ԱՅՍՕՐ ԱԼ ԿՐՆԱ՞Ն ՀՆՉԵԼ

Չեմ գիտեր, կը համաձայնիք թէ չէ, յատուկ ամիսներ գոյութիւն ունին մեր պատմութեան մէջ. փետրուարը Վարդանանց ամիսն է, օրինակ, հոկտեմբերը՝ Թարգմանչաց, գիր ու դպրոց էր միշտ սեպտեմբերը, «44-օրեայ» եղաւ, Եղերական կը մնայ ապրիլը, իսկ մայիսը՝ «Սարդարապատ»… Այսպէս փորագրուած են այս ամիսները մէջս. ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց նշանակութիւնը չի՛ փոխուիր ինծի համար:

Սարդարապատի օրերն են եկողները: 

Զանգեր, ղօղանջէ՜ք…

Մեր պատմութեամբ հետաքրքրուողները գիտեն, որ ճակատագրական նշանակութիւն ունի այս պատերազմը. փայլուն այդ յաղթանակի շնորհիւ է, որ առիթ ստեղծուեցաւ մեր պետականութիւնը վերականգնելու համար: 

Ուրիշ խօսքով՝ առանց «Սարդարապատ»ի այսօրուան Հայաստանի գովաբանեալ չորրորդ հանրապետութիւնը չէր ըլլար եւ որպէս պատմական մէջբերում՝ «միանգամայն կարելի էր, որ Հայաստան բառը միայն որպէս աշխարհագրական եզր մնար», ըսած է անգլիացի նշանաւոր պատմաբան Քրիստոֆըր Ճոզէֆ Ուոքըր: 

Այսօրուան իրողութիւններէն մեկնելով ակամայ կը մտածեմ մեր ժողովուրդի այդ օրերու միասնական ոգիին մասին, չեմ զարմանար ու անհրաժեշտ հարցը կու տամ. 

Ի՞նչն էր այդ միասնութեան գաղտնիքը: 

Մէ՛կ պատասխան կը գտնեմ.

Շատ մօտեցած, արդէն ոսկորին հասած մահացու վտանգին գիտակցութիւնը: 

Կը կրկնուի՞ միշտ պատմութիւնը:

1918-ի գարնան, «Թող հիմա ալ աղաներուն տղաքը կռուին, հերիք է մենք կռուեցանք»՝ ամէնուրեք ցաւալիօրէն տարածուած խօսքերուն հիման վրայ, յետագային «մարշալ» դառնալիք Բաղրամեանին զինուորներէն երեսունը հրաժարած են կռուելէ: Պաշտօնի գլուխ անցած Անդրանիկը զայրանալով Բաղրամեանը ապտակած է. «Ինծի քու երեսուն զինուորներդ պէտք են: Սա մեր հայրենիքն է, կարեւոր չէ, թէ ովքեր են ղեկավարները… Հայրենիքը իր նուիրեալ չարքաշներու կեանքով միշտ կ՚ապրի: Գնա՛ շարքերդ կարգի բեր», ըսած է Անդրանիկը: 

Չվերջացաւ պատմութիւնը.

«Զօրավարին ապտակը զիս մարշալ դարձուց։ Հայրենիքէն երբեք կարելի չէ՛ նեղանալ…», յետագային յիշած է Բաղրամեանը:

Այսօր մեր ամեակներուն ու տարելիցներուն առիթով կազմակերպուած խորովածի, DJ փարթիներէն ու ֆեսթիվալներէն անդին, Սարդարապատի ճակատամարտի 50-ամեակին առթիւ «Սարդարապատի յուշահամալիրը» կառուցուած է 1968-ին: Անոր հատուածներէն իւրաքանչիւրը՝ ցուլերը, զանգակատունը, յուշապատը, արծիւներուն արահետը, անոնց միջեւ եղած երեւելի եւ աներեւոյթ կամուրջները հայրենասիրութեան գաղափարին շօշափելի մարմնաւորում են իսկութեան մէջ: 

Քանի մը շաբաթ առաջ մեր ինքնութիւնը ներկայացնող նոր անձնագիրին անդրադարձած ու ըստ տրուած բացատրութիւններուն յիշած էինք, որ ամբողջական մեր պատմութիւնը պիտի տպագրուի հոն, Արգիշտիի ամրոցէն մինչեւ խորհրդարան, Կիւմրիի ֆայթոնէն մինչեւ Խոր Վիրապ, բայց՝ առանց Արարատի: 

58 տարի առաջ կառուցուած Սարդարապատի յուշապատին վրայ ալ մեր պատմութիւնը կայ, ծնունդէն մինչեւ այդ օրերու Հայաստանը, անոր անկախութիւնը, Անահիտը կայ եւ Վահագնը, պետական մեր հնագոյն խորհրդանիշներէն՝ իմաստութիւն, հպարտութիւն ու վեհանձնութիւն իմաստաւորող արծիւը կայ՝ արեւին պսակուած եւ Արարատը կայ՝ պիպլիական, ամբողջ մարդկութեան բնօրրանը, «Հայրենիք» խորագիրով։

«Պետութիւն» չէինք այն ատեն: 

Բաճկոններուն, հագուստներուն ու գլխարկներուն վրայ զարդ չէր, բաժնուող «պեչենի» ու «սխալ չընկալուելու համար չհատուող» կարկանդակ չէր առեւտուրի «ընկերութեան» մը ծանուցումին պէս ձրի բաժնուող մեր «Հայրենիքը»:

Մտահոգիչ չէ՞ հոն, այդ յուշապատին վրայ մնացած Արարատը, մօտիկ Թուրքիոյ սահմանին: 

Յուշահամալիրին մէջ հանգչող Արցախի պատերազմի մասնակիցներ ալ կան, գերեզմանաքարեր կան ու յուշակոթող: 

«Սադրիչ գործողութիւններ պիտի համարուի՞ն անոնց տրուած այցելութիւնները, անոնց վրայ դրուելիք ծաղիկները, յուշապատի «Արարատ»ին նկարները… 

Շատերը չեն գիտեր, որ յիշողութեան այդ պատին մէկ մասին վրայ քանդակուած պատկերներ չկան, բայց «պարապութիւն» մը չէ՛ անիկա, այլ մաս-մաքուր ձգուած ազատ մաս մըն է կարծես, պատմութեան խորքերէ՜ն եկած յաւերժ Հայաստանի գալիքը շարունակելու…

Այդ օրերու հանճարեղ ճարտարապետներն ու քանդակագործները «այս» օրերը պատկերացնելո՞վ այդ «ազատ» մասը ձգեցին:

1918-ի յաղթական մայիսէն վերջ պատմութիւնը շարունակուեցաւ ու այսօր ալ կը շարունակուի: 

Վերջին դրուագ. 

Սարդարապատի ճակատամարտի թէժ օրերուն, Վեհափառ Գէորգ հինգերորդէն խնդրած են ապահովութեան համար Էջմիածնէն հեռանալ ու Սեւանայ լիճի կղզիի վանքը տեղափոխուիլ. «Եթէ հայկական բանակն ու հայ ժողովուրդը չկարենան թշնամին կանգնեցնել, չկարենան մեր սրբութիւնները փրկել, ապա ես պատրաստ եմ այստեղ, մեր տաճարի շեմին մեռնիլ, որպէս ձեր հոգեւոր հայր։ Եւ եթէ եկած է վերջը, ապա ինչո՞ւ չմեռնիլ պատուով եւ արիաբար, չսողալով թշնամու առաջ», ըսած է ան:

«Պատուով եւ արիաբար»…

Մինչեւ այսօր թարմ ու այժմէական հնչող այս կոչը դաժան այդ օրերուն ամէնուր տարածուած է: Մայիս 21-29 Արագածոտնէն մինչեւ Սեւան մեր եկեղեցիներուն զանգերը անդադար հնչած են, վտանգ ահազանգած, ժողովուրդին հոգին զգաստացուցած ու զայն ոտքի հանած են՝ պայքարելու… 

Երեք շարքերով կախուած հսկայակա՜ն այդ զանգերը այսօր ալ անդադար կրնա՞ն հնչել: 

Զարթօնքի այդ զանգերը հնչեցնելիք զգօն ձեռք ու հոգիներ կա՞ն դեռ:

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026