ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
1. Ի՞նչ է Սուրբ Հաղորդութիւնը: 2. Քրիստոսի մէկ անգամ կատարած պատարագը բաւարար չէ՞ր: 3. Քրիստոսի ըսած խօսքը, հացին ու գինիի՞ն կը վերաբերին, թէ՞ ոչ:
1. Ամենասուրբ Հաղորդութեան, Քրիստոսի սեղան կ՚ըսենք մանանային նկատմամբ. պատարագ եւ սեղան կ՚ըսենք Գառն Աստուծոյ զոհուելուն նկատմամբ1, ինչպէս որ աստուածահաճոյ նուէրներուն եւ աղօթքներուն ալ պատարագ կ՚ըսուէր. «Անոր պատարագ բերին» (Մտ 2.11). «Երբ պատարագ Սեղանին կը մօտեցնես» (Մտ 5.23). «Բարձրացած ձեռքերս, երեկոյի պատարագ» (Սղ 140.2). ըստ այսմ, Սուրբ Գիրքին մէջ դարձեալ պատարագը երկու կերպ է. նուիրական եւ զոհողական, այն է՝ արեան պատարագ, ինչպէս որ Հին օրէնքին մէջ կար, որ Քրիստոսով աւարտեցաւ. «Մէկ անգամ պատարագուեցաւ» (Եբր 7.27), խաչին վրայ Աստուծոյ Գառը. ասոր համար Քրիստոսի մարմինին եւ արեան խորհուրդին սեղան ու պատարագ կ՚ըսենք, աղօթքով եւ ողորմութեամբ. յաւիտենական հաց ըլլալուն համար Սուրբ Պատարագ է2։
2. Քրիստոս մէկ անգամ պատարագուեցաւ, այս տարբերութեամբ, այն է ըստ կարգին Մելքիսեդեկի յաւիտենական քահանայ եւ իւրաքանչիւր անգամ միեւնոյն զոհը, ո՛չ թէ այս տարի այս ինչ ճերմակ երինջը, եկող տարի ալ այն ինչ սեւ նոխազը, որովհետեւ անոնց փոխարէն Քրիստոս Ինք զոհ եղաւ մէկ անգամ եւ Իր մարմինը ձգեց. նոյն օրը, նոյն ժամուն հազարաւոր եկեղեցիներու մէջ հազարաւոր քահանաներ մեղքերու քաւութեան համար պատարագ կը մատուցեն, զատ-զատ երինջներ ու գառնուկներ կամ նոխազներ չեն, այլ՝ Աստուծոյ միեւնոյն Գառն է. ասոր համար կ՚ըսէ մէկ անգամ պատարգուեցաւ, ինչպէս որ Քրիստոս ալ ըսած էր «քանի անգամ որ ընէք, Իմ յիշատակիս համար ըրէք», այսինքն՝ ո՛չ թէ այս ինչ նոխազին, միւս անգամ ալ այն ինչ գառնուկին յիշատակն է. նոյնպէս Պօղոս հաստատելով եւ ճիշդ Քրիստոսի խօսքէն առնելով կ՚ըսէ. «Տիրոջմէ առի ու ձեզի աւանդեցի…, ինչքան որ ընէք՝ զիս յիշելու համար է» (տե՛ս Ա. Կր 11.23). դարձեալ, թէ՝ «անարժանութեամբ ուտող Տիրոջ մարմինին ու արեան պարտական պիտի մնայ…, որովհետեւ Տիրոջ մարմինը չի՛ զանազաներ» (27-30), որ ըսել է հացութենէ ելած է բարոյապէս, որովհետեւ հացէն զանազանուելուն համար հացին պարտական չի՛ մնար, այլ՝ Տիրոջ մարմինին:
3. Քրիստոսի որոշած հացը այլաբանութիւն չ՚ընդունիր, որովհետեւ Աստուածային վճիռ է: Յովհաննէսի Աւետրանին այս խօսքը, թէ «խօսքս կեանք տուող է», նախապաշարում ունեցող հրեաներուն համար էր: Անոնք տեսան, որ երկու հացով հինգ հազար մարդ կշտացուց (Յհ 6.12). այս մարդիկը զՔրիստոս թագաւոր ընել ուզելով Անոր չորս կողմէ կը հաւաքուէին, որպէսզի կորստեան ապականացու կերակուրէն միշտ կշտանան. Քրիստոս ալ անոնց միտքը կը բացատրէ, թէ «դուք հրաշքի համար չեկաք, այլ՝ կշտանալու համար. ո՛չ թէ կորստեան կերակուրին, հապա կենդանութեան կերակուրին համար աշխատեցէք» (Յհ 6.20):
Այս կէտը շարունակելով եւ երդումի ձեւով կ՚ըսէ, թէ «ճշմարիտ ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի… Իմ մարմինս ճշմարիտ կերակուր է, արիւնս ալ ճշմարիտ խմելիք» (նոյն 54-56). այս խօսքը աշակերտներն ալ կասկածի մէջ ձգելուն համար Քրիստոս բացատրել ուզեց, քանի որ միշտ խօսած առակները եւ օրինակները Իր աշակերտներուն կը մեկնէր կա՛մ քիչ մը առաջ կամ քիչ մը ետքը. ինչպէս որ ձեռքերը առանց լուալու ուտելուն համար ըսած խօսքը բացատրած է, թէ հրէական լուացումին համար է. «Տակաւին չէ՞ք հասկնար, առանց ձեռքերը լուալու ուտելը չի՛ պղծեր» (տե՛ս Մտ 15.20). «Խօսած առակները Իր աշակերտներուն առանձինն կը մեկնէր» (Մր 4.33-35): Ասոր համեմատ հացին խօսքը հոգեւոր խորհուրդ մը ըլլալը իմացնելու համար «մարմինը օգուտ չ՚ըներ, Իմ խօսք հոգի է», ըսաւ։ Այնպէս որ մարմնաւոր աչքերով ձեր տեսածին մէջ հոգեւոր տեսութիւն կայ, Իմ խօսք հոգեւոր կերակուրի վերաբերեալ է. նաեւ, այս խօսքերը խաչուելէն առաջ էր, խաչուելուն գիշերը «ճշմարիտ, ճշմարիտ» եբրայականէն զատ մեզի համար ալ երդում եղած խօսքը տեղը բերաւ: Ճիշդ հացով ու գինիով ըլլալիք ըլլալը, անշուշտ, աշակերտներուն ըսած էր. ինչպէս որ հիմա մի քանիներու խելքերուն չի՛ հասնիր հացն ու գինին Քրիստոսի մարմին ու արիւն ըլլալը. նոյնպէս աշակերտներէն ոմանց միտքէն վեր եկաւ, որ Անկէ հեռացան, որովհետեւ եթէ այդպէս չըլլար ու լոկ ներքին հաւատքի վերաբերեալ խօսք մը ըլլար՝ չէին փախչեր, որովհետեւ սկիզբէն հաւատացած էին (Յհ 6.67). բայց որոնք որ հաստատուն կերպով հաւատացին՝ վերանատան մէջ վերջին գիշերը իրենց աչքով տեսան, որ հացն ու բաժակը օրհնեց եւ սկիզբէն ըսածը իրապէս վաւերացուց (Մտ 26.26): Իսկ եթէ այս հացն ու գինին առակի կամ օրինակի համար խօսուած խօսք մը ըլլար, առակին մէջ ի՞նչ մեղք պիտի ըլլար, որ առաքեալը անարժանութեամբ չմօտենալ կը հարամայէ. «Մարդ ինքզինք թող փորձէ ու ետքէն մօտենայ»: Եթէ առակի վերաբերեալ բան մը կար, կա՛մ Քրիստոս եւ կա՛մ առաքեալները գոնէ բան մը կ՚ըսէին: «Հացը ձեռքը առաւ, օրհնեց ու ըսաւ. ասիկա մարմինս է». «Ես եմ կենդանի հացը, մարմինս ճշմարիտ կերակուր է». այս խօսքերը ըսողը չորս օրուան մեռածին՝ «դուրս ե՛լ, եկուր» ըսող բերանն է: Նաեւ կասկածի տեղիք չտալու համար, յարութենէն վերջն ալ վաւերացուց. «Հացը օրհնեց, կտրեց եւ տուաւ. այն ատեն անոնց աչքերը բացուեցան» (Ղկ 24.32)։ Այս հոգեւոր Սուրբ Խորհուրդին միջոցով բացուեցան անոնց աչքերը: Նոյնպէս Պօղոսի ըսած հացն ու գաւաթը Քրիստոսի Խաչին վրայի մարմինը չըլլալէն զատ գոնէ վերնատան մէջ օրհնուած հացին կտորներն ալ չէին. հապա ուրիշ հաց մըն էր, որուն համար կ՚ըսէ. «Դուք դատեցէք. օրհնուած բաժակը Տիրոջ արիւնը չէ՞ կամ հացը Տիրոջ մարմինին հաղորդութիւնը չէ՞» (տե՛ս Ա. Կր 10.16), հետեւաբար, սկիզբը ստուերապէս մանանայ եւ զոհ, ետքէն Նոր ուխտի համար հացն ու գինին Քրիստոսի մարմինն ու արիւնն են՝ «ի թողութիւն մեղաց», ատոր համար «ի սրբութիւն սրբոց» կ՚ըսենք:
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 26
Վաղարշապատ
1Հինին մէջ խորհուրդին ստուերը չորս էր, այն է՝ թլփատութիւն, զոհ, քահանայագործութիւն եւ սրբագործութիւն, բայց հայելիի օրինակով (Ա. Կր 13.12), որովհետեւ փրկութեան միջոց չէին, այլ՝ գալիք միջոցներուն ստուերը (Եբր 8.5, 9.23, 10.1). ուստի, զոհը Քրիստոսի մահուան, քահանայագործութիւնը՝ նոր հովիւներու, սրբագործութիւնը՝ ամբողջ կը բովանդակէր եւ քահանաներուն կը վերաբերէր: Մովսէսին աւանդուած մանանային սափորն ալ սրբութեան սեղանին վրայ ըլլալէն կ՚ապացուցուի, թէ Հաղորդութեան ստուերը կրկին էր, նախ՝ մանայան, երկրորդ՝ զոհին արիւնը եւ անխմոր հացը:
2Ոմանք բերանացի խորհուրդ կը կարծեն Հաղորդութիւնը, սակայն, սկզբունքով անկէ հեռու են. նախ՝ կ՚ըսեն, թէ «Քրիստոս մէկ անգամ պատարագուեցաւ, այլեւս ի՞նչ պէտք կայ». երկրորդ՝ «Քրիստոս՝ այս է մարմինս» խօսքը խաչին վրայ տարածուած մարմինին համար ըսաւ, հացին վերաբերեալ բան մը չկայ, ատիկա միայն յիշատակութիւն մըն է:
Ասոր վկայութիւն կ՚առնեն այս խօսքը, թէ «Հոգին է, որ կեանք կու տայ, մարմինը շահ մը չունի. այս խօսքերը, որ Ես ձեզի խօսեցայ հոգի ու կեանք են» (հմմտ. Յհ 6.63) կամ Պօղոսին ըսածը, թէ «Հին օրէնքին մէջ եղածները… խղճմտանքի կողմէ կատարեալ չէին, հապա միայն կերակուրներով ու խմելիքներով տեսակ տեսակ արարողութիւններ» (տե՛ս Եբր 9.9). այս կէտը նոյնիսկ լրագիրներուն մէջ տարածեցին, թէ չըլլայ, որ քրիստոնեայի մը միտքը ուղղակի հաւատք ունենայ գէթ Քրիստոսի այս խորհուրդին վրայ. ջանացին, որ ասկէ ալ մոլորեցնեն խեղճ ռամիկները: Ասոր վերաբերեալ աւելի ծանրացան, թէ «Մկրտութիւն, Հաղորդութիւն եւ միւս խորհուրդները փրկութեան ի՞նչ օգուտ ունի. փրկութիւնը՝ վերստին ծնիլ, այսինքն՝ մեղքէ ետ քաշուիլն է: Եթէ մեղքէն չքաշուի, կրնա՞յ հաղորդուելով փրկուիլ»: Մենք հիմա այս խօսքերուն կա՛մ տղայական պիտի ըսենք կա՛մ խաբէական, որովհետեւ մեղքի մէջ առնելու արդէն ամէն մարդ կը վախնայ եւ այս գաղափարն ալ ընդհանուր է, որ այս մասին տղայական է: Գալով միւս կերպին, ի՞նչ եզրակացութիւն կ՚ելլէ «մեղքէն ետ չկեցողը ատոնցմով չի կրնար փրկուիլ. մեղքէն ետ կեցողն ալ արդէն վերստին ծնած ու փրկուած է. ուրեմն, ատոնց կարիք չկայ», ըսել է պարզապէս. այս ալ խաբեբայական է, քանի որ մեղքէն ետ քաշուելու համար դարձեալ միջոց պէտք է. քաշուելէն ետքը դարձեալ «անարժանութեամբ մի՛ մօտենար», կ՚ըսէ, ուրեմն, արժանի ըլլալ մեղքէն քաշուիլ ըսել է, մեղքէ սրբուելէն վերջ դարձեալ մօտենալը պարտք է, եթէ չըլլայ՝ չ՚ըլլար, ըսած է Քրիստոս: Եթէ այդ հացը Քրիստոսի մարմինին հետ յարաբերութիւն պիտի չունենար ու լոկ պատմութիւն էր, Աւետարան կարդալն ալ բաւարար էր. նիւթի ի՞նչ պէտքութիւն կար, հեթանոսներն ալ կը պատմեն ու կը յիշատակեն, թէ «Գալիլիացի մը շատ հրաշք ըրաւ, խաչուեցաւ, մեռաւ». հապա անարժանութիւնը ո՞ւր մնաց կամ եթէ լոկ պատմութիւն է, ի՞նչ պէտք է նոյնիսկ որոշել. «Քրիստոսի ըսած խօսքէ հոգի է եւ անոր հաւատալը ճաշակել է. Քրիստոս հացը իբր առակ խօսեցաւ» կամ եթէ «Քրիստոս մէկ անգամ պատարագուեցաւ», կ՚ըսէ (Այնուատէթ երես 96), այս խօսքերով բոլորովին փճացնել կ՚ուզէ:
Ճշմարտութեան շառաւիղը աչքը մտնելով միւս երեսին մէջ կեղծելով մը կ՚ըսէ, թէ «Սուրբ Խորհուրդ է, ընել պէտք է»: Ասակները, «պէտք է», կ՚ըսեն, ճշմարիտ հաւատացեալները պարտք է կը հաւատան, որ շատ տարբեր է. այսօր պէտք է կ՚ըսեն, իսկ վաղն ալ պէտք չէ ըսելնին կ՚ըլլայ: