ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ - «ՀԱՒԱՏՔԻ ԱՐՈՒԵՍՏԸ». ԶԱՐԵՀ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Վերջերս անակնկալ կերպով եւ մեծ ուրախութեամբ ստացայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ եւ խոստմնալից միաբաններէն՝ Տ. Զարեհ ծայրագոյն վարդապետ Սարգիսեանին գիրքը: Հայր Զարեհը մօտէն ճանչնալու առիթը ունեցած եմ եւ այս գիրքը առիթ մը հանդիսացաւ տարիներ ետ երթալու եւ ի՜նչ-ինչ յիշատակներ վերապրելու:
Գիրքին վերնագիրը՝ «Հաւատքի արուեստը» առաջին ակնարկով քիչ մը տարօրինակ կը թուի, բայց, երբ սկսինք թերթատել զայն, մեր աչքին ու միտքին առջեւ կը բացուի այդ վերանգիրին խոր իմաստը՝ մեզ առաջնորդելով մեր առօրեայ հաւատքի կեանքի խորերը: Այս գիրքը, առիթ մը կ՚ընծայէ ընթերցողին մտածել այնպիսի իրողութիւններու մասին, որոնք թէեւ իր կեանքին անբաժան մէկ մասն են, բայց տարբեր հանգամանքներով ուշադրութիւն չէ՛ դարձուցած անոնց, կամ երբեմն նոյնիսկ չէ գիտակցած անոնց ներկայութեան:
«Հաւատքի արուստը. Սուրբգրային, եկեղեցաբանական եւ բարոյական ընդհանուր ուղղութիւններ» գիրքը լոյս տեսած է 2025 թուականին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս, «Սիս» հրատարակչութենէն, ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմի ազգային առաջնորդարան: Գերապատիւ հայր սուրբ գիրքը ձօնած է՝ «քացրաբարոյ մօրս՝ Տիրամայր Լուսին Սանոսեան-Սարգիսեանի անմոռանալի յիշատակին» (3): Հատորը լոյս տեսած է ազնիւ մեկենասութեամբ տքթ. Արմէն եւ Ատրինէ Տէր-Յարութիւնեաններու: Գիրքը թղթակազմ է, կը բաղկանայ 320 էջերէ:
Գերապատիւ հեղինակը իր ներածական խօսքէն ետք (7-14), գիրքի ներքին բաժանում մը կատարած է, զայն չորս մասերու բաժնելով, այսպէս.
Առաջին մաս. Սուրբգրային (17-105): Այս բաժինին մէջ հեղինակը քսաներկու վերնագիրներու տակ կը խօսի Սուրբ Երրորդութեան, Ստեղծագործութեան, հաւատքի եւ գիտութեան, փրկութեան եւ քաւութեան, դժոխքի ու գեհենի, հրեշտակներու, սատանայի, դեւերու եւ այլ Սուրբգրային նիւթերու մասին:
Երկրորդ մաս. Եկեղեցական (109-166): Այս բաժնին մէջ հայր սուրբը կը խօսի Սուրբ Եկեղեցւոյ, Առաքելական յաջորդականութեան, Հաւատամքի, եկեղեցական կարգապահութեան, սուրբերու բարեխօսութեան եւ անոնց մասունքներուն, ննջեցեալներուն համար աղօթելու, ամուսանացեալ եւ կուսակրօն քահանայութեան, իգական սեռի քահանայագործութեան, վանականութեան եւ այլ նիւթերու մասին, զորս ամփոփած է տասնութ վերնագիրներու տակ:
Երրորդ մաս. Պաշտամունքային-ծիսական (169-230): Այս բաժինին մէջ հայր սուրբը կը խօսի եկեղեցական պաշտամունքի մասին. ինչպէս օրինակ՝ ժամերգութիւններու, խորհուրդներու, տօներու, Ս. Պատարագի, խոստովանութեան, Հայ Եկեղեցւոյ ճարտարապետութեան, խաչակնքումի, սրբապատկերներու եւ այլ նմանօրինակ նիւթերու մասին՝ տասնհինգ վերնագիրներով:
Չորրորդ մաս. Ընկերա-բարոյական (233-312): Վերջին բաժինին մէջ հեղինակը կը խօսի պսակի կամ ամուսնութեան, նախամուսնական սեռային յարաբերութիւններու եւ ընդհանրապէս սեռային յարաբերութիւններու, արհեստական սերմանումի, միասեռականութեան, սեռափոխութեան, պոռնկագրութեան, թմրամոլութեան, մարդկային իրաւուքներու, պատերազմի, մեռնելու թոյլտուութեան, անձնասպանութեան, բնապահպանութեան, արհեստական բանականութեան եւ այլ նիւթերու մասին, զորս ամփոփած է քսաներեք վերնագիրներու տակ:
Վերոյիշեալ բաժիններուն մէջ Հայր Զարեհին շօշափած նիւթերուն մօտեցումը յատկանշական է իր հաւասարակշռութեամբ. ան չի սահմանափակուիր զուտ տեսական կամ քարոզչական շրջանակով, այլ կը փորձէ կենդանի երկխօսութիւն հաստատել հաւատքի եւ արդի կեանքի միջեւ։ Եկեղեցական աւանդութիւնը կը ներկայացնէ ո՛չ որպէս կոշտ կանոնագիրք, այլ՝ որպէս իմաստութեան աղբիւր, որ կը լուսաւորէ ժամանակակից մարդը, յատկապէս՝ երիտասարդութեան դիմագրաւած բարոյական բարդութիւնները։ Միաժամանակ, ան ուշադիր է գիտական եւ ընկերային զարգացումներուն, փորձելով անոնց հետ մտնել պատասխանատու եւ քննադատական, բայց նաեւ բաց ու հասկացող վերաբերմունքի մէջ։
Հատորի աւարտին զետեղուած են «Աւարտ» վերանգիրով գրութիւն մը (313) եւ Օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ մը (314-319)՝ հայերէն աղբիւրներ (Սուրբ Գիրք, Ծիսական գիրք, Հայրաբանական գիրք), օտար աղբիւրներ (Սուրբ Գիրք, Հայրաբանական գիրք, հեղինակներու գիրքեր):
«Աւարտ» գրութեան մէջ հեղինակը կը գրէ. «Շատ բան կարելի էր տակաւին ըսել, բայց կը բաւարարուիմ այս հակիրճ աշխատասիրութեամբ, որովհետեւ որքան ալ փորձենք անպարփակելի, անիմանալի եւ անսահմանելի Աստուծոյ մասին խօսիլ, պէտք է խոնարհութեամբ գիտակցինք, թէ շատ քիչ եւ պակասաւոր է տակաւին մեր գրածը Աստուծոյ մասին:
Աստուծոյ անհասանելի վեհափառութեան դիմաց եւ միաժամանակ Անոր փրկութեան եւ որդեգրութեան շնորհքին նկատմամբ մեր պատասխանը միմիայն գոհաբանութեան եւ փառաբանութեան օրհներգութիւն պէտք է ըլլայ: Աստուած Աբրահամին ըսաւ. «…քեզ պիտի օրհնեմ… ու դուն օրհնութիւն պիտի ըլլաս» (Ծն 12.2): Նոյն օրինակով, այս աշխարհին վրայ Աստուծմէ կ՚օրհնուինք, մենք ալ մեր կարգին օրհնելու համար: Կը ներուինք՝ ներելու համար: Կը սիրուինք՝ որպէսզի սիրենք: Կը փրկուինք՝ ուրիշները փրկութեան առաջնորդելու համար: Հանգիստ կը ստանանք՝ ուրիշները հանգստացնելու համար: Կը սպասաւորուինք՝ սպասաւորելու համար: Հօր առջեւ Քրիստոս մեզ Իրը կը դաւանի, որպէսզի մենք ալ մարդոց առջեւ զԻնք մերը դաւանինք» (313): Այո՛, հակիրճ աշխատասիրութիւն մըն է, հակիրճ գրութիւններով, որովհետեւ գիրքին մէջ տեղ գտած գրութիւնները ընհանուր առմամբ 3-4 էջի սահմանները չեն անցնիր, սակայն, իրենց մէջ կը պարունակեն այնքան տարրական գիտելիքներ, որոնք իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալի համար կրնան մեծ օգտակարութիւն ունենալ, որովհետեւ հայր սուրբը դուրս գալով աւանդական գրելաոճէն՝ որով յատկանշուած են մեր գրող հոգեւորականներէն շատերը, այսինքն՝ քարոզներ, բարոյախրատական գրութիւններ, Սուրբգրային կամ պատմական ուսումնասիրութիւններ, Հայր Զարեհը այս բոլորը մէկ կողմ ձգելով, անդրադարձած է այնպիսի նիւթերու, որոնք անմիջականօրէն առընչուած են մեր եկեղեցւոյ, մեր՝ մարդոց եւ յատկապէս երիտասարդներու առօրեայ կեանքին: Հայր սուրբը որոշ գրութիւններու մէջ կը խօսի նաեւ այնպիսի նիւթերու մասին, որ մինչեւ այսօր տակաւին մեր եկեղեցին յստակ տեսակէտ չունի այդ նիւթերու՝ յատկապէս ընկերաբարոյական նեիթերու մասին. ինչպէս օրինակ՝ արհեստական սերմանումի մասին, հակաարգասաւորման կանխարգելքի մասին, մահապատիժի մասին, մեռնելու թոյլտուութեան մասին, օրկաններու փոխատնկումին մասին, դիակիզումի մասին, արհեստական բանականութեան մասին եւ այլն: Ոմանք այստեղ կրնան հակառակիլ՝ ըսելով, թէ եկեղեցին որոշ դիրքորոշում ունի: Զգոյշ պէտք է ըլլալ եւ եկեղեցին եկեղեցականին հետ պէտք չէ նմանցնել, որովհետեւ եկեղեցականը որպէս անհատ կրնայ յստակ դիրքորոշում ունենալ, յայտնել իր կարծիքը, բայց այս բոլորը դեռ եւս չեն նշանակեր, որ այդ եկեղեցւոյ դիրքորոշումն է, քանի որ եկեղեցին ո՛չ թէ անհատներու կարծիքով դիրքորոշում կ՚որդեգրէ, այլ՝ եկեղեցական կանոնական ժողովներով: Այս առումով Տ. Զարեհ ծայրագոյն վարդապետ Սարգիսեանի «Հաւատքի արուեստ» գիրքը որպէս ձեռնարկ կրնայ ծառայել, յստակ դիրքորոշումներ որոնելու ճամբուն վրայ:
Հայր Զարեհը տարբեր գրութիւններու պարագային յաճախ շեշտած է, թէ ներկայացուցածը իր կարծիքը կամ մօտեցումն է. «Ընթերցողին ազնիւ ուշադրութեան նաեւ կը յանձնեմ, որ Հայ Եկեղեցին տակաւին պաշտօնական տեսակէտներ չունի այս գիրքին արծարծած շատ մը արդիական նիւթերու մասին: Նման պարագաներու, փորձած եմ անձնական ուսումնասիրութեամբ ներկայացնել նիւթին առընչութեամբ իմ հայեցակէտս: Միշտ յիշեցէք սակայն, որ առաքեալին օրինակով, «ասիկա ձեզ դատապարտելու համար չեմ ըսեր, որովհետեւ… դուք մեր սրտին մէջ էք եւ ոչինչ կրնայ մեզ ձեզմէ բաժնել» (Բ. Կր 7.3), հետեւաբար՝ «հրահանգ մը չէ այս տուածս, այլ պարզապէս՝ ներողամիտ կեցուածք» (Ա. Կր 7.6)» (13):
Ուրախալի պիտի ըլլայ, որ մօտիկ ապագային գերապատիւ հայր սուրբը նոր հատորներ եւս լոյս աշխարհ բերէ, օգնելով Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներուն աւելի լաւ ու աւելի մօտէն ճանչնալու, հասկնալու եւ ըմբռնելու իրենց Մայր Եկեղեցւոյ դաւանաբանութիւնն ու վարդապետութիւնը, հասկնան ու ճանչնան զիրենք որպէս Աստուծոյ զաւակներ եւ յաւիտենականութեան հրաւիրուած անհատներ, ինչպէս նաեւ գիտակցելու իրենց դերին ու պարտականութեան Հայ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, որպէս արժանաւոր զաւակները նոյն այդ եկեղեցւոյ:
Ա՛լ աւելի ուրախալի պիտի ըլլայ, որ Հայր Զարեհը այս գիրքին չորրորդ մասը՝ ընկերաբարոյական հատուածին մէջ ներկայացուցած նիւթերը որպէս առանձին գիրք պատրաստէ հրատարակութեան՝ աւելի ընդարձակ ուսումնասիրութիւններով եւ Սուրբգրային ու գիտական վկայութիւններով հարուստ:
Ա՛լ աւելի ուրախալի պիտի ըլլայ, որ Հայր Զարեհը իր «Հաւատքի արուեստ» գիրքին չորրորդ մասը՝ ընկերաբարոյական նիւթեր, որոնք հարուստ են ժամանակակից հարցերով, առանձին գիրքի մը վերածէ եւ հրատարակութեան պատրաստէ՝ աւելի ընդարձակ ուսումնասիրութիւններով, խորացուած վերլուծութիւններով եւ Սուրբգրային ու գիտական հիմնաւոր վկայութիւններով։ Այս հատուածին մէջ ամփոփուած նիւթերը իրենց այժմէականութեամբ կը պահանջեն աւելի լայն հարթակ մը, ուր հայր սուրբը կարելիութիւն պիտի ունենայ ամբողջականօրէն զարգացնել իր միտքերը, ներկայացնել տարբեր տեսանկիւններ եւ ընթերցողին տրամադրել մտածելու եւ կողմնորոշուելու աւելի ամբողջական միջոցներ։
Առանձին գիրքի մը մէջ այս նիւթերուն աւելի մանրամասն անդրադառնալը, առիթ պիտի ընծայէ հայր սուրբ՝
- աւելի հանգամանօրէն ներկայացնել աստուածաբանական հիմքերը,
- Սուրբգրային բազմաթիւ մէջբերումներ կատարել՝ համապատասխան մեկնաբանութիւններով ու բացատրականներով,
- ներգրաւել արդի գիտական, հոգեբանական եւ ընկերաբանական հետազօտութիւններ:
Յ.Գ. Յառաջիկայ շաբաթ օրուան մեր սիւնակով Հայր Զարեհի «Հաւատքի արուեստը» գիրքէն հատուածներ պիտի ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն, որպէսզի որոշ կարծիք մը կարենան կազմել այս գիրքին մասին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մայիս 2026, Վաղարշապատ