ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՆ ՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ

Մշտապէս թաքուն ու յաճախ բացայայտ հակասութիւն մը կայ մարդկային հաւաքական ու անհատական ընկալումներուն մէջ: Առանձին անհատը, յարաբերաբար, ուրիշ անձնաւորութիւն մըն է, իսկ ան երբ հաւաքականութեան մէջ է կա՛մ նոյնինքն հաւաքականօրէն կը ներկայանայ, ան կը վերածուի ուրիշ կերպարի մը: Հաւաքականութեան կերտումը, բնոյթն ու կառուցուածքը ենթակայ է մարդկային հասարակութեան զարգացումներէն, ազգայինն ու համամարդկայինը զիրար ամբողջացնող ըլլալու կողքին, անոնք շատ անգամ ձեւապէս հակադրուած են իրարու: Որեւէ հաւաքական կազմակերտում, երբ կը նուաճէ քաղաքակրթական արժէքներ, արդէն իսկ մարդկայնութեան ճամբայ կը բանայ ու մարդկութեան յառաջընթաց կ՚ապահովէ, իբր այդ, բարձրագոյն ու ամենաարդարացի անհատական ալ կացուցակարգը՝ մարդուն հաւաքական կերպարով քաղաքակրթական արժէք ստեղծելուն մէջ է: Բնականաբար, տարբեր կրօնական, քաղաքական ու ընկերամշակութային տեսանկիւններով կրնայ քննարկման առարկայ դառնալ քաղաքակրթական նուաճումը, բայց, պատմական պարունակով ինքնին մարդկութիւնը միայն ու միայն իր հաւաքական ու անհատական մօտեցումներով՝ կը պահէ, կը վաւերացնէ ու արդէն իսկ կը գործակատարէ միայն ու միայն քաղաքակրթական նուաճումները: 

Անհատական ու հաւաքական հակասութիւնը

Ահռելի թուացող հակասականութիւնը մարդու անհատական ու հաւաքական կերպարներուն հարթեցման այսպէս ըսած՝ վայր ու տարողութիւն չունին: Մենք կը ծնինք, կ՚ապրինք ու կը մահանանք իբրեւ անհատ եւ այդ ամենամեծ ու անդպչելի իրականութիւնն է, իսկ մեր բնագիտութիւնն ու տարրաբանութիւնը բջիջային են ու անհատական: Անոնք ո՛չ մէկ առարկայական, նիւթական ու շօշափելի բան կը պարունակեն, որոնք հաւաքական են կամ այսպէս ըսած՝ բազմաբջիջային: Չէ եղած ու չկայ տիեզերքին մէջ հաւաքական գոյ կամ նոյնիսկ առարկայ, այդ ֆոնով՝ չափազանցօրէն հետաքրքրական է ու տեղ մըն ալ առեղծուածային մարդ անհատի հաւաքակայնական ձգտումը: Ընկերաբանութիւնը մեծ հոլովոյթ մըն է, որ թէ՛ կը քաշէ մարդիկը դէպի իրեն եւ թէ միաժամանակ ան չունի հիմնական կառոյց ու մշտական կանոններ: Հաւաքականը չկայ ինչպէս որ ամէն անհատ կը նկարագրէ կամ կ՚ընկալէ, այն տարբեր է եւ անթիւ անհատականացումներու հաւաքածոյ մըն է, որ ինքն իրմէ բան մը չի ներկայացներ, եթէ չըլլայ ընկալումը: Այս կէտին է, որ յաճախ անհասկնալի է անհատականի եւ հաւաքականի միջեւ եղող ու կառուցուելիք այսպէս ըսած՝ խնդրականութիւնը: Արուեստն ու արուեստաբանութիւնը, մշակոյթն ու մշակութաբանութիւնն ալ անվերջօրէն լծուած են այս խաբուսիկութիւնը վերծանելու ու վերարտադրելու։

Հաւաքական ջանք ու արտադրութիւն-անհատական ընկալում-յուզում-ապրում բանաձեւում։ Մարդ անհատը ու մահուան ընկալումը հաւաքաբար 

Հաւանաբար, մարդկային հաւաքական կառչումին ամենամեծ մղումը կու գայ անոր վախէն, որուն ան պիտի յանգի: Եւ հոս, հաւաքական ահռելի մեծ ներդրումն ու գործունէութիւնը՝ իր քաղաքական ու տնտեսական անվերջանալի նպատակներով կերտող է հոգեբանական ու ոգեղինական մեծ համակարգ մը, որուն մէջ էական կը մնայ մահուան գաղափարին յաղթահարման ջանքը: 

Հաւաքականութիւնը միակ տեղն է, ուր մահը ժամանակաւորապէս կը չքանայ կա՛մ անհատական ընկալումով ալ կը ստացուի այն «հաւաստիացումը», որ մարդս մինակ չէ իր մահուան դէմ ու կը յաղթահարէ զայն հաւաքական ոգիով: Հաւաքական ոգի չըլլալու կողքին, մարդկութիւնը յաւերժապէս անոր կառչած է եւ գաղափարախօսութիւններն ու կրօնները անվերջօրէն այդ դերակատարութեան մէջ են՝ օգնելու հաւաքականութիւններ բանեցուելու: Մարդը հաւաքականօրէն չի մեռնիր ու այնտեղ ան անմահ է եւ հոն է, որ մարդ կը փառաւորուի ու յաւերժահոս կը դառնայ:

Բոլորս մեր ազգային, ընկերային, համամարդկային պատկանելիութիւններով ինչքան ալ բախումներու կ՚երթանք ուրիշ հաւաքականութիւններու հետ, մեր բովանդակային տենչագործումը ուղղորդուած է այսպէս կոչուած՝ ապահովութեան ու մահուան յաղթահարման կենսագործմամբ մը: Այո՛, մարդ անհատը իր խոր էութեամբ գոյաբանական սարսափելի վախերու մէջ է, իսկ իր հաւաքական կերպարը մեծագոյն ու միակ պատմուճանը կը սեպուի այդ վախերու փարատման: Ինչքան ալ շահադիտական դիտուի մարդկային յարաբերութիւններու համակարգը, նոյն այս մտքի շրջագծով (իմա մահուան հաւաքական յաղթահարման դրոյթ) կ՚ազնուանայ մարդկային հաւաքական գործունէութիւնը ու տեղ մըն ալ կ՚արդարանան անոր կեղեքումներն ու անմարդկայնութիւնները:

Եւ ահա՛ ընկալում մը․

- Ես զիս կը զգամ գերոգեշնչուած հաւաքականօրէն՝ ո՛չ թէ միայն այն պատճառով, որ ազգի մը մէջ եմ կա՛մ զարգացման գագաթնակէտին ու մարդկութեան անցեալը կը ներկայացնեմ այս պահուս իմ դարաշրջանով ու ժամանակով, այլ՝ այն յաւերժական մարդկային հաւաքակերտ համոզմամբ, որ մենք հիմա եւ ընդմիշտ այս գերսլացքով ու վազքով ազնիւ ենք ու վերջնականապէս պիտի լուծենք մահուան ու կարօտի հարցը: Այս ներշնչանքն է՝ ներշնչանքներուն ներշնչանքը: Այս կէտին ապագան ու վերջաբանութիւնը կը ներկայացուին իբրեւ հաստատուն ու յաղթական արժէք, եւ ուր փրկուածութիւնը յետաձգում չէ ինչքան հաւաքակերտում:

Հաւանաբար, մարդը միակ արարածն է, որ ունի մարդկայնութեան ու հաւաքագործման վայելքի ըմբոշխման հնարաւորութիւնը, իբր այդ, անհատի տիեզերականացումը կը փարատուի հաւաքական ոգիով, որ, այո՛ չկայ, բայց կենարար է:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2026