ԱԿՆԱՐԿ - 169 - «ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ ԱՊՐՈՂԸ ԼԱՒ Կ՚ԵՂՆԻ՞»
Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն արդէն շուրջ մէկ ամիս անցած է: Ինչպէս նախքան ընտրութիւնները, այդպէս ալ ընտրութիւններէն ետք մարդիկ կը շարունակեն դժգոհիլ Հայաստանէն, կը շարունակեն դժգոհիլ իրենց հայրենիքէն: Մէկը տնտեսական դժուարութիւններէն կը բողոքէ, ուրիշ մը՝ անարդարութիւններէն, երրորդը՝ ապագայի նկատմամբ վստահութեան պակասէն: Այս երեւոյթը նոր չէ, սակայն, վերջին տարիներուն աւելի տեսանելի եւ մտահոգիչ դարձած է:
Անդին, մեր հակառակորդները՝ ազերիները, իրենց չեղած հողերը որպէս հայրենի հող ներկայացնելով, կը շարունակեն երազել իրենց այսպէս կոչուած «պապենական հողեր» վերադարձի մասին: Անոնք իրենց բոլոր կարելիութիւններով եւ միջոցներով աշխարհը կը փորձեն համոզել, թէ այսօրուան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն մեծ մասը իրենց կը պատկանի: Այս քարոզչութիւնը տարիներէ ի վեր կը շարունակուի եւ դժբախտաբար շատ յաճախ մենք ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս անոնք հետեւողականօրէն կ՚աշխատին իրենց կեղծ պատմութիւնը միջազգային շրջանակներու մէջ տարածել, իսկ մենք կը շարունակենք լուռ մնալ, կը շարունակենք գործող իշխանութիւններու կեղծ գաղափարախօսութիւններով առաջնորդուիլ:
Այս մասին խօսիլը շատերու համար արդէն անիմաստ կը թուի, որովհետեւ վերջին ութ տարիներուն, ինչպէս նաեւ 2026 թուականի յունիսի 7-ին վերարտադրուած իշխանութիւնները, ազգային մտածողութեան եւ ազգային գիտակցութեան որեւէ նշան չեն ցուցաբերած եւ պատրաստակամութիւն ալ չունին ցուցաբերելու: Ճիշդ է, որ շատ յաճախ ազգային բառապաշար կը գործածեն, ազգային կեցուածքի տպաւորութիւն կը ստեղծեն, սակայն, ազգային ձեւանալն ու ազգային ըլլալը բոլորովին տարբեր իրականութիւններ են: Ազգային հռետորաբանութիւնը դիւրին է, բայց ազգային պատասխանատուութիւնը՝ դժուար:
Այսօրուան իշխանութիւնները իրենց «իրական Հայաստանի» խեղկատակ գաղափարախօսութեամբ կը փորձեն խեղաթիւրել մեր պատմական յիշողութիւնը, աղաւաղել մեր ազգային ինքնութիւնը եւ թուլացնել այն հոգեւոր, մշակութային ու պատմական կապերը, որոնք դարեր շարունակ մեզ որպէս ժողովուրդ պահած են: Երբ ժողովուրդ մը կը կտրուի իր անցեալէն, ան կը դատապարտուի կորսնցնելու նաեւ իր ապագան:
Չեմ ուզեր երկար խօսիլ կեղծ խաղաղութեան օրակարգին մասին, որովհետեւ մանկամտութիւն է խաղաղութեան մասին բարձրաձայնել, երբ հակառակորդդ ամէն օր նոր սպառնալիքներ կը հնչեցնէ, կը շարունակէ իր նուաճողական ախորժակը ընդարձակել եւ անյագօրէն ձեռք երկարել քեզի պատկանողին ու նոյնիսկ իրեն չպատկանողին վրայ: Բնականաբար, խաղաղութիւնը իւրաքանչիւր մարդու, առաւել եւս իւրաքաչիւր հայորդիի փափաքն է, բայց, այն չի կրնար հիմնուիլ միակողմանի զիջումներու կամ ինքնախաբէութեան վրայ:
Ինչո՞ւ այս տողերը գրեցի:
Այսօր մեծ որդիիս հետ տուն վերադարձի ճանապարհին ծանօթի մը հանդիպեցայ: Անոր որպիսութիւնը հարցուցի եւ ստացայ հետեւեալ պատասխանը.
-Հայաստանում ապրողը լաւ կ՚եղնի՞:
Ցաւօք, այս արտայայտութիւնը վերջին տարիներուն համատարած դարձած է: Շատեր արդէն այս հարցումը ո՛չ թէ որպէս պարզ արտայայտութիւն, այլ որպէս համոզում կը կրկնեն: Հակառակ այն հանգամանքին, որ իշխանութիւնները, անոնց համակիրները, մանկլաւիկները, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ չկայացած անհատներ՝ կուսակցական կամ ոչ, որոնք աւանդական կուսակցութիւններուն եւ կառոյցներուն հետ խնդիրներ ունեցած են, առանց յոգնելու եւ ժրաջանօրէն կը փորձեն ներկայացնել, թէ Հայաստանի մէջ ամէն ինչ լաւ է, երկիրը կայուն կերպով դէպի բարօրութիւն կը շարժի, իրականութիւնը աւելի բարդ եւ բազմաշերտ է:
Արդարութեան համար պէտք է ընդունիլ, որ որոշ դրական փոփոխութիւններ իսկապէս գոյութիւն ունին: Սակայն, միեւնոյն ժամանակ չենք կրնար աչք փակել այն բազմաթիւ ժխտական երեւոյթներուն վրայ, որոնք շատ աւելի խոր ազդեցութիւն ունին հասարակական կեանքին վրայ: Բաւական է այցելել դպրոցներ, համալսարաններ, հիւանդանոցներ, պետական հիմնարկներ կամ մշակութային հաստատութիւններ, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչքա՜ն լուրջ խնդիրներ կան այս համակարգերէն ներս: Շատ տեղերու մէջ կը տիրէ անտէրութիւն, խառնակութիւն եւ պատասխանատուութեան պակաս: Յաճախ մարդիկ իրենց կոչումին կամ մասնագիտութեան համապատասխան տեղը չեն գտնուիր, իսկ շատեր անձնական շահերը պետական շահերէն վեր կը դասեն:
Այս բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ, կը շարունակեմ հաւատալ, որ Հայաստանի մէջ ապրողը կրնայ լաւ ըլլալ, եթէ ի վերջոյ հասկնայ, թէ Հայաստանը սոսկ հողակտոր մը չէ: Այս հողը մեր նախնիներու արիւնով սրբագործուած հայրենիք է: Ան տուն է, իսկ տունը խնամքի կարիք ունի: Տան իւրաքանչիւր անդամ պատասխանատուութիւն ունի իր տան նկատմամբ: Ո՛չ գործող իշխանութիւնները, ո՛չ նախկին իշխանութիւնները, ո՛չ ալ անոնց հետեւորդները պիտի որոշեն, թէ Հայաստանը ապրելու երկի՞ր է կամ ոչ: Այդ որոշումը նախ եւ առաջ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է տայ իր վերաբերմունքով, իր աշխատանքով ու իր նուիրումով:
Ճիշդ է, որ ներկայ պայմաններուն մէջ դժուար է լաւատես մնալ: Դժուար է հաւատալ, երբ ամէն օր նոր հիասթափութիւններ կը տեսնենք: Բայց, եթէ բոլորս ալ յուսահատինք եւ հրաժարինք մեր պատասխանատուութենէն, ապա Հայաստանը աստիճանաբար կրնայ դադրիլ այն Հայաստանէն, զոր կը ճանչնանք: Ան կրնայ շարունակել գոյութիւն ունենալ քարտէսին վրայ, բայց, առանց ազգային հոգիի, առանց հայկականութեան:
Այսօր գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի մէջ ապրող բազմաթիւ հայեր ազգութեամբ հայ են, սակայն, լուրջ հարց է, թէ որքանո՞վ կը զգան իրենց հայկական պատկանելիութիւնը, որքանո՞վ կը գիտակցին իրենց պատմական, մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան արժէքը: Ազգային ինքնութիւնը միայն անձնագիրով կամ ծագումով չ՚որոշուիր, այլ՝ այն կը պահպանուի գիտակցութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ նուիրումով:
Հայաստանը ապրելու երկիր է՝ իր դժուարութիւններով ու խնդիրներով, իր սեւով ու սպիտակով, իր յաղթանակներով ու պարտութիւններով, իր անցեալով ու ներկայով, եւ, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ իր ապագայով: Իսկ այդ ապագան պիտի կերտուի ո՛չ թէ բողոքի կամ յուսահատութեան միջոցով, այլ հայրենիքի հանդէպ սիրոյ, պարտքի գիտակցութեան եւ ազգային պատկանելիութեան ու պատասխանատուութեան շնորհիւ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
27 յունիս 2026, Վաղարշապատ