ՏԱՍՆՀԻՆԳ ՄԱՅԻՍԻՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՆԱԽԱԴԱՍՈՒԹԵԱՆ Կ՚ԵՐԹԱՄ
1
Մայիսին, կը նստիս պսակաւոր հողմածաղիկներուն ու հրացանին միջեւ։
Ասիկա առաջին ճամբորդութիւնդ է։ Ասիկա վերջին երկիրն է։ Ամէն բան քեզի կ՚ըսէ. «Ահա՛ մահդ», որ քեզի կը հասնի յանկարծակի ու խորամանկ կերպով, ինչպէս հասարակածային անձրեւը։ Ուրեմն ո՞վ կրնայ հաւաքել տօնախմբութեան մնացորդները՝ առաջին մահը յիշելու համար։ Պարտուած մը երակէ երակ կը վազէ։ Դուն ձայնին ու արձագանգին միջեւ կ՚անցնիս՝ իբրեւ նոր մեսիա մը, առանց ծէսերու։ Արաբական նախադասութեան մէջ քեզի համար վրաններու մայրցամաք մը կայ․ բնակէ՛ անոր մէջ եւ երազէ՛ ազատութեան տաք ամառը։
Մայիսին, կը նստիս պսակաւոր հողմածաղիկներուն ու հրացանին միջեւ։
Հայրենիքը հին ժայռ մը չէ, նոյնիսկ եթէ մարմինի ջերմութիւն ունենայ։ Անոր ներկայութիւնը քեզի համար այս յստակ երազն է, այս անսահման հայրենիքը։ Մի՛ հարցներ, թէ այս լայն երկիրը ո՞ւր կը վերջանայ։ Ան ջուրէ ջուր կը տարածուի, մինչեւ այն միլիոնաւոր սիրտերը, որոնք քեզի ապաւէն կու տան եւ կը յենեցնեն մէջքդ։ Գնա՛ արաբական նախադասութեան, հոն պիտի գտնես էութիւնդ ու հայրենիքդ՝ պատերազմի եւ խաղաղութեան ժամանակներուն։
Մայիսին, կը նստիս պսակաւոր հողմածաղիկներուն ու հրացանին միջեւ։
Ի՞նչ պիտի ընես, երբ դուրս գաս այս դերէն։ Այս պատկերը սկսած է խեղդել ու մաշեցնել քեզ։ Անոնք իրենց դրամներն ու նուիրատուութիւնները կը թափեն վրադ։ Արդարեւ, ուրկէ՞ պիտի ուտես, եթէ չհաւաքես զանոնք։ Բոլոր անոնք, որոնք ազատութիւնը փորձեցին կերակրել՝ երբ զայն մերկ գտան, օր մը հասան այն օրերուն, երբ սկսան որոնել զայն։ Պետութիւնը դարձաւ ոստիկանութիւն եւ հարկ։ Արդեօք այս արիւնը նոր ոստիկանութիւն եւ նոր հարկ ստեղծելո՞ւ համար կը հոսի։ Պատկերացուր…, պատկերացուր եթէ հեռանաս։
Քրիստոսը, որուն հետ աշխարհին մէջ տեղի ունեցող քաոսն ու խենթութիւնը պիտի շարունակուին, եւ որուն դէմ պիտի ըմբոստանան քահանաները, արուեստագէտներն ու աղքատները, պիտի ստիպեն Անոր ոտաբոպիկ վերադառնալ կամ նոր կօշիկով մը, որպէսզի ուրիշներուն կեանքը շարունակուի։ Գնա՛ արաբական նախադասութեան, լսէ՛ անոր մետաղեայ զրնգիւնը եւ երազէ՛ առողջ հակադրութեան մասին։ Միթէ՞ ուրիշ ժողովուրդներ չեն ճանչցած զաւթիչները։ Անոնք գրաւեցին երկիրը, տեղահանեցին ժողովուրդները, բայց չկրցան պատռել այբուբենիս մէկ իսկ տառին շղարշը։
Մայիսին, կը նստիս պսակաւոր հողմածաղիկներուն ու հրացանին միջեւ։
Ո՛վ հայրենիքս, քեզի տանող ճամբան գիտեմ, բայց քեզ չեմ ճանչնար։ Քսանհինգ տարիէ ի վեր քեզի կու գամ արաբական պաշտօնական նախադասութեան ճամբով, մինչ դուն օտարացած ես անկէ եւ անկէ հեռացած։
Անոնց հաճելի եկան պսակաւոր հողմածաղիկներուն դաշտերը եւ փորձեցին այրել իմ շունչս։ Կրակը օդին մէջ նետեցի եւ ես ինքս դարձայ պսակաւոր հողմածաղիկներու դաշտ։ Զիս մեղադրեցին ինքնասպանութեան փորձի համար եւ դատարան տարին։ Հիմա աւելի՞ լաւ է քեզի մօտենալ, թէ՞ քեզմէ հեռանալ եւ իմ տառապանքս առնել արաբական նախադասութեան մէջ։
2
Սուրբ Ծնունդի տօնախմբութիւնը աւարտեցաւ։ Սուրբ Քաղաքը կանոնաւոր յիշողութիւն չունի: Երկինքը ջուր եւ բռնազաւթիչներ տեղաց։ Նոր զինուորը կը շրջագայէր պատմութեան բաց թաղամասերուն մէջ՝ իր հին ընկերուհիին հետ եւ կ՚ըսէր.
-Եթէ մոռնամ քեզ, սիրելիս, թող ձեռքս մոռնայ զիս։
Ան իր ձեռքը մոռցած էր իր կրծքին մէջ եւ ընկերուհին զայն առաջնորդեց դէպի դաւաճանութիւն՝ ըսելով.
-Դուն աւելի շատ կը սիրես Երուսաղէմը, քան զիս։
Անոնք խնդացին ու հետեւեցան քամիին։ Կը յիշէին վերջին պատերազմը եւ կը զարմանային, թէ ինչպէս կարելի է ապրիլ առանց Երուսաղէմի եւ, միաժամանակ, հաւատալ հերոսութեան մը, որ երբեք գործադրը-ւած չէ։
Անոնք հանդիպեցան արաբ վաճառականի մը, որ արաբերէն կը խօսէր լեհական առոգանութեամբ։
-Գիտէ՞ք, որ իսրայէլեան բանակի պահեստազօրի սպայ մը տարիէ տարի արաբերէնը կը բարելաւէ,- ըսաւ ան։
Ընկերուհին ոտաբոպիկ քալեց եւ ըսաւ.
-Կ՚ուզե՞ս այդ հաստատել։ Գնէ՛ արաբ վաճառականէ մը «Ալ-Մասա» [Իրիկուն] թերթի նոր հրատարակութիւնը, որ գրուած է անթերի արաբերէնով։
-Արաբական սուրճը համ չունի առանց անոնց։ Ինչպէ՞ս պիտի ըլլար մեր կեանքը առանց այս բնակիչներուն։ Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք, որ պիտի կարենայինք պահպանել մեր ազգային միասնութիւնը, եթէ միայնակ ապրէինք։
Անոնք մտան Ալ-Աքսայի մզկիթը եւ հայելիի նման դէմ յանդիման եկան առասպելին, որպէսզի վերջ տրուի ուրիշ առասպելի մը՝ այն գաղափարին, թէ Իսրայէլը կենդանի ժողովուրդ մըն է։ Անոնք ունեցան նոյն զգացումը, զոր ունեցած էին եօթ տարի առաջ։ Այս անգամ անոնք ժամանած էին ո՛չ թէ յիշատակելու, այլ հաստատելու առասպելը։ Զբօսաշրջիկի այն զգացումը, որ կարծէք պիտի չվերադառնայ, այլեւս գոյութիւն չունէր։ Ամէն տարի կը վերադառնային։ Այս այցելութիւնը յիշողութեան համար չէր, այլ առասպելի շարունակութեան։
Երկինքը կը շարունակէր անձրեւել։ Ան միշտ անձրեւ կու տար տօնական օրերուն։ Թուաց, թէ բնութիւնը կը փորձէր համեմատութիւն մը կատարել մեզի ու անձրեւին միջեւ։ Անոնք կանգնեցան փողոցին անկիւնը եւ յանկարծ անոնց միջեւ միայն գոյնի նուրբ տարբերութիւն մը մնաց։
Արաբը, իր բնազդային առատաձեռնութեամբ եւ մոռացկոտութեամբ, պատասխանեց.
-Ո՛չ յիշեցի, ո՛չ ալ մոռցայ։
Անոնք նոր ապացոյց մը յայտնաբերեցին.
-Մենք քեզ ճանչցանք ու սիրեցինք, բայց մեր սէրը չի՛ կրնար շարունակուիլ առանց արաբի ներկայութեան։
Ան կը յիշէր իրենց հին քննարկումները, երբ միասին կը սորվէին գրականութեան բաժինին մէջ։ Երեկոյեան, իր ընկերուհին գրկելով՝ ան շարունակեց.
-Անոնք են մեր միութեան էութիւնը։ Ես Վարշաւիայէն եմ, դուն՝ Պաղտատէն։ Հրեան հրեայ ընողը մարտահրաւէրն է եւ այդ մարտահրաւէրին դէմ համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը։ Մեր համերաշխութեան առանցքը ո՞րն է։ Արաբը մեր ընդհանուր մարտահրաւէրն է։ Եթէ անիկա անհետանայ, մեր միասնութիւնն ալ կը կորսուի։
Այդ ըսելէ ետք, նոր զինուորը դարձեալ անցաւ Վարշաւիայէն եկածին եւ Պաղտատէն եկածին միջեւ գոյութիւն ունեցող կապին մասին մտածումներուն: Յիշեցուցի անոր, թէ այս գիշեր շուտ պէտք էր քնանար, որպէսզի վաղը աշխոյժ երեւնար զինուորական զօրավարժութիւններու ժամանակ։
Այդ նոյն պահուն մաքրութեան աշխատաւորները փողոցներէն կը մաքրէին անցեալ շաբաթուան աղօթքներուն հետքերը։ Առաւօտը կամաց-կամաց կը նահանջէր, իսկ սրբազան քաղաքը կը փորձէր մոռնալ իր յիշողութիւնը եւ իր փողոցները կը բանար նոր զաւթիչներուն առջեւ, որոնք կ՚երգէին.
-Ո՜վ ոսկիէ Երուսաղէմ։
Նոյն այդ պահուն, անոնց կը հասնէր նաեւ շնորհաւորական բացիկ մը կամ տօնական նուէր մը. առատ արաբական արիւն կը հոսէր Պէյրութի փողոցներուն մէջ, վերածուելով իւղի, որ հին մայրին կը թարմացնէր, զոր Սողոմոն թագաւորին նուիրուեցաւ տաճարը կառուցելու համար։
(«Տխրութեան սովորական օրագիր»)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շարունակելի…
Վաղարշապատ