ԱՄՉՆԱԼԻՔ Ի՛ՆՉ ԿԱՅ

Կը յիշէ՞ք:

Ի՞նչը կը յիշէք:

Ի՞նչը չէք յիշեր, չէք ուզեր յիշել:

Ինչպէ՞ս կը յիշէք: Ինչպէ՞ս չէք յիշեր:

Մարդ թելադրաբար կրնա՞յ ձեւաւորել իր յիշողութիւնը:

Կարելի՞ է մարդու մը թեկադրել, որ այս ինչ բանը յիշէ, այն ինչ բանը չյիշէ:

Կարելի չէ՝ կը կարծեմ:

Մարդ միա՛յն կամովին կրնայ ինքզինք թելադրել, որ իր յիշողութենէն վանէ զինք նեղացնող բան մը. կը յաջողի, չի յաջողիր՝ յարաբերական է, բայց ըստ իս՝ չի յաջողիր:

Մարդն է աս, ո՛ւր մնաց ազգ մը: 

Հայաստանի չորրորդ՝ «իրական» կոչուող հանրապետութեան քաղաքացիներէն պահանջուած է նո՛ր յիշողութիւն մը ձեւաւորել: Յիշողութիւն մը, որուն թելադրողը խաղաղութիւնն է: Կախիչ մը, որուն վրայ կարելի է նետել ամէն բեռ: Խաղաղութիւն մը, որ ըստ յայտարարուածին, կապուած է մէ՛կ մարդու, մէ՛կ խմբակի եւ անոնց՝ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը ըլլալու շարունակականութեան հետ…

«Մենք չլինենք՝ TRIPP չի՛ լինի: Մենք չլինենք՝ խաղաղութիւն էլ չի լինի». այդքան եւ վե՛րջ: 

Ահա բարոյական այսպիսի ահաբեկչութեամբ, քաղաքական բանտարկեալներով, Պաքուի մէջ լքուած գերիներով, Հայաստանի ազատ ու ինքնիշխան հանրապետութեան քաղաքացիները միայն ա՛յս խմբակը պէտք է ընտրեն, որպէսզի իրենց ապրած երկրային «դրախտը» շարունակուի, մանկապարտէզները աւելնան, բարձրացող թոշակները չպակսին, փոքր «պիզնես»ները քաջալերուին, անձրեւէն վերջ յառաջած փողոցներուն փոսիկները չխորանան, զինուորական ծառայութեան ժամկէտը չաւելնայ, այգիները բարելաւուին, հոլանտական կակաչներ բուսնին Հայաստանի մէջ, Կոմիտասի մասին «պատմէ» իր անունը կրող պետական երաժշտանոցի այգին, Հայաստանի պատմութիւնը ներկայացնող դպրոցական գիրքերը չերկարին, յաճախ, մի՛շտ վերանայուին ու ըստ անհրաժեշտութեան՝ վերահրատակուին, Սահմանդրութիւնը փոխուի, անկախութեան հռչակագրին մէջ պատերազմի ո՛չ մէկ յղում՝ կոչ ըլլայ… 

Բռնութեան օրինակներ չեն ասոնք, բարեկամներ, երբեք, այլ՝ խաղաղ մեր կեանքին պատկերները: 

Վարդագոյն այս խաղաղութեան բացառիկ օրինակ մը եւս տուաւ մեր վարչապետը վերջերս, երբ յայտարարեց, թէ իր պաշտօնը ազատելու դիմում մը գրել տուած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնուհիին:

Ինչո՞ւ:

Քանի որ օրեր առաջ ցեղասպանութեան թանգարան այցելած Ամերիկայի փոխ-նախագահին, Արցախի պատմութեան վերաբերող բաներ մը պատմած է թանգարանի տնօրէնուհին, Սումկայիթի զոհերուն խաչքարը ցոյց տուած ու ատրպէյճանական վայրագութիւնը ներկայացնող պատմական գիրք մը նուիրած է անոր: 

«Սադրիչ է այս գործողութիւնը», ըսաւ մեր վարչապետը լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներուն: 

Բնականաբար. ինչպէ՞ս չըլլայ: 

«Ի՛նչ Արցախի հանրապետութիւն», ըսաւ ան քմծիծաղով: 

Ճիշդ չէ՞ արդեօք մեր վարչապետը.

Արցախի հանրապետութիւնը գոյութիւն ունի՞ այլեւս (նախապէս չունենալը ուրիշ խնդիր), որ անոր մասին գիրք նուիրենք՝ Ամերիկայի միջնորդութեամբ խաղաղութեան պատմական համաձայնութիւն մը կնքած Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրաստիճան հիւրին…

«Պատերազմի կոչ է սա՛»:

Ահաբեկչութիւն չէ՛ ասիկա. սխալ չհասկնանք: 

Արտաքին մէ՛կ քաղաքականութիւն կրնայ ունենալ երկիր մը. եւ եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական շահերը կը պահանջեն, որ Արցախի անունը չյիշուի, ուրեմն պիտի չյիշուի, նոյնիսկ հոն, գիտական այն կառոյցին մէջ, որուն կրակը չի՛ մարիր աշխարհը յիշեցնելու համար…

Հայրենի եւ միջազգային մամուլը, բարեբախտաբար արձագանգեց բռնատիրական այս արարքին:

Մեր վարչապետին «Ի՛նչ Արցախի հանրապետութիւն» հարցադրումին դիմաց հանգամանօրէն բազմեցաւ ամբողջ աշխարհի՝ «ի՛նչ ժողովրդավարութիւն»ը:

Տասնեակ ցեղասպանագէտներ, մարդու գիտական ազատ միտքին, ճշմարտութեան ու արդարութեան սպառնացող սարսափելի վտանգ մը գուժեցին բռնատէր այս արարքը դատապարտող իրենց բաց նամակին մէջ…

Որո՞ւն հոգն է: 

Ի՛նչ փոյթ… 

Այս բոլորին, գրաւուած մեր հողերուն վրայ ռազմական իր դիրքերը ամրապնդող մեր «թշնամիին», շուրջ բոլորը պատերազմի կրակին մէջ այրող մեր հարեւաններուն մէջ՝ «Փերաշքի»էն վերջ, դեռ թթու լաւաշ ու քաղցր սուճուխ ուտելով նկարուող մեր իշխանութեան ներկայացուցիչները իրենց «ուրախ ավտոբուս»ին մէջ սրտիկէ թխուածքով ուրախացան, պարեցին, երգեցին եւ ընտրարշաւի յատուկ երգ մը ընտրելու համար իրենց ըրած քուէարկութիւնը ցուցադրեցին եռացող աշխարհին: 

Ամչնալիք ի՛նչ կայ:

«Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» ըսելէն, յայտարարութենէն վերջ «ի՛նչ Արցախի հանրապետութիւն» ըսելէն չամչցողը, դեռ ի՛նչէն կրնայ ամչնալ…

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2026