ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՒ ԵՐԿՈՒ ՄՏԱԾՈՒՄ

Ահմատ Խալէտ Թաուֆիք (1962-2018) եգիպտացի բժիշկ, գրող, թարգմանիչ եւ արաբական ժամանակակից սարսափի ու գիտաֆանթաստիկ գրականութեան ամենանշանաւոր հեղինակներէն մէկն էր։ Բժշկութեան դասախօս եղած է, սակայն, լայն ճանաչում ձեռք բերած է իր վէպերով ու պատմուածքներով, յատկապէս «Մա Ուարաա ալ-թափիեա» (Բնութենէն անդին) շարքով։ Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ համադրած է սարսափը, գիտաֆանթաստիկան, փիլիսոփայական խորհրդածութիւնն ու հասարակական քննադատութիւնը։ Մեծ ազդեցութիւն ունեցած է արաբ երիտասարդ ընթերցողներու սերունդներուն վրայ եւ կը նկատուի արաբական արդի ժանրային գրականութեան հիմնադիր դէմքերէն մէկը։ 

Այսօր մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք անոր մէկ բանաստեղծութիւնը եւ մի քանի մտածումներ իր գրիչէն:

ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԶԱՐԿԵՐԱԿՆԵՐ

Փոքրիկիդ մազերը ճերմկեցան, մայրիկ…
Այլեւս անմեղ չէ [փոքրիկդ], մայրիկ…
Ինչքա՜ն յաճախ գթասիրտ ու դիւրաբարոյ եղաւ…
Ինչքա՜ն յաճախ կեղծաւոր եղաւ ու զիջեցաւ…
Ինչքա՜ն յաճախ շողոքորթեց…:

Տարիներու ժանգը կը պատէ զիս…
Ճամբորդութեան փոշին կը կուրցնէ աչքերս…
Ծխախոտի գոլորշին՝ ափսոսանքին հետ,
Կը սողայ մաշած կուրծքէս…
Իրապէ՛ս
աշխարհին դէմ ելայ…:
Իրապէ՛ս
աշխարհին դէմ պատերազմեցայ…:
Ան պարտութեան մատնեց զիս…
Այս մէկը չհասկցայ…
Ու շարունակեցի երգել մեղեդիներս…:
Աշխարհը ճզմեց զիս,
Բայց երբեք
չխոստովանեցայ այդ, մայրիկ:

Ծերցաւ փոքրիկդ, մայրիկ…
Այլեւս փոքրիկ չէ, մայրիկ…
Գիրկէդ հեռացաւ, որպէսզի ճանչնայ…
Բայց, ճշմարտապէս, ոչինչ ճանչցայ…:
Գառներու մորթիներ գնեցի…
Վանականներուն քուրձերը փորձեցի…
Ասպետներուն զրահները հագուեցայ…
Բայց…
- Կ՚երդնում, մայրիկ - 
Ոչ ոք խաբեցի
բացի հայելիէս…:
Նոյնիսկ սատանայի հագուստով՝
Կեանքիս իմաստը չկրցայ ըմբռնել…
եւ ահա ա՛յս է ողբերգութիւնս…:

Պիտի մեռնի փոքրիկդ, մայրիկ…
Երիտասարդութեանս երազները հիւծեցին զիս…
եւ անցեալի վէրքերը արիւնաքամ ըրին զիս…:
Յուսախաբութեանս քաղաքէն կ՚անցնիմ՝
խայտառակութեան պսակը գլուխիս վրայ:
Ես կ՚ապրիմ…
Այո՛, կ՚ապրիմ:
Հակառակ բոլոր ցնորքներուս՝ կ՚ապրիմ…
Բոլոր սուտերուս հետ՝ կ՚ապրիմ…
Առանց իղձերուս՝ կ՚ապրիմ…:
Եթէ բոլոր մարդիկը՝
ինչպէս ես,
պարտուած են այս աշխարհին մէջ…
Եթէ բոլորն ալ՝
ինչպէս ես,
սուտ խօսած են…
ապա ի՞նչ հրաշքով կը մոռնանք
եւ ի՞նչ հրաշքով կը շարունակենք ապրիլ…:
Ինձմէ առաջ
սերունդներ պարտուած են…
ու ինձմէ ետք ալ
սերունդներ պիտի պարտուին…
ապա ինչո՞ւ…
- ներողութիւն, մայրի՛կ -
ամօթը միայն
զիս կը պատէ…:

Որպէսզի այս երգը աւարտեմ,
բաւարար կեանք մը չունիմ:
Գիշերուան փոթորիկները կը պաշարեն զիս
ու կը նեղնան…
կը նեղնան… 
երակներս…:

(1987)

*

Ան ինծի ըսաւ. «Կ՚ուզեմ Ամերիկա երթալ… այնպիսի երկիր մը, ուր մարդիկ արժէքս գիտնան»։ 

Ըսի իրեն. «Ինչո՞ւ կ՚ուզես երթալ այնպիսի երկիր մը, ուր արժէքդ գիտնան։ Ինչո՞ւ այսպիսի խայտառակութեան կ՚ենթարկես ինքզինքդ։ 

Եգիպտոսի պէս բարի ու ներողամիտ երկիրի մը մէջ նոյնիսկ էշը կրնայ ծածկուած մնալ եւ դեռ յուսալ, թէ իրիկուան ճաշը պիտի գտնէ։ Բայց հոն՝ քու իսկական արժէքդ տասնհինգ վայրկեանէն պիտի բացայայտը-ւի։

Ուստի խորհուրդս սա է… մնա՛ այստեղ»։

*

Ըսի անոր. «Մարդիկ պէտք է ամուսնանան միայն այն ատեն, երբ աշխարհին կրնան պարգեւել մէկը, որ իրենցմէ աւելի լաւ ըլլայ…, աւելի գեղեցիկ…, աւելի արժանաւոր…, աւելի բարեկեցիկ…։

Ի՞նչ իմաստ ունի, որ թշուառութիւնը ամուսնանայ դժբախտութեան հետ… մուրը՝ ցեխին հետ։

Այդ պարագային ի՞նչ նոր բան պիտի աւելցնենք աշխարհին, բացի նոր թշուառութենէ ու նոր տառապանքէ»։ 

Իրականութեան մէջ բռնապետին իր թիկնապահները, անվտանգութեան ծառայութիւնը կամ իր պալատը շրջապատող զրահամեքենաները չեն, որ կը պաշտպանեն: Անոր իսկական յենարանը իր շուրջը համախմբուած շողոքորթներու, շահախնդիրներու եւ օրէնքներ «կարող» դերձակներու խաւն է։ Այս հաստ շերտը, նախ եւ առաջ, կը պաշտպանէ իր իսկ գոյութիւնը, իր հարստութիւնը, իր ազդեցութիւնը եւ իր զաւակներուն ապագան։ 

Ահա թէ ինչու անոնք իրապէս պատրաստ են զայն պաշտպանելու իրենց հոգիով ու արիւնով։ Անոնք անկեղծ են, երբ անոր անունը կը գոչեն. ո՛չ ոք իր սեփական հարստութիւնն ու իր զաւակներուն ապագան առանց պայքարի պիտի զոհաբերէ։

Երբ եկամուտդ միլիոններով կը հաշուուի, երբ վստահ ես, որ զաւակներդ երկրին լաւագոյն դիրքերը պիտի զբաղեցնեն, երբ կաշառակերութեանդ գարշահոտ թղթածրարը առաջնորդդ իր պահարանին մէջ կը պահէ, ապա կը յայտնուի խենթ երիտասարդ մը՝ ձեռքին դրօշակ մը, եւ կը պահանջէ, որ բռնապետը տապալի, դուն աշխատավարձիդ միայն մէկ տասներորդը ստանաս, իսկ որդիդ ալ սովորական քաղաքացի դառնայ, ինչպէս բոլոր միւս երիտասարդները… ու դեռ այդ բոլորը՝ ազատութեան անունով։

Այդ պահուն առաջին բանը, որ պիտի ընես, այն է, որ այդ դրօշակին ձողը խոթես այդ «խենթ» երիտասարդին յետոյքը… Գոնէ իմ պարագայիս այս ուղղութեամբ ո՛չ մէկ կասկած ունիմ։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2026