ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ՅՈՐԴԱՆԱՆ ԻՋԱՒ. ՀՕՐՄԷՆ ԿԸ ԲԽԻ
1. Ի՞նչ է Սուրբ Հոգին: 2. Ինչպէ՞ս կը ներգործէր Քրիստոսէ առաջ: 3. Ե՞րբ յայտնուեցաւ Սուրբ Հոգին: Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս դաւանեցան զԱյն, իմաստասէրները ինչպէ՞ս իմաստասիրեցին: 4. Ինչո՞ւ համար Հօմէն եւ Որդիէն կը բխի չենք ըսեր: 5. Ինչո՞ւ բազմաթիւ Հայրեր «ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՈԳԻՆ» ըսին: 6. Ո՞րն է անսխալ դաւանութիւնը:
1. Ամենասուրբ Երրորդութիւնը ըստ ինքեան Հոգի է (Յհ 4.24), բայց մարդը իրեն համար ստեղծեց (տե՛ս Արարչագործութիւն Աստուծոյ). անոր մէջ հոգի փչեց, անոր համար Երրորդութեան խորհուրդը մարդոց յայտենց Հօր միջոցաւ, խնամեց՝ Որդիին միջոցաւ ու մաքրեց՝ Հոգիին միջոցաւ, որպէսզի մարդիկ կարենան Աստուծոյ մասին գաղափար մը ունենալ, ինչքան որ կարելի է: Մեր այս գաղափարին ըմբռնում մը տալու համար, Քրիստոս նոյնիսկ ըսաւ՝ «Հայրս Ինձմէ մեծ է», ո՛չ թէ որովհետեւ իրենց միջեւ մեծութիւն եւ փոքրութիւն կայ, այդ խօսքերը սխալ չհասկնալու համար ալ ուրիշ անգամ մըն ալ ըսաւ, թէ՝ «եթէ զիս տեսաք, Հայրը տեսած եղած». «Ես եւ Հայրը մէկ ենք»:
2. Սուրբ Հոգին Յորդանան իջնելէ առաջ՝ մարգարէներուն, թագաւորներուն ու քահանաներուն վրայ ուրիշ ձեւով կը ներգործէր, փառակից ըլլալով Հօր եւ Որդիին, որովհետեւ Երրորդութեան խորհուրդը յայտնելու ժամանակը հասած չէր, համաձայն Աստուածային տնօրինական կարգադրութեան. մի միայն Նոյի տապանէն սկսեալ իւղ մը հնարած էր՝ Սուրբ Հոգին առնելու [իբր] միջոց, որ օծողները կը գործածէին. ինչպէս Աստուած Սամուէին ըսաւ. «Ել Դաւիթը օծէ եւ Սամուէլ իւղին եղջիւրը առաւ ու Դաւիթը օծեց. ատկէ ետք Տիրոջ Հոգին անոր վրայ խաղաց» (տե՛ս Ա. Թգ 16.13). այսպիսի բազմաթիւ մարդիկ կան Հին կտակարանին մէջ:
Սուրբ Գիրքին մէջ չկայ բառ մը, որ առանց խորհուրդի մը գրուած ըլլայ. չկայ խորհուրդ մը, որ հաւատքի միտումով ընթերցողէն ծածկուած ըլլայ. ըստ այսմ առաքեալներուն, մարգարէներուն օծումը Նոյի տապանէն կը սկսի, որպէս միջոց՝ Սուրբ Հոգին ստանալու. որովհետեւ Նոյէն մինչեւ Մովսէս ստուեր մը կար բնական օրէնքով, այն ստուերը, Մովսէսի միջոցով լոյսի փոխուեցաւ Աստուածային գրաւոր կամ գրական օրէնքով. Մովսէսին յայտնուածը բնականին նկատմամբ լոյս էր, իսկ Քրիստոսի շնորհական օրէնքներուն նկատմամբ ստուեր, այնպէս որ Նոյին տապանէն ձիթենիի տետրեւ, Մովսէսի ձեռքով եփած իւղ. «Զանազան ծաղիկներով խառնուած, սրբութեան իւղ» (Ելք 30.22: Զք 4.12-14). հետեւաբար, ըսել է, որ Քրիստոսէ առաջ Աստուծոյ Հոգին այս ձեւով կը ներգործէր, եւ ընտրեալները կ՚օծուէին Աստուծոյ Հոգին ստանալու համար, զոր Աստուած կրնար առանց միջոցի ալ ընել, սակայն այդպէս ըրած է (տե՛ս Դրոշմի Խորհուրդին մասին):
Քրիստոսի համար յստակօրէն Օծեալ ըսուած էր. իւրքանչիւր քրիստոնեայի եւ ճշմարիտ հաւատացեալի առաքեալները օծեալ ըսին (Ա. Յհ 2.20). Քրիստոս Ինքնիրեն օծեալ ըլլալու համար, Իրեն փառակից Սուրբ Հոգին ներկայացաւ Յորդանան, վկայեց նաեւ Քրիստոսի Աստուածութեան մասին եւ ապա յայտնեց Ամենասուրբ Երրորդութեան խորհուրդը: Հայրը՝ վերէն, Հոգին Անկէ բխելով, Որդին՝ ջուրին մէջ. այնտեղ յայտնուեցաւ Երրորդութեան անձնաւորութիւնն ու միութիւնը: Նախ Հայրը յայտնուեցաւ արարչագործութեամբ, ետքէն Որդին՝ ծննդեամբ, եւ ապա Սուրբ Հոգին՝ աղաւնակերպ էջքով: Որդին երկրորդ անձ եւ Սուրբ Հոգին երրորդ անձ: Ամենասուրբ Երրորդութիւն համափառ Սուրբ Հոգի ըլլալով, անբաժանելի Աստուածութեամբ, Յորդանանի մէջ յայտնուեցաւ երեք անձնաւորութեամբ:
3. Ընդհանուր քրիստոնէութիւնը Յորդանանի եզերքը հաւատքի դասը առաւ, որ յայտնուեցաւ Քրիստոսի մկրտուած ժամանակ. ՀԱՅՐ, ԲԱՆ եւ ՀՈԳԻ (Ա. Յհ 5.7): Աստուածային անձնաւորութեան մասին խօսած ատեն, այս կէտէն առաջ կամ այս կէտէն վերջ խօսողը թերի կը մնայ, քանի որ անճառելի է. այս կէտին վրայ քրիստոնեաներուն տրուած է հաւատալ երեք անձամբ մէկ համազօր բնութիւն, համակամ եւ համագոյ, ասկէ աւելին մտածողը՝ իրեն տրուածէն աւելիին մասին խօսած ուզած կ՚ըլլայ:
Վերջերս այս հարցը խնդիր դարձաւ, թէ՝ քանի որ Աստուածային անձերը համազօր են, ուրեմն «Հոգին Հօրմէն եւ Որդիէն բխած պէտք է դաւանինք», իրենց վկայութիւն առնելով Քրիստոսի աշակերտներուն փչելը, թէ՝ «առէ՛ք Սուրբ Հոգին» (Յհ 20.22), կամ թէ «Ինձմէ կ՚առնէ» (տե՛ս Յհ 16.15), եւ այսպիսի մի քանի վկայութիւններով, որոնք Երրորդութեան համազօրութեան կը վերաբերին, ո՛չ թէ ուրիշ վիճաբանութեան:
Շատերն ալ ասիկա այդպէս չհասկնալով խոստովանեցան Երրորդութեան միութիւնը եւ անձնաւորութեան զանազանութիւնը, որովհետեւ տեսան, թէ անճառելի է եւ եթէ Յորդանանի մէջ յայտնուած խորհուրդէն շեղին՝ պիտի մոլորին, կամ պիտի պաշարուին, հետեւաբար հաստատեցին, թէ՝ Հայրը վերէն վկայեց, Որդին ջուրին մէջ, Սուրբ Հոգին Հօրմէն բխելով եկաւ, այդ անճառելի խորհուրդը մեզի այնտեղ յայնտուեցաւ, մենք ատկէ չենք կրնար շեղիլ. «Ճշմարտութեան Հոգին, որ Հօրմէն կ՚ելլէ» (Յհ 15.26):
Հայերը եւ յոյները այս վերջին դաւանութեան վրայ են մինչեւ այսօր, այն է՝ «Ինձմէ կ՚առնէ», Իմ Հօրմէս պիտի առնէ, կամ թէ Հօրմէն բխած եւ առած է Հօրմէն ու Որդիէն, որով բխած եւ առած աստուածաբանական տարբեր իմաստներ ունին:
Լատինները այս կէտին վրայ այնքան ծանրացած են, որ «Հայերն ու Յոյները Երրորդութեան խորհուրդը կ՚ուրանան» ըսելու համարձակեցան1:
Բնական փիլիսոփայութիւնը՝ գիտութիւնն է, բարոյականը՝ միտքերու լոյս տուողը, իմացականը՝ խորհիլ սորվեցնողը, իսկ Աստուածային գիտութիւնը միտքէ եւ խորհուրդէ վեր ըլլալուն համար, Աստուած Իր մասին չափազանց խօսելու միտք ունեցողները եւ անոնց իմաստութիւնը կուրցուց, որովհետեւ աշխարհը իր իմաստութեամբ չճանչցաւ զԱստուած, այլ՝ յիմարաբար ինքն իր մասին ճառել կը սիրէ (հմմտ. Ա. Կր 3.18-20), ինքզինք սորվելու համար ալ գիտուն կը կարծէ ինքզինք. լոկ օձին գիտութիւնը խորամանկութիւն է, առանց ազնուական միամտութեան, եւ լոկ միամտութիւնն ալ յիմարութիւն է (տե՛ս Մտ 10.10). «Զգուշացէք, որ ոեւէ մէկը ձեզ փիլիսոփայութեան փուճ խօսքերով չխաբէ» (Կղ 2.8):
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 9
Վաղարշապատ
1 Բացի բազմաթիւ գրութիւններէ, նոր հեղինակութիւն մըն ալ այսօր անոնց պարսաւանքը կը գերազանցէ, այն է՝ Պ. Վ. Էմանուէլեան, առաջնորդ Կեսարիոյ հայ կաթոլիկներուն, որ հետեւեալ կերպով կ՚արտայայտուի.
«Յունաց եկեղեցին անիրաւաբար օրթոտոքսոս, այնպէս ալ Հայոց Էջմիածնական եկեղեցին Սուրբ Հոգիին Հօրմէն ու Որդիէն բխումը կ՚ուրանան, [թէեւ] ո՛չ մէկ պատճառ ունին, օրինաւոր փիլիսփայութեամբ մը եւ կամ Աստուածաբանութեան մը չդիմելնուն համար, [որով] իւրաքանչիւր գլուխէ ձայն մը կու գայ. ասիկա կաթոլիկներու եկեղեցիէն դուրս մնացողներուն յայտնի կացութիւնն է» (Իլմի Իլահի պապ Ե. ՃՂԳ):
Այս հեղինակին ըսածը նոր բան մը չէ. ուղղափառներուն ականջները այդպիսի պարսաւանքներէն բան մը չեն իմանար, չոր տերեւն է, որ ամէն հովէ կը շարժի, ո՛չ թէ հաստատուն ապառաժը:
«Կ՚ուրանան» կ՚ըսէ. ո՛չ հայերը կ՚ուրանան եւ ո՛չ ալ յոյները: Նիկիոյ Հանգանակը ինքնին կը խոստովանի եւ մինչեւ այսօր թէ՛ հայերուն եւ թէ յոյներուն դաւանութիւնն է հաւատալ՝ մէկ Աստուծոյ, եւ միշտ կ՚երգէ. «Երեք անձեր եւ մէկ բնութիւն եւ մէկ Աստուածութիւն, խոստովանելով յաւէտ Սուրբ Երրորդութիւնը». ասիկա է ճիշդ սկզբունքը, իսկ մնացեալը զրպարտութիւն է, որ կ՚ընեն հայերուն ու յոյներուն հասցէին:
Գալով, թէ՝ «փիլիսոփայութիւն չեմ գիտեր» կ՚ըսէ, աս ալ նկատողութեան առնելու կէտ մըն է, որովհետեւ փիլիսոփայութիւնը՝ ֆիզիքականի, բնականի, իմացականի եւ այլնի կը բաժնուի. արդեօք ասոնց մէջէն ո՞րն է Աստուածաբանութեան մօտիկ եղողը, որպէսզի անոր դիմենք: Այս մասին գոհ են հայրեն ու յոյները, որոնք Աստուածաբանութիւնը՝ փիլիսոփայութեան հետ չեն շփոթեր, մի միայն կը սորվին բնութեան գաղտնիքը, անոր Արարիչը փառաւորելու համար: Բարոյապէս կ՚’իմաստասիրեն մարդ ըլլալ սորվելու համար, քան թէ նախապաշարեալ աստուածաբան. մանաւանդ Աթէնք գիտութեան աղբիւր եղած էր ժամանակ մը, բայց Աստուծոյ գոյութեան նկատմամբ կասկածող եղած ատենը նոյնիսկ այդպէս փիլիսոփայօրէն չիմաստասիրեց, ինչպէս կ՚իմաստասիրեն այսպիսի «աստուածաբանները»: