ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐՆԱԽԱՒԵՐԸ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐԱՆԻՆԵՐԸ

Հիմնականապէս ու մշտաբար ազգերու-ժողովուրդներու կազմութիւնները սերտ կապակցուած են կամ նոյնիսկ պայմանականացած՝ նոյն ազգերու-ժողովուրդներու ղեկավարութիւններէն: Դժուար է ըսել ընկերաբանութեամբ ու քաղաքագիտութեամբ, թէ ի՞նչ բան աւելի որոշիչ է պետութեան մը կազմութեան կամ զարգացման համար եւ ո՞վ կը յառաջացնէ միւսը. ժողովրդական ինքնաբուխ կազմակերպուածութի՞ւնը կամ ղեկավարութեան մը ստանձնո՞ւմը որեւէ հաւաքականութեան ու ժողովուրդի, որ կը տանի դիմագիծի ու ինքնութեան ձեռքբերման: Երկու հաւանականութիւններն ալ ունին բազմաթիւ օրինակներ, սակայն, հոս միայն յիշենք Փորթուգալի օրինակը։ Ան առաւելաբար թագաւորական-իշխանական շառաւիղով հիմնադրուած երկիր-տարածք մը ձեռք բերաւ ու ժողովուրդ մըն ալ կամ այսպէս ըսած՝ ձեւակերպեց իր ժողովուրդը: Բնականաբար, ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ ազգերու ծագումնաբանական ու զարգացման գործընթացները երկար ու ճիւղաւորուած ուսումնասիրական նիւթեր են, բայց, ինչ կը վերաբերի քաղաքական վերնախաւերուն եւ ազգային ընտրանիներուն՝ պատմականօրէն կը տեսնենք, որ անոնց զարգացումը կը պարզէ ցանցային պատկեր մը, իսկ մեծ կայսրութիւններու օրօք գրեթէ չկային քաղաքական տեղային վերնախաւեր, ուստի, աշխարհի աշխարհագրական իրավիճակն ու անկէ բխած քաղաքական ենթակայութիւնները տարբեր էին: 19-րդ դարուն ազատագրական պայքարներու ընթացքին, ժողովրդավարական խմորումներուն, ազատականացման եւ ազգ-պետութիւններու գաղափարին ու անոր գործադրումի երեւան գալէն ետք, ազգերն ու ժողովուրդները կազմակերպուեցան եւ յառաջացաւ ինքնաբերաբար անոնց ընտրանիները: Միջին Արեւելքի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի մեծ թիւով երկիրներ անկախացան եւ կուսակցութիւններու, քաղաքական վերնախաւերու եւ ազգային ընտրանիներու յառաջացումէն ետք, մեծ թիւով երկիրներ մտան միջազգային ասպարէզ եւ սկսան իրենց ազգային քաղաքականութիւնները մշակել (ըլլան անոնք քաղաքական, անվտանգային, տնտեսական, մշակութային... եւ այլն): Դժուար է վերջնական պատկերացում ու եզրագիծ մը տալ 19-րդ եւ 20-րդ դարերու միջազգային յարաբերութիւններու ուժականութեան։ Արդ, գաղութատիրութիւնը վերացաւ, բայց, յառաջացած երկիրներու եւ անոնց ազատականութեան աստիճանը ի՞նչ բանէ կախեալ է, դիւրաւ չի բացայայտուիր:
Սովետական Միութեան քայքայումէն ետք, աւելցան նորանկախ երկիրներ եւ անոնց քաղաքական վերնախաւերն ու ընտրանիները այսպէս ըսած՝ մտան միջազգային բեմ: Ներկայի բաց, գերհամարկուած աշխարհին մէջ միջազգային կազմակերպութիւններն ու կառոյցները բնականաբար կը տանին մեծ գործունէութիւն եւ ակամայ անոնց ղեկավարներն ու տնօրէնները կը գծեն համաշխարհային ու տեղական տնտեսական գօտիներու աշխատելաոճը, անշուշտ, մշտապէս նկատի ունենալով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի վարած քաղաքականութիւնները: Ներկայ աշխարհին մէջ ո՞ր վերնախաւն է ամենամեծ ծրագիրները առաջ տանողն ու յաջողցնողը, դժուար է պատասխան տալ, սակայն, ընդհանուր ակնարկով կրնանք ըսել, որ ժողովուրդ-քաղաքական ընտրանի կապն ու անոր ձեւն ու բովանդակութիւնը լրիւ փոխ-ւած է. պարզ է, որ տկար երկիրներու վերնախաւերը աւելի կախուածութեան մէջ են մեծ երկիրներու վերնախաւերէն, բայց, նոյն մեծ ու զօրաւոր երկիրներու վերնախաւերը նախկին դարերուն պէս սանձարձակ ու անբռնազբօս չեն կրնար պարտադրել իրենց կամքը՝ ո՛չ թէ միայն այն պատճառով, որ ժողովրդավարութիւնն ու մարդկային իրաւունքները դարձան գերտարածուն ու գերակշռօրէն ամէնուրեք ղեկավարութիւն կատարող նոյն ժողովուրդներուն կողմէ։ Բաց աստի, կայ իրականութիւն մը, որ միջազգային կազմակերպութիւնները տեղ մը շրջանցնեցին ազգային ու տեղական պետութիւններն ու վարչակարգումները՝ անոնց անկախացում տալով: Միջազգային վերնախաւը միշտ ալ տնտեսական նկարագրականով կրնայ դիպուկ ձեւով ներկայացուիլ, տնտեսական շահերն ալ կը միացնեն, կը համակարգեն ու կը թշնամացնեն ազգերը: Մանաւանդ մեր ներկայ ժամանակներուն մէջ տնտեսական գործօնը դարձաւ վերազգային գործոյթ՝ հակառակ որ պատմականօրէն կրօնի եւ ազգայնականութեան համար մղուած են պատերազմներ ու պայքարներ, որոնք ձեւով մը արդարական կը դիտուին ու տեղ մըն ալ չենք կրնար լիակատար ու սոսկ տնտեսական համարել զանոնք:
Ազգային սեռուցքն ու վերնախաւն է աւելի ազնիւ ու արդարացուո՞ղ, առաքելակա՞ն կամ նոյնինքն այդ ազգի ժողովուրդը՞: Պատասխան չկայ այս հարցին, քանի նոյն վերնախաւերը ազգերու արտացոլանքներն ու արդիւնքներն են։ Մինչ այդ, այս կերտուածքով յուսադրիչ կէտը այն է, որ հասարագիտական ու տնտեսագիտական- վարչատնօրինային մեր դարու զարգացումները՝ կապուած նոյն մեծ արհեստագիտական յեղափոխութեան հետ, առիթ կ՚ընծայեն պետութիւններուն զարգանալ ու բարգաւաճիլ։ Իսկ եթէ նոյն այդ պետութիւններու-ազգերու ղեկավարութիւններն ու վերնախաւերը արդէն իսկ գերկախուած են յետադիմականութիւններէն կամ մեծ հակամարտութիւններու մէջ են, դժուար թէ ապահովուի տուեալ երկրի-ժողովուրդի բարօրութիւնը:
Ասացուածք մը կայ, որ կ՚ըսէ. «Քաղաքական վերնախաւերը, ժողովուրդներու ընտրանիները եթէ ձախողած են, ուրեմն, յիշեալ ազգերն ու ժողովուրդները չեն կայացած»։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ