ԿԱՏՈՒՆ
Խեղդուածութիւնը երթալով կը մեծնար եւ այդ մէկը իրեն աննկարագրելի ուրախութիւն մը կը պարգեւէր… եւ յանկարծ, կատու մը տեսաւ:
Փողոցին մէկ թրջուած անկիւնը յետոյքին վրայ նստած էր, պոչը ուղիղ կերպով երկարած, վիզը բարձրացուցած, կլոր աչքերով ուշադրութեամբ զննելով անցնող դարձողները, սառած դիրքով, որ կատուներու սովորութեան համաձայն չէր:
Նկատեց զայն նախքան անոր հասնիլը մի քանի քայլ առաջ եւ իր միտքէն անցաւ յիմար հարցում մը.
-Ինչո՞ւ համար այս կատուն չի՛ շարժիր բնաւ:
Կրնար հարցումը մնար առանց որեւէ մէկ պատասխանի, սակայն, երբ կատուին կողքէն անցաւ, հարցումը սկսաւ ճնշել զինք…, որով սկսաւ անոր չորս դին դառնալ, գիտնալու համար պատճառը: Պզտիկ դող մը անցաւ վրայէն, սակայն, արագ ու խիստ, երբ նկատեց, թէ կատուին ետեւի երկու ոտքերը ճզմուած էին եւ գրեթէ գետնին հաւասար դարձած…: Արիւնը կատուին մազերուն խառնուած ու սառած էր, իսկ ոտքերը այնպէս մը եղած էին, կարծէք այդ կատուինը չէին: Ան շարունակեց իր պտոյտը եւ նայեցաւ անոր աչքերուն. տարօրինակ յանձնուիլ մը ու սպասում մը կային այդ նայուածքին մէջ:
Շարունակեց քայլել նեղ փողոցէն դէպի Սամիրային տունը: Իրեն այնպէս թուեցաւ, թէ ամէն ինչ մոռցած էր՝ երբ սկսաւ դուռը թակել, ապա երբ ըստ սովորութեան կը համբուրէր Սամիրան եւ ապա երբ սենեակին մէջ կը նստէր անոր դիմացը:
Ա՛յս է ճշմարտութիւնը. հիմա երբ կը նայի անոր, տարօրինակ բան մը կը զգայ… կարծէք կախարդուած լեռ մը ըլլայ ան, որ հեռուէն իրեն կը քաշէ մարդը, սակայն, մօտիկէն, քարերու կոյտէն բացի ուրիշ բան չէ, որ ո՛չ իմաստ ունի եւ ո՛չ ալ արդարացում: Անպայմանօրէն պէտք է բացատրութիւն մը ըլլայ այս բանին. ինչո՞ւ այս կախարդական քաշուածութիւնը կախարդուած այդ լերան, եթէ այդ լեռն էր… Ի՞նչ էր այդ լեռը: Ան տակաւին կը փափաքի գրկել այդ լեռը, թերեւս կարենայ կերպով մը անոր միախառ-նըւիլ: Այդ փափաքը կ՚ուտէր իր կուրծքը, իսկ խեղդուածութիւնը կը սեղմէր իր կոկորդը երկսայրի դանակի մը նման:
-Դէմքդ շատ դեղին է… հիւա՞նդ ես:
-Ե՞ս:
Հարցումը յանկարծ ներխուժեց իր գանկուղեղին մէջ: Անպայմանօրէն արագ ինքնաշարժն էր, որ ճզմած էր խեղճ կատուին ոտքերը, սակայն, ինչպէ՞ս կրնար ինքնաշարժ մը մտնել այդպիսի նեղ փողոցէ մը ներս:
-Դուն անհանգիստ ես…, դէմքիդ դեղնութիւնը շատցաւ: Թէյ կ՚ուզե՞ս:
-Թէ՞յ: Ո՛չ: Սակայն, ըսէ՛ ինծի. կատու մը, որուն ետեւի երկու ոտքերը կտրուած են, կրնա՞յ սողալ փողոցի սկիզբէն մինչեւ ջուրի խողովակին մօտ, որ փողոցի կէսն է:
-Սողացող կատո՞ւ: Ի՞նչ պատահեցաւ քեզի: Դուն տաքութիւն ունիս:
Սամիրան կանգեցաւ, որպէսզի թէյ բերէ: Ան զգաց, որ իրապէս տաքութիւն ունի: Իր ափի երեսով ճակատը շօշափեց, քրտնած էր:
-Ասիկա արեւին հետեւանքով էր… Ես տաքութիւն չունիմ:
Իր մարմինը թուլցուց յարմարաւէտ նստարանին վրայ: Փորձեց պահ մը մոռնալ ինքզինք:
-Բոզին սենեակը իւրայատուկ հոտ ունի: Անպայմանօրէն տեղէ մը կու գայ… անկողինէ՞ն, վարագոյրէ՞ն, թէ իմ քիթէս իսկ: Սակայն, իւրայատուկ հոտ մըն է…, զոր կրնամ հոտոտալ մարզուած բարակի մը նման… շո՞ւն: Ի՞նչ բանն էր, որ կատուն փողոցին մէջտեղ հասցուցած էր:
Շտկուեցաւ. Սամիրան վարդագոյն գիշերանոցով վերադարձաւ թէյը ձեռքին: Նայեցաւ անոր մարմինին եւ զգաց, թէ չի՛ ցանկար զինք այդքան: Ապա լսեց անոր ձայնը.
-Մտածեցի հարցումիդ մասին… կատուն մահամե՞րձ էր:
-Այո՛, կարծեմ… կը սպասէր…
-Ուրեմն մինչեւ այդտեղ սողացած էր, որպէսզի այդտեղ մեռնի:
-Իսկ ինչո՞ւ այդտեղ մեռնիլ կ՚ուզէ:
-Իրեն հարցուր… ես կատու չեմ:
Եւ խնդաց իրեն յատուկ ձեւով, ապա նստաւ անոր կողքը եւ իր ձեռքերը դրաւ անոր ուսերուն…, մինչ ան ինքն իրեն կը հարցնէր. «Սակայն, այդ ի՞նչ ուժ եղած է, որ սողալ տուած էր իրեն փողոցէն մինչեւ թաղին կէսը. ի՞նչ ուժ»:
Յանկարծ տեղէն ելաւ, դաժանօրէն շարժելով իր գլուխը, որպէսզի անկէ իյնայ այն մտածումը՝ որ տիրած էր իրեն… եւ սկսաւ պտտիլ սենեակէն ներս ուրիշ նիւթ մը փնտռելով, նուազ սեւ:
-Ինչո՞ւ այստեղ կը բնակիս: Ինչո՞ւ դուն քեզի համար տուն մը չես փնտռեր փողոցին վրայ, որպէսզի զլանաս յաճախորդներուդ այս նեղ ու ընկճուած փողոցէն քալելու չարչարանքը:
Սամիրան ծիծաղեցաւ եւ պառկեցաւ իր անկողինին վրայ յոգնածութիւն ձեւացնելով եւ իր աչքերուն ծայրերով նայելով իրեն, ըսաւ.
-Որպէսզի այստեղ չհասնի բացի այն յաճախորդը, որ իսկապէս կը ցանկայ զիս… Յաճախորդը, որ չի՛ կարօտնար զիս, կը դժուարանայ իրեն քալել այս երկար ճամբան՝ այս նեղ փողոցով, ատոր համար ալ, ան կը նախընտրէ չգալ…, իսկ անոնք՝ որոնք կը սիրեն զիս, քու նմաններդ, ապա կը քալեն:
Ափերը գրպանին մէջ դրաւ եւ դարձեալ սկսաւ պտտիլ սենեակին մէջ: Իր գլուխը ամբողջութեամբ դատարակ էր, բացի փսխելու անգոյն յորձանուտէ մը… Իսկ անոնք՝ որոնք կը սիրեն զիս, քու նմաններդ, ապա կը քալեն…: Պատին նայեցաւ, որպէսզի ճզմէ այդ նախադասութիւնը, որ սկսաւ գայլի նման ոռնալ իր գլուխին մէջ. նկար մը կար, որ ջրվէժ մը կը պատկերացնէր փրփրոտ ջուրերով… որու անմիջապէս տակը արժան մարմարէ արձան մը կար մերկ կնոջ մը՝ առանց գլուխի… սեղան մը, ետեւը նստարան… հայելի… ապա անկողին… իսկ ան այնտեղ պառկած է ու կը ծխէ:
Լսեց անոր ձայնը. փորձ մը իր մէջ դատարկելու իր կանացիութիւնը, որպէսզի շարժէ իր ներաշխարհը.
-Իսկ անոնք՝ որոնք կը սիրեն զիս… քեզի պէս… ապա կը քալեն…
-Ուրեմն այդպէս:
-Ի՞նչ:
-Սողաց… կատուն… սողաց իր ետեւէն քաշելով երկու սատկած ոտքերը դէպի հոն, որպէսզի այնտե՞ղ մեռնի:
Սամիրան շտկուեցաւ եւ վիրաւորուած ձայնով պոռաց.
-Ի՞նչ պատահած է քեզի այսօր: Խե՞նթ ես… Քեզ գիտցած օրէս ի վեր երբեք այսպէս չէիր եղած… զիս ուսուցչուհի՞ կը կարծես ու գալով մօտս հարցնելու… եւ կը հարցնես…
Անոր ձայնին արձագանգը կը շարուանկուէր… մինչ ան դրամները դրաւ սեղանին վրայ եւ ընկճուած նեղ փողոց ելաւ:
Դամասկոս, 1960
«12-րդ անկողինին մահը»
•շար. 2 եւ վերջ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ