խօսողը այդ պահուն. երբե՛ք, այլ՝ մայր մը. աշխարհը իր բարութեամբ գրկելու պատրաստ հա՛յ մայր մը, քնքո՜ւշ, փափկանկատ, հե՜զ, գթասիրտ, զիս դեռ չտեսած՝ ցաւս կիսող, առանձնութիւնս զգացող, կարօտս շօշափող ու այս ամէնը նրբագո՛յն իր ձայնով սրտիս հասցնող «Եփրաքսէ հանըմ» մը… 

Հայ գրականութեան բոլո՜ր կերպարներուն մէջ անմոռանալի եւ անփոխարինելի է ինծի համար այս մայրը, բոլորիս մայրերուն խտացումը։ 

Նախ «ալցհայմըր»ով՝ հոգեպէս, յետոյ մահով՝ ֆիզիքապէս, երկա՜ր տարիներէ ի վեր կորսնցուցած եմ մայրս. գաղտնիք չէ՛, բայց այս նիւթին մասին չեմ խօսիր. կը փախիմ ես միշտ։ «Մամա» ըսեմ՝ սիրտս կը տրոփէ, աչքերս կը լեցուին։ 

Գահիրէի քիչ ծանօթութիւններուս մէջ «Եփրաքսէ հանըմ»ի մը, զարմանալիօրէն, չէի չհանդիպած ես, բայց այդ օրը, հեռաձայնային այդ խօսակցութենէն վերջ, տարիներո՜վ երեւակայութեանս մէջ հիւսուած այդ կերպարը, ձեր ըսածներով սրտիս մէջ մարմնացած էր կարծես։ 

Բարի՜ մօրմէ մը հնչած ջերմագին խօսք ու գովասանք էր լսածս. Ինչո՞ւ էր լացը։ 

Յետոյ գիտցայ։ 

Կարճ այդ վայրկեաններուն մէջ, շատո՜նց մէջս պահուած կարօտը շոյող, վէրքս կապող, վրաս ծածկող, ուսս շտկող ու անոր վրայ բաճկոն մը նետող «Պճեղ մը անուշ սիրտ»ը, շօշափած էի ես… 

Ի՛նչ ճանչնալ ու չճանչնալ այլեւս։

Ի՞նչ էր, ի՞նչ է ծանօթութիւնը.

Տեղեկութի՞ւն է, թէ ոգի։ 

Կենսագրութի՞ւն է, թէ անշօշափելի լար։ 

Աչքով տեսնե՞լ է, թէ սրտով զգալ։ 

Սխալեցայ՝ չարաչար, երբ մտածեցի, որ ձեզ չեմ ճանչնար ես։ 

Կրնա՞ք ներել։ 

Գիտեմ, կրնա՛ք. Ձեր անուշ սիրտը վկայ։ 

Լաւ եղէ՛ք, տիկին Նատիա։

Գիտեմ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ամէն օր հայ թերթի մը հրատարակութեան պատասխանատուութիւնը կրել, բայց շարունակեցէ՛ք։

Մշուշոտ է մեր հայրենիքին երկինքը, անյայտ է գալիքը եւ խամրելու վրայ է մեր յոյսը… 

Շարունակեցէք դուք վառիլ, որ մեր՝ ձեր եւ ձեր նմաններուն լոյսով առաջնորդուողներուս ներսի ճրագը չմարի։

Ձեզի բի՜ւր յարգանք, ուժ, կորով եւ անհատնում սէր։ 

75-ը թիւ է, մէջինը՝ կեանք։ 

Երանի՜ ձեզի պէս ապրողներուն։

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026