ՈՒՂԻՂ ՎՏԱՆԳՆԵՐ
Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի թիրախաւորումը կը շարունակուի. յարձակումները տարածաշրջանային առումով ունին մաքրօ նշանակութիւն, նաեւ կը պայմանաուորեն տեղական հաւասարակշռութիւններ, որոնք նուազ կարեւոր չեն՝ պատերազմ, Պէյրութ, հայութիւն. հայկական գործօնի նոր ուղղութիւնը երկրէն ներս։
Համեմատական ապահովութիւն կը տիրէ Պէյրութի հայկական շրջաններուն մէջ։ Կեանքը մասամբ դանդաղած է, բայց, մարդիկ կը փորձեն սովորական հունով շարունակել իրենց առօրեան։
Ի հարկէ, վերջին օրերուն Պուրճ Համուտի մերձ թաղամասին հարուածը որոշակի լարուածութիւն մը յառաջացուցած է, բայց, պէտք է յստակօրէն դիտարկել, որ ինչպէս միւս քրիստոնէական, մարոնիտ, տիւրզի կամ սիւննի շրջանները, նոյնպէս ալ հայկական թաղամասերը՝ Պուրճ Համուտ, Սիս, Արագած, Նոր Հաճըն, Պատաուի, Էշրէֆիէ, Համրա, Զալքա, Ժալ Ալ Տիպ, Անթիլիաս, Տըպայէ, կամ լեռնալիբանանի այլ աւաններ, նոյնպէս հեռու են Իսրայէլի բանակին թիրախ դառնալու վտանգներէն։ Թէեւ Պէյրութի կեդրոնական հատուածի որոշ թաղամասեր, օրերս դարձան իսրայէլեան գրոհներու թիրախը, բայց, այդ մէկը հայութիւնը թիրախ դարձնելու միտուած չէր, այլ կը կատարուէր իսրայէլեան բանակի ընդհանուր տրամաբանութեամբ։
Խօսքը ուղիղ վտանգներու մասին է, որովհետեւ ինչպէս տարբեր ժամանակներու, այս օրերուն եւս չի բացառուիր, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը սխալ հարուածներ տայ նաեւ այդ շրջաններուն՝ պատրուակելով իր որսերը թիրախ դարձնելու դիտաւորութիւնը։
Ի՜նչ խօսք, որ երկար փորձ ունի լիբանանահայութիւնը նման տեսակի ընդհարումներուն դիմակայելու, բայց, նաեւ իրաւացի է այն փաստարկը, որ այս օրերուն եւ մա՛նաւանդ այս փուլին պատերազմը շատ առումներով կը տարբերի անցեալի դէպքերէն։
Իբր այդ, խոցելի կը դառնայ լիբանանահայութեան փորձառութիւն ունեցած ըլլալու փաստը, որուն դիմաց սփիւռքի ամենաազդեցիկ հայագաղութներէն մին պէտք է պատասխանէ իր միասնական կեցուածքով։ Միասնական կեցուածք մը, որ նաեւ պիտի հնչեցնէ գործող իրաւական պետութեան խորքային մօտեցումները։ Մօտեցումներ, որոնք կրնան ըլլալ ու հաւանաբար պէտք է ըլլան աղմուկէ հեռու. մէկ կողմէ դատապարտելով պատերազմը, Իսրայէլի թշնամական մօտեցումները եւ հասցուցած վնասները, իսկ միւս կողմէ ձեռնպահ մնալով «Հիզպուլլահ»ի ու անոր դիմադրութեան գաղափարը փառաբանելէ։
Թերեւս «Հիզպուլլահ»ի ճակատագիրը յառաջիկայ փուլին աւելիով կրնայ յստականալ, սակայն, այդ մէկը կարեւոր չէ այս փուլին։
Կարեւորը հայկական շրջանները, հայկական կեդրոնները, ակումբներն ու եկեղեցիները յստակ թիրախ դառնալէ հեռու պահելն է։ Այդ հեռու պահելու գործը կրնայ բացառապէս կատարուիլ քաղաքական գործօնով։
Լիբանանահայութիւնը տրոններ չունի, չունի արդիական անօդաչու թռչող սարքեր, չունի ռազմական ուժ եւ վստահ եմ չի ալ փափաքիր այդ ուղղութեամբ մտածելու։ Լիբանանահայութիւնը յար եւ նման միւս քրիստոնէական ուժերուն՝ կը հաւատայ, որ հարցերը զէնքի ուժով լուծելու մօտեցումը վաղուց արդէն կը պատկանի անցեալին։
Ու այս առումով է արդէն, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ օրերուն ընտրած ու փայփայած էր երկրի իրաւական եւ օրինական պետութեան կողքին ըլլալու մօտեցումը։
Այդ նոյն մօտեցումն էր, որուն շնորհիւ լիբանանահայութիւնը նուազագոյն վնասներով դուրս եկաւ անցեալի պատերազմներէն, յաճախ վճարելով բարձր գին, սակայն, յարաճուն կերպով իր կուրծքին կրելով «Հայերը հայրենասէր են, հայերը օրինապաշտ են» արտայայտութիւնները։
Այսօր եւս նոյն ձեւաչափի որդեգրումը կրնայ դառնալ միակ ապաւէն մը, որ հայկական շրջանները, կառոյցները, եկեղեցիները, ակումբները եւ մէկ խօսքով՝ հայերը մնան անվտանգ եւ հեռու՝ մա՛նաւանդ ուղղակի թիրախ դառնալու մեծ ռիսքերէն։
Ի հարկէ, ընթացողը դաժան պատեարզմ մըն է, որ մեծ հաշուով եւ խորքային առումով Լիբանանի ընտրած պատերազմը չէ։ Արդէն միշտ այդպէս եղած է. Լիբանանը իր ունեցած խոցելիութիւններուն պատճառով դարձած է ազատ դաշտավայր մը՝ այլոց մեծ ու փոքր խաղերուն։ Ըլլան անոնք օտար ուժեր, շրջանային տէրութիւններ, գերպետութիւններ կամ «պատերազմի վաճառականներ»։
Այս փուլը, անշուշտ, բաւական բարդ պիտի ըլլայ, զարգացումները արդէն այդ մասին կը յուշեն։ Զինուելով համահայկական շահերու զրահով՝ լիբանանահայութիւնը եւս բացայայտ կերպով պէտք է դատապարտէ բոլոր տեսակի պատերազմները՝ առանց կտրուկ կամ յստակ հասցէատէրեր փնտռելու։
Հայութեան համար երբեք նպատակ չէ եղած ու չի կրնար ըլլալ Հայաստանի հարեւան Իրանի ներքին գործերուն խառնուելու բարդոյթը։ Նոյնը կը վերաբերի Արաբական ծոցի երկիրներուն, ուր հայութիւնը «միս եւ ոսկոր» կապած է եւ վայելած ու օգտուած այդ երկրի ամեհի բարիքներէն։
Նոյնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մասին է. հայութիւնը երբեք իրաւունք չունի ԱՄՆ-ի դէմ ժխտական կամ անոր արտաքին (մեծ հարցադրումներով լեցուն) քաղաքականութիւնը քննադատութեան ենթարկելու։ ԱՄՆ-ը՝ ինչպէս շատ ուրիշ տէրութիւններ, տարբեր հարթակներու վրայ եւ ամենատարբեր ձեւաչափերով յարգած են հայութեան մեծ շահերը, նաեւ բացած են իրենց դռները հազարաւոր հայերու առջեւ... Այս բոլորը միայն լիբանանահայութեան մասին չէ, այլ հայութեան մասին է, սակայն, քանի ներկայիս քաղաքակրթական շպարով առճակատումի հիմնական օճախը Մերձաւոր Արեւելքն է, ապա լիբանանահայութիւնը եւս պարտաւոր է հանդիսանալ յառաջատարը այս արդարացի եւ անվտանգութեան «բարձիկ» հանդիսացող ընդհանուր սկզբունքին։
Իրողապէս այդպէս է ու այլ ճանապարհ չի կրնար գոյութիւն ունենալ։ Այս առումով ալ շատ կարեւոր է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրական մասնակցութիւնը այս գործընթացներուն, հեռու չմնալով նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ մշտական կապ ստեղծելու շինիչ առաջադրանքէն։ Տարածաշրջանը նոր փուլ մը կը մտնէ ու տակաւին յստակ չէ, թէ ի՛նչ հիմքերով պիտի ընթանան ձեւաչափումները։ Այդ առումով ալ ինչպէս երէկ, այսօր եւ միշտ կարեւորը հայկական անվտանգութեան ապահովումը իրական գործօնի վերածելն է։
Քաղաքական նրբերանգները, վերջին տարիներուն ստեղծուած դաշինքները, արեւելումի հարցերը մէկ կողմ, պարտաւորեցնողը, սակայն, Լիբանանի անվտանգութեան ամրագրումն է, որ մեծ պարունակի մը մէջ կրնայ դառնալ ամբողջ հայութեան իրական դրօշակը։ Միացնող դրօշակ մը, որուն ներքոյ են բոլոր ուժերը, որուն համար ալ պարտաւոր են անսակարկ կերպով գործել բոլորը։ Հաւատքով։
Գործել հաւատքով, ո՛չ թէ տարբաղադրելու, այլ միացնելու համար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան