ԱԿՆԱՐԿ - 173 - ԱՅԼԵՒՍ ՆՈՅՆԸ ՉԷ…
Վերջերս ընտանիքով Երեւան գացած էինք: Նպատակը՝ մեր զաւակներուն հետ քիչ մը պտտիլ, յետոյ Երեւանի հրապարակին վրայ «վայելել» շատրուանները…: Եօթ-ութ տարիներէ ի վեր այս պտոյտները արդէն սովորութեան վերածուած են: Այս տարուանը բաւական ուշացած էր՝ ինչ-ինչ պատճառներով: Նպատակը, ինչպէս ըսի, մեր զաւակներուն հետ պտտիլն է Երեւանի մէջ, անոնց ուրախութիւնը, մանկական զուարթ տրամադրութիւնը ապրիլ:
Նախորդող տարիներուն (բացի 2021 թուականինը, թէեւ ատկէ ետք ալ այլեւս նոյնը չէ) տարբեր համ ու հոտ կ՚ունենային մեր այդ այցելութիւնները; Երկէուանը, սակայն, այդպիսին չէր… Այդպիսին չեղաւ աւելիով, երբ ներկայ անորոշ կացութեան վերաբերեալ մտածումներուս մէջ թաղուած՝ յանկարծ կողակիցս, սրտահատորս մեղմ ձայնով մը հարցուց. «Դուն ալ նոյնը կը զգա՞ս, նոյն ծանրութիւնը, նոյն ճնշումը…»:
Փաստօրէն կողկաիցս ալ լուռ կերպով ինք եւս կը տառապէր ներքնապէս:
Այսօր գաղտնիք չէ, որ Հայաստանը կանգնած է բազմաշերտ ու գոյաբանական մարտահրաւէրներու դիմաց, հակառակ իշխող վարչախումբի այն անվերջ հաւաստիացումներուն, թէ երկիրը դէպի բարօրութիւն կ՚ընթանայ, թէ խաղաղութեան դարաշրջան մը արդէն կը բացուի եւ թէ շատ չանցած՝ քաղաքացին պիտի ապրի աւելի ապահով, աւելի բարեկեցիկ ու աւելի խաղաղ պայմաններու մէջ։ Սակայն, այս հնչեղ խոստումները, որքան ալ յաճախ կրկնուին, դժուար թէ կարենան ծածկել իրականութիւնը։ Ժողովուրդը իր առօրեային մէջ կը տեսնէ եւ կը զգայ այն, ինչ որ ո՛չ մէկ քարոզչութիւն կրնայ ժխտել։
Միւս կողմէ, այսպէս կոչուած «հարեւան»ը, ինչպէս զայն կը նախընտրեն կոչել գործող իշխանութիւնները, ո՛չ մէկ առիթ կը կորսնցնէ նոր սպառնալիքներ հնչեցնելու, նոր նախապայմաններ առաջադրելու եւ ռազմական ճնշումը շարունակելու։ Անոր նպատակները ո՛չ միայն չեն փոխուած, այլեւ օր ըստ օրէ կը դառնան աւելի բացայայտ։ Այս պայմաններուն մէջ խաղաղութեան մասին խօսիլը, առանց արժանապատիւ եւ կայուն անվտանգութեան հիմքերու, աւելի ինքնախաբէութեան փորձ է, քան՝ իրական քաղաքականութիւն։
Բայց վտանգները միայն սահմաններուն վրայ չեն։ Աւելի սարսափելին է այն, ինչ կը կատարու երկրէն ներս։ Հասարակութիւնը օր օրի աւելի կը բեւեռանայ, ատելութեան եւ անհանդուրժողականութեան լեզուն կը դառնայ սովորական երեւոյթ, իսկ բռնութիւնը, զէնքի գործածութիւնը, ընտանեկան ողբերգութիւններն ու քրէական դէպքերը մտահոգիչ արագութեամբ կը շատնան։ Այս բոլորը կը վկայեն, որ հասարակական հիւանդութիւն մը կը խորանայ եւ ատիկա կարելի չէ ու պիտի չըլլայ միայն օրէնքով կամ վարչական միջոցներով բուժել։
Տնտեսական ճակատն ալ վստահութիւն ներշնչող պատկեր մը չի՛ ներկայացներ։ Թէեւ երբեմն մամուլը՝ յատկապէս իշխանական, կը փորձէ բարելաւուած վիճակի տպաւորութիւն ստեղծել, սակայն, հասարակ քաղաքացին իր գրպանին մէջ ուրիշ իրականութիւն մը կը զգայ։ Ապրուստի ծախսերը կը շարունակեն աճիլ, բնակարանի, կրթութեան եւ առողջապահութեան ծախսերը բազմաթիւ ընտանիքներու համար կը դառնան դժուար տանելի, երբեմն նոյնսիկ անկարելի, իսկ երիտասարդներուն մեծ մասը տակաւին իր ապագան կը փորձէ պատկերացնել ո՛չ թէ հայրենիքին մէջ, այլ անոր սահմաններէն դուրս, ո՛չ թէ ֆորմալ կրթութեան մէջ, այլ օնլայն աշխատանքի մէջ, ուր եկամուտը անհամեմատելիօրէն աւելի բարձր է, քան որեւէ մէկ պետական կառոյցի մէջ։ Ժողովուրդ մը, որուն երիտասարդութիւնը սկսած է ապագան ուրիշ տեղ փնտռել, ինչպէս օտարութեան կամ օտար երկիրներուն իր երկրէն ներս ստեղծած սեւ շուկաներուն մէջ, չի՛ կրնար ինքնավստահ քալել դէպի վաղը, դէպի ապագայ։
Տակաւին, տնտեսական դժուարութիւններէն ալ աւելի ծանր են մշակութային եւ ազգային ինքնութեան առջեւ ծառացած սպառնալիքները։ Ժողովուրդները նախ կը պարտուին իրենց յիշողութեան առջեւ, ապա միայն ռազմադաշտին վրայ։ Երբ պատմութիւնը կը վերախմբագրուի, ազգային արժէքները կը նսեմացուին, ազգային խորհրդանիշները կը կորսնցնեն իրենց սրբութիւնը, իսկ հայրենասիրութիւնը կը ներկայացուի որպէս հինցած մտածողութիւն, անտեսանելի կերպով կը սկսի քայքայուիլ ազգին հոգեւոր ողնասիւնը։ Ազգ մը կրնայ տարիներ շարունակ տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւել, բայց չի՛ կրնար երկար գոյատեւել, եթէ հրաժարի իր պատմական յիշողութենէն եւ ազգային ինքնութենէն։
Նոյնքան մտահոգիչ է կրթական դաշտին մէջ տիրող իրավիճակը։ Դպրոցը եւ համալսարանը միայն մասնագէտ պատրաստելու վայրեր չեն. անոնք հայրենասէր, պատասխանատու եւ արժէքներով ապրող քաղաքացիներ կերտելու օճախներ են։ Երբ կրթութիւնը կը հեռանայ իր ազգային ու բարոյական առաքելութենէն, երբ պատմութեան, գրականութեան, հայոց լեզուին եւ ազգային դաստիարակութեան նշանակութիւնը կը նուազի, ապագայ սերունդները աստիճանաբար կը հեռանան իրենց արմատներէն։ Արմատներէն կտրուած ծառը կրնայ որոշ ժամանակ կանաչ թուիլ, բայց անոր ճակատագիրը վաղ թէ ուշ չորնալն է։
Ասոր կը գումարուի նաեւ հոգեւոր կեանքի ճգնաժամը։ Հաւատքը, ընտանիքը եւ բարոյական արժէքները դարեր շարունակ եղած են հայ ժողովուրդի գոյատեւման գլխաւոր յենասիւները եւ ատոնց առաջնային պաշտպանը եղած է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին։ Ցաւօք, այսօր գործող իշխանութիւնները բոլոր միջոցներով կը փորձեն հարուածել Հայ Եկեղեցին կազմաքանդելով անոր դարաւոր կառուցուածքը: Այս իրողութիւնը պատճառ կը հանդիսանայ, որ հայ ժողովուրդի գոյատեւման գլխաւոր յենասիւներուն հիմքերը խախտին, հասարակութիւնը սկսի ամէն ինչ չափել միայն նիւթական շահերով, ճշմարտութիւնը զոհաբերուի քաղաքական կամ անձնական շահերուն, իսկ բարին ու չարը կը ներկայացուին որպէս յարաբերական հասկացութիւններ եւ այսպէսով ժողովուրդը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր ներքին դիմադրականութիւնը։ Ազգերը նախ հոգեպէս կը թուլնան, ապա միայն քաղաքական կամ ռազմական պարտութիւններ կը կրեն։
Մեր ժամանակներուն ամենավտանգաւոր երեւոյթներէն մէկն ալ ազգային միասնականութեան աստիճանական քայքայումն է։ Քաղաքական հայեացքներու տարբերութիւնը բնական է, բայց, երբ այդ տարբերութիւնը կը վերածուի փոխադարձ ատելութեան, վիրաւորանքի եւ անհաշտութեան, ամբողջ ժողովուրդը կը տկարանայ։ Մինչ մեր շուրջը մարտահրաւէրները կը բազմապատկուին, մենք շատ յաճախ մեր ուժերը կը սպառենք իրարու դէմ պայքարելով (պահ մը նայինք հայկական քաղաքական դաշտին)։ Պատմութիւնը, սակայն, մէկ ճշմարտութիւն բազմիցս ապացուցած է. հայ ժողովուրդը իր մեծ յաղթանակները արձանագրած է միայն այն ժամանակ, երբ ներքին բաժանումները ստորադասած է ազգային գերագոյն շահերուն։
Այս մտածումներով ծանրաբեռնուած էի՝ փաստօրէն նաեւ սրտահատորիկս, մինչ մեր զաւակները անհոգ ուրախութեամբ կը դիտէին շատրուանները։ Անոնց աչքերուն մէջ միայն մանկական խանդավառութիւն կար, մինչ մեր աչքերուն մէջ՝ վաղուան նկատմամբ անպատասխան հարցումներ։ Այդ պահուն ներքնապէս զգացի, թէ ծնողի մը ամենամեծ մտահոգութիւնը ո՛չ թէ իր ներկայ օրն է, այլ այն հայրենիքը, զոր պիտի ժառանգեն իր զաւակները։ Ի՞նչ Հայաստան պիտի ունենան անոնք։ Ի՞նչ արժէքներու վրայ պիտի կառուցեն իրենց կեանքը։ Պիտի կարենա՞ն արդեօք նոյն հպարտութեամբ հայ կոչուիլ եւ իրենց զաւակներուն փոխանցել այն հայրենիքը, զոր մենք ժառանգեցինք մեր նախորդ սերունդներէն։
Այդ պատճառով էր, որ այս անգամ Երեւանի գեղեցիկ լոյսերը, հրապարակին շքեղ շատրուաններն ու ամառնային եռուզեռը չկրցան փարատել հոգիիս ծանրութիւնը։ Երբ հայրենիքիդ ապագան մշուշոտ կը թուի, արտաքին գեղեցկութիւնը անկարող է ամբողջական ուրախութիւն պարգեւելու։ Որովհետեւ իսկական խաղաղութիւնը շատրուաններու ջուրին մէջ չէ, քաղաքի լոյսերուն մէջ չէ, «կեանքով» լեցուն եռուզեռին մէջ չէ, այլ այն վստահութեան, անվտանգութեան, արդարութեան, ազգային արժանապատուութեան եւ հոգեւոր ամրութեան մէջ, որոնք կը դարձնեն հայրենիքը ո՛չ միայն բնակավայր, այլեւ տուն։ Եւ այդ տունը պահելը այլեւս միայն իշխանութիւններու պարտականութիւնը չէ. անիկա մեզմէ իւրաքանչիւրին պատասխանատուութիւնն է՝ մեր հաւատքով, ազգային գիտակցութեամբ, սթափութեամբ, միասնութեամբ եւ հայրենիքին նկատմամբ անսակարկելի սիրով։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
2 օգոստոս 2026, Վաղարշապատ