ՃԻՇԴ ՀԱՇԻՒԸ
Սեւակն ու Վաչէն ուսուցիչի սեղանին մօտ կանգնած կը խօսէին: Անդին, Տրդատը իր գրասեղանին ետին նստած գիրք մը կը թերթատէր: Սեւակը Վաչէին հետ զրուցած ժամանակ չէր նկատած, որ ձեռքին մէջ ճմռթած ու պատռած էր թուաբանութեան ուսուցիչին՝ պարոն Մարտիրոսին մէկ տետրակը: Երբ նկատեց, Վաչէի ականջին բան մը փսփսաց ու անմիջապէս հեռացան:
Տրդատը եղելութեան ականատես եղած էր:
Յաջորդ դասապահը թուաբանութիւն էր:
Պարոն Մարտիրոսը ըստ սովորութեան ուրախ տրամադրութեամբ եւ ժպիտով բարեւեց ու դասարան մտաւ:
Երբ կը դասաւորէր իր գիրքերն ու թուղթերը, որպէսզի դասի սկսէր, նկատեց, որ իր տետրակներէն մէկը պատռուած էր: Առնելով զայն իր ձեռքերուն մէջ, աշակերտներուն հարցուց.
-Տղա՛ք (սովորութիւն ունէր թէ՛ տղոց, թէ՛ աղջիկներուն տղաքով դիմել), մէկը գիտէ՞, թէ ի՛նչ պատահած է այս տետրակին:
Տրդատ, որ ականատես եղած էր պատահածին պահ մը մտածեց խօսիլ, բայց հրաժարեցաւ: Սեւակը իր մտերիմ ընկերն էր: Դառնալով Սեւակին նշան ըրաւ անոր, որպէսզի խօսի: Սեւակը սկիզբը չուզեց՝ վախի պատճառով, յետոյ, սակայն, ձեռքը բարձրացուց, ոտքի կանգնեցաւ եւ սկսաւ խօսիլ.
-Ե՛ս պատռեցի, պարոն Մարտիրոս…
Քար լռութիւն տիրեց դասարանէն ներս: Վաչէն զարմացած կը նայէր Սեւակին եւ չէր հասկնար, թէ ի՛նչ կը կատարուի: Չէ՞ որ դէպքը պատահելէն ետք խնդրած էր իրմէ ո՛չ ոքի բան ըսել, գաղտնի պահել ու հեռացած էին սեղանին մօտէն: Հիմա ի՞նչ եղած էր, որ Սեւակ կը խոստովանէր: Վաչէն չէր հասկնար:
-Քիչ առաջ դասընկերներէս մէկուն հետ ուսուցիչի գրասեղանին մօտ կանգնած կը զրուցէինք եւ առանց զգալու՝ յանկարծ նկատեցի, թէ ձեր տետրակը ճմռթած ու պատռած եմ:
-Հապա ինչո՞ւ անմիջապէս չեկար ու տեղեկացուցիր ինծի պատահածը:
-Պարոն Մարտիրոս, անկեղծ ըլլալու համար, դէպքը պատահելէն ետք որոշած էի ո՛չինչ ըսել ու գաղտնի պահել եղելութիւնը: Բայց…
Սեւակը լռեց: Նայեցաւ Տիգրանին ու գլուխը խոնարհեցուց:
-Բայց ի՞նչ, Սեւա՛կ:
Պարոն Մարտիրոսն էր:
-Բայց… Տրդատը, որ տեսած էր պատահածը եւ նկատած էր իմ հեռանալս, ետեւէս գալով ուզեց խօսիլ ինծի հետ:
-Ե՞ւ:
-Սկիզբը հարցուց, թէ ի՛նչ փսփսացի միւս դասընկերոջս եւ իմանալէ ետք ըսածս, խնդրեց ինձմէ, որպէսզի գամ ձեր մօտ եւ պատմեմ եղելութիւնը: Ինչպէս նկատեցիք, ես չեկայ, որովհետեւ կը վախնայի: Մինչեւ հիմա ալ կը վախնամ: Յետոյ Տրդատը բացատրեց ինծի, ըսելով, թէ եթէ ես չխոստովանիմ սխալս, կրնայ ըլլալ դասարանցիներէս անմեղ մէկը մեղադրուի եւ խնդիրը երթալով խորանայ: Միւս կողմէ, ինծի համար ալ լաւ չէր գաղտնի պահել կատարուածը: Եղածը եղած է: Ճի՛շդ է անգիտակցաբար ըրած եմ այդ մէկը, բայց արդիւնքը այն է, որ ձեր տետրակը պատռուած է եւ լաւագոյն լուծումը այս խնդիրին ըստ Տիգրանին պիտի ըլլար այն, որ խոստովանէի եւ սպասէի ձեր որոշումին…
Սեւակը դարձեալ լռեց եւ գլուխը կախեց:
Պարոն Մարտիրոս, որ ուշադրութեամբ կը լսէր Սեւակին խօսքերը, պարզապէս հիացած էր անոր եւ Տրդատի ունեցած տրամաբանութեան վրայ: Ինք պատռած էր տետրակը՝ չուզելով, Տրդատ տեսած էր պատահածը, հասկցած էր, որ Սեւակ ուզած է գաղտնի պահել, քանի մը նախադասութիւններով համոզած էր զինք, որպէսզի ճշմարտութիւնը պատմէ: Թէեւ սկիզբը վախցած էր, բայց իր մէջ համարձակութիւն գտած էր ամբողջ դասարանին առջեւ կանգնելու եւ խոստովանելու եղելութիւնը: Տակաւին, համարձակութիւն գտած էր խոստովանելու նաեւ, թէ այդ քայլին զինք մղողը եղած է Տրդատը:
Պարոն Մարտիրոս պահ մը լուռ մնալէ ետք Սեւակին ուղղելով իր խօսքը, ըսաւ.
-Ապրի՛ս, Սեւակ, որ համարձակութիւն գտար մէջդ ընդունելու դասընկերոջդ խօսքը եւ խոստովանելու պատահածը: Հիմա տեղդ անցիր եւ յաջորդին զգոյշ եղիր, որպէսզի նման իրավիճակներու մէջ չյայտնուիս: Խօսքը կը վերաբերի բոլորիդ, տղա՛քս: Դասամիջոցներու ընթացքին զգոյշ պէտք է ըլլաք, որպէսզի նման իրավիճակներ չստեղծուին:
Ապա դառնալով Տրդատին, ըսաւ.
-Տրդա՛տ, կը քաջալերեմ կեցուածքդ: Բոլորը չեն, որ այդպէս կը վարուին: Դուն այդ քայլը կատարելով ո՛չ միայն օգնեցիր Սեւակին, որպէսզի սկիզբէն առաջքը առնէ պատահածին, այլ դրսեւորեցիր ընկերութեան լաւագոյն օրինակ մը: Իրաւ ընկերները այդպիսի կ՚ըլլան. իրարու ուրախակից, իրարու ցաւակից, մէկ խօսքով իրենց լաւ եւ գէշ պահերը իրարու հետ կը բաժնեկցին: Նոյն այս ոգիով շարունակեցէք ընթանալ, տղա՛քս:
Պարոն Մարտիրոս պահ մը լռեց եւ շարունակեց.
-Տղա՛քս, թուաբանութեան մէջ ամէն գործողութիւն իր արդիւնքը ունի։ Երբ երկու թիւեր իրարու գումարենք, որոշակի պատասխան մը կը ստանանք։ Երբ սխալ թիւ մը գործածենք, ամբողջ հաշիւը կը սխալի։ Նոյն այս տրամաբանութիւնը կը վերաբերի մեր կեանքին, մեր ունեցած ընկերութիւններուն, մտերմութիւններուն, բայց մէկ տարբերութեամբ. թուաբանութեան մէջ սխալ հաշիւը պէտք է ուղղել, իսկ կեանքին մէջ՝ սխալը խոստովանիլ, որպէսզի ճիշդ ճանապարհը գտնենք։ Մի՛շտ յիշեցէք այս ճշմարտութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ