ՉԱՐԻՔԻՆ ԸՆՏԵԼԱՑԱԾ ԽԻՂՃԸ
«Մարդոց չար ըլլալը զիս չի զարմացներ, բայց երբ կը տեսնեմ, որ անոնք այդ պատճառով բնաւ չեն ամչնար, զարմանքս չափ ու սահման չ՚վունենար…»։
ԿԷՕԹԷ
Մարդկային բնաւորութեան ամենէն մտահոգիչ երեւոյթներէն մէկը թերեւս չարիքի գոյութիւնը չէ, այլ այն հանգամանքը, որ մարդը կրնայ չարիք մը գործել՝ առանց պահ մը իսկ կանգ առնելու եւ իր արարքներուն մասին մտածելու։ Սխալիլը մարդկային է, թոյլ ըլլալը՝ հասկնալի, իսկ երբեմն ուրիշին ցաւ պատճառելը՝ նոյնիսկ անխուսափելի։ Սակայն, երբ մարդը կը գիտակցի իր սխալին եւ դարձեալ կը շարունակէ նոյն ընթացքը, երբ ուրիշին վիրաւորանքը կը տեսնէ, բայց անտարբեր կը մնայ, այն ատեն խնդիրը այլեւս պարզ սխալի մը մասին չէ։ Հոն կը սկսի խղճի լռութիւնը։
Մարդոց չարութիւնը միշտ չի ներկայանար մեծ ու աղմկոտ արարքներով։ Երբեմն ան կը թաքնուի առօրեայ խօսքերու, աննշան թուացող վերաբերումներու եւ ուրիշին նուաստացումը բնական համարող վերաբերմունքներու ետին։ Մէկը կրնայ ուրիշին վստահութիւնը չարաշահել, իր շահուն համար անարդարութիւն գործել կամ գիտակցաբար վիրաւորել մէկը, ապա շարունակել իր կեանքը՝ կարծես ոչինչ պատահած է։ Աւելի՛ն, կրնայ իր արարքը արդարացնել՝ պատասխանատուութիւնը ուրիշին վրայ բարդելով։ Այսպէս, սխալը կը դադրի սխալ ըլլալէ եւ կը վերածուի սովորութեան, իսկ անարդարութիւնը՝ կեանքի բնականոն երեւոյթի։
Ամօթը, սակայն, միայն ուրիշներու դատաստանէն վախնալը չէ։ Ան ներքին սահման մըն է, որ մարդը կը պահէ իր արարքներուն եւ իր խղճին միջեւ։ Ամչնալ կը նշանակէ կարենալ ինքզինք դիտել ուրիշի աչքերով, հասկնալ, որ մեր ազատութիւնը չի կրնար արդարացնել ուրիշի մը իրաւունքները ոտնակոխելը։ Երբ այդ ներքին սահմանը կը ջնջուի, մարդը կրնայ շարունակել ապրիլ՝ առանց իր արարքներուն ծանրութիւնը զգալու։ Այդ պահուն վտանգաւոր կը դառնայ ո՛չ միայն իր գործած չարիքը, այլեւ զայն կրկնելու իր պատրաստակամութիւնը։
Մեր ժամանակներուն այս երեւոյթը աւելի եւս տեսանելի դարձած է։ Հասարակութեան մը մէջ, ուր յաջողութիւնը յաճախ կը չափուի շահերով, դիրքով եւ ուրիշներուն վրայ ունեցած ազդեցութեամբ, բարոյականութիւնը կրնայ երկրորդական նկատուիլ։ Մարդիկ երբեմն կը հիանան անոնց վրայ, որոնք կը հասնին իրենց նպատակներուն՝ առանց հարցնելու, թէ այդ ճամբուն վրայ քանի՛ հոգի վիրաւորած կամ ոտնակոխ ըրած են։ Իսկ երբ անարդարութիւնը կը մնայ անպատիժ, անոր հեղինակը ո՛չ միայն կը քաջալերուի, այլեւ կրնայ համոզուիլ, թէ ինք սխալ բան չէ ըրած։
Սակայն, ամենէն տխուր երեւոյթը այն է, երբ չարիքը կը դադրի մեզ զարմացնելէ, իսկ անամօթութիւնը՝ մեզ անհանգստացնելէ։ Երբ կը սկսինք ըսել՝ «աշխարհը այսպէս է», «բոլորն ալ նոյնն են» կամ «կարեւորը ինքզինք փրկելն է», մենք ալ անգիտակցաբար բաժին կը բերենք այդ բարոյական անկումին։ Որովհետեւ անտարբերութիւնը յաճախ անարդարութեան լուռ դաշնակիցն է։ Չարիքը միշտ չի յաղթեր իր ուժով. երբեմն անոր յաղթանակը կը սկսի բարի մարդոց լռութենէն։
Այնուամենայնիւ, մարդկային արժանապատուութիւնը կը սկսի այն պահէն, երբ մարդը կը համարձակի ընդունիլ իր սխալը։ Ներողութիւն խնդրելը թուլութեան նշան չէ, ինչպէս ամօթ զգալը՝ պարտութիւն։ Ընդհակառակը, սեփական սխալը տեսնելու եւ զայն ուղղելու կարողութիւնը ներքին ուժի ամենէն ազնիւ արտայայտութիւններէն է։ Մարդը կատարելութեան հասնելու պարտաւոր չէ, բայց պարտաւոր է չկորսնցնել իր խիղճը։
Թերեւս Կէօթէի այս խօսքին խոր իմաստը այնտեղ է, որ մարդկային չարիքը կրնայ մեզ տխրեցնել, յուսախաբ ընել կամ նոյնիսկ զայրացնել, բայց ամօթի բացակայութիւնն է, որ մեզ կը ստիպէ կասկածիլ մարդկային բարոյականութեան ապագային մասին։ Որովհետեւ սխալը տեսնող մարդը դեռ կրնայ փոխուիլ, իսկ իր սխալով հպարտացողը՝ նոյնիսկ փոխուելու անհրաժեշտութիւնը չի զգար։
Եւ ի վերջոյ, աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը դարձնելու համար բաւարար չէ միայն չարութիւն չգործել։ Անհրաժեշտ է նաեւ չարդարացնել զայն, չծափահարել զայն եւ չսորվիլ անոր հետ խաղաղ ապրիլ։ Որովհետեւ երբ մարդը կը դադրի ամչնալէ իր գործած անարդարութենէն, անոր մէջ կը լռէ ո՛չ միայն խիղճը, այլեւ՝ մարդկայնութեան ամենէն կարեւոր ձայներէն մէկը։
Ուստի, թերեւս պէտք չէ այնքան վախնալ այն մարդոցմէ, որոնք երբեմն սխալ կը գործեն, որքան անոնցմէ, որոնք իրենց սխալները կը վերածեն հպարտութեան առարկայի։ Որովհետեւ մարդուն մեծութիւնը իր անսխալականութեան մէջ չէ, այլ՝ իր խղճին առջեւ պատասխանատու մնալու կարողութեան։ Աշխարհը թերեւս պիտի չազատի չարիքէն, բայց կրնայ աւելի մարդկային դառնալ, եթէ իւրաքանչիւրս չարտօնէ, որ անարդարութիւնը սովորական երեւոյթ դառնայ, իսկ անամօթութիւնը՝ ուժի նշան։ Ի վերջոյ, ամօթը մարդը չի նուաստացներ. ընդհակառակը, ան կը յիշեցնէ, թէ մեր մէջ տակաւին բան մը կայ, որ արժանի է պահպանուելու՝ մեր մարդկայնութիւնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ