ԱՊԱԿԵԱՅ ՍԵՆԵԱԿ ԵՒ ՕԹՕ

-Ո՞ր մէկ «օթոն» կ՚ուզես, ըսաւ տղաս: 

Շատ չի պատահիր, որ խաղ մը խաղացած պահուն տղուս մօտիկ նստիմ. այս անգամ մտադրեցի եւ ըրի: Հեռատեսիլի պաստառին վրայ մարդ մը կը վազէր, երբեմն կը կենար, լեռ կը մագլցէր, գետին կ՚իյնար, կը գլտորուէր, շէնքի մը տանիքէն ուրիշ շէնք կը ցատկէր, օդին մէջ կլորներ կը դառնար, յանկարծ յայտնուած ծովուն մէջ կը լողար, մեծ ու երկար սուզանաւ մը կը գնէր, պաստառին մէկ կողմը դրուած իր ունեցած դրամին քանակին կը նայէր, մեծ եւ փայլուն թիւերը կ՚աւելնային, կը պակսէին, հոն՝ խաղին մէջ ալ կարեւոր էր դրամը, որքան հասկցայ, քանի որ այդ մարդուն չվերջացող վազքը շարունակելու, վազվզելու նոր միջոցներ գնելու առիթը ընծայո՛ղն էր անիկա… 

-Չեմ գիտեր, տղա՛ս, ըսի: 

Գիտնալու ի՞նչ պէտք կար. տղուս պահանջածը ընտրութի՛ւն մըն էր, խորհեցայ, եւ ոչ՝ ինքնաշարժի մը ներքին ու արտաքին տուեալներուն լո՛ւրջ ուսումնասիրութիւն. փոքրիկ մանրուք մըն է, թերեւս, բայց ի՛նչ խօսք, որ շատ բան կ՚ըսէ մեր միջեւ եղող ու օր ըստ օրէ լայնցող հովիտին մասին:

-Ընտրէ՛ մէկ հատ: 

Ընտրեցի. պիտի չզարմանաք հաւանաբար, եթէ ըսեմ, որ հեռուէն-մօտիկէն իմ գիտցած հի՜ն ինքնաշարժներուն ամենաշատը նմանող հատ մըն էր ընտրածս: 

Գթառատ ժպտաց տղաս ու ընտրութիւնս չմերժեց:

-Գոյնը կ՚ուզե՞ս փոխենք: 

-Կ՚ըլլա՞յ: 

Հին, շա՜տ հին հարցում մը եւս. գթութիւնը հեգնանքի կրնար վերածուիլ… 

-Կ՚ըլլայ, ամէ՛ն ինչ կ՚ըլլայ, անհամբերութեան ի՛մ երանգս գործածելով բացատրեց տղաս: 

Ակամայ մտածել տուաւ ինծի վտանգաւոր այս բացատրութիւնը. 

Ինչո՞ւ ամէն ինչ կարելի է այսօրուան խաղերուն մէջ: 

Մեր խաղերը ասա՞նկ էին: Մարդ միշտ ալ իր երեւակայութիւնը կրնայ գործածել աւելի ցանկալի տեղեր երթալու համար, կը հասկնամ: Արտասովոր բաներ ընող հերոսներ ունէինք մե՛նք ալ, կախարդական միջոցներ ունէին անոնք. ձին, կարպետը կրնային թռչիլ, օրինակ, եւ իրենց վրայի հերոսը՝ անպայմանօրէն բարի տղան կամ աղջիկը որեւէ տեղ կրնային տանիլ անոնք:

Ընտրած ինքնաշարժս ճամբաներուն մէջ կը սուրար, մայթերուն վրայ կ՚ելլէր, խոտերը կը ճզմէր, մարդիկ կը թռցնէր, ելեկտրական ձողերուն կը զարնուէր, կը դառնար-կը դառնար, բայց, զարմանալիօրէն չէր վնասուեր ան եւ կը շարունակէր իր ճամբան…

Այո՛, այսօր կը հասկնամ, որ բարի էին մեր խաղերուն կերպարները եւ «հերոս» էին անոնք՝ իրօք: 

-Ո՞ւր կ՚երթասկոր, տղա՛ս, հարցուցի: 

Լռութիւն: 

Բան մը չհարցուցի կարծես, ճամբան շարունակեց ան: 

-Ո՞ւր պիտի հասնիս. հարցումս փոխեցի: 

Կեցուց խաղը տղաս: Զարմացած ինծի նայեցաւ: 

-Այսքան ճամբայ, օթօ, օդանաւ, նաւ, թշնամի, ելլել-իջնել ինչո՞ւ համար են. մտահոգութիւնս բացատրելու վերջին տարբերակս էր, կարծեմ:

Բարեբախտաբա՞ր, թէ դժբախտաբար, չեմ գիտեր, բաներ մը սկսաւ բացատրել ան, դրամատունի, գողութեան, հրոսակախումբերու, ինչ ըսես գնող-ծախողներու մասին… 

-Ասո՞ր համար է այս երկա՜ր ճամբան ու չարչարանքը:

-Ի՞նչ պէտք է ըլլայ հապա… 

Այսօրուան մեր ողբերգութիւնն է ասիկա:

Ժամանակի՜ն, թռչող ձիերու վրայ նստող «քաջերը» իրենց սիրած աղջիկները ազատելու համար ինչպիսի՜ աննկարագրելի օձ ու վիշապներու հետ կը կռուէին, կը վիրաւորուէին, գետերու մէջ կ՚իյնային, կը կորսուէին, կոկորդիլոսներէն կը հալածուէին, իրենց սպասող այդ սէրը ազատելու տենչը ամէ՛ն ինչ կը թեթեւցնէր. օգնող բարի կերպարներու կը հանդիպէին անոնք, քանի որ վարակիչ է, է՛ր բարութիւնը… 

Է՛ր եւ ոչ է՛, իսկապէ՛ս:

Գողութի՛ւնն է այսօր վարակիչն ու բնականացուածը. դրամատուն, զէնք, թնդանօթ, երբեք չվրիպող «սնայփըր», որեւէ բան ու էակ մէջտեղէն կիսող ու մինակը նետողին ձեռքին վերադարձող շողշողուն կացին, պաստառին վրայ ցուցադրուած բացառիկ որակ, իրականութեան մօտ տեսարաններ, 4k, ձայնային հրաշալի համակարգ, անեղանակ, տգեղ երաժշտութիւն, հայհոյանք, իրարու ծուղակներ պատրաստող «ընկերներ», արդարացուած դաւաճանութիւն, բնականացուած մահ, ամէն, ամէ՛ն ինչ յաղթահարելու անիմաստ, աննպատակ կարողութիւն… 

Որո՞ւն եւ ինչո՞ւ համար այսքան կարող են, բարի բան մը չընող այսօրուան բարոյազուրկ խաղերուն հերոսները… 

Ինչո՞ւ սիրոյ, սիրելու նրբութիւնը վերցուած է բոլոր խաղերէն: 

Երկա՜ր ժամանակէ մը վերջ իրարու ձեռք բռնող աղջկան ու տղուն այտերը կը կարմրէին մեր մանկական ֆիլմերուն մէջ եւ քանի մը վայրկեան այդ կարմրած վիճակով կը մնային անոնք, այդ զգացումը, գերմարդկայի՜ն այդ պահը ընդգծելու համար, այդ տեսարաններուն մէջ հնչող երաժշտութիւնը մեր յուզականութիւնը կը սրէր եւ այս բոլորը միայն անմոռանալի կը դառնար: 

Որքա՜ն գեղեցիկ արժէքներով մեծցանք մենք: 

Այսօրուան բնականացուած տգեղութեան հետ չհամակերպիլը չէ՞, իսկութեան մէջ, մեր խորագոյն տառապանքը: 

-Աղջիկ չկա՞յ այս խաղին մէջ, հարցուցի. բերդի մէջ բանտարկուած աղջիկ մը, որ իր սիրած տղուն՝ քեզի կը սպասէ… 

Կուշտուկուռ խնդաց տղաս: 

Ուշադրութիւն չդարձուցի եւ շարունակեցի. 

Լեռ, գագաթ, բերդ, լարուածութիւնն ու դժուարահասութիւնը շեշտելու համար՝ օդէն կախուած ապակեայ սենեակ մը, սիրած աղջիկ, բանտ, շղթաներ, սոսկալի ամպրոպ ու կայծակ, անլուսին, մութ գիշեր, գեղեցիկ այդ աղջկան սիրահարուած հսկայ, ուժեղ, սեւ լայն թեւերով ու կոպիտ ձայնով առասպելական հրէշ մը, որուն հետ անվախ պէտք է կռուիլ՝ ապակեայ սենեակին մէջ լացող աղջկան արցունքները սրբելու համար… 

Ցաւօք, տղուս համար միայն խնդալի՛ք էր իմ մանկութեանս հերոսութեան իմաստը մարմնաւորող այս «գրական» տեսարանը:

Դէմ չեմ ժամանակակից մօտեցումներուն, նո՛ր ըմբռնումներուն, որոնք անվիճելի բարոյական արժէք մը սերմանելու կը միտին, բայց այսօրուա՛ն ձեւ ու միջոցներով: 

Շատ բարի՛. ո՞ւր է «բարին», «բարիքը» այսօր: 

Ինչո՞ւ հերոսները զիրար չեն սիրեր, արժէքաւոր բանի մը համար չեն զոհուիր: Ինչո՞ւ հիւանդութիւն, զրկանք, տխրութիւն, արցունք, պայքար, բարի, օգնող ընկերներ, բան մը սորվեցնող վարպետներ չկան վաղուան «մարդը» պատրաստող այսօրուան խաղերուն մէջ… 

Ինչքա՞ն արագ է «օթօ» մը: 

Քանի՞ գոյն կրնաս փոխել:

Քանի՞ մարդ սպաննեց չեմ գիտեր, ինչ զէնք ու քիմիական նիւթեր օգտագործող հերոսը: 

Պաստառին ծայրը փայլող թիւը քանի՞ է: 

Ինչքա՞ն «սէյվ» կրցար ընել… 

Ե՞րբ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս այսքա՛ն աժանցաւ հերոսութիւնը: 

Բարին ու գեղեցիկը ինչո՞ւ դուրս շպրտուեցան մանուկներուն ենթագիտակցութիւնն ու երեւակայութիւնը սնող ծրագիրներէն:

Իմ սերնդակիցներս պէտք է յիշեն. 

«Մարդ» ըլլալու համար ինչե՜ր ըրին ժամանակին անտառի վայրի կենդանիներու բարքերով մեծցած մեր «Թարզան»ն ու «Մաուկլի»ն. սիրեցին անոնք, յուզուեցան, լացին, գուրգուրանք ու կարօտ զգացին… 

Հաստատուն ու ինքնավստահ քայլերով «Մարդ» ըլլալէն հեռացող մեր զաւակները դէպի ո՞ւր կ՚երթան: 

……

Բա՜րձր տեղէ մը գլտորուեցաւ ինկաւ ընտրած ու գոյնը փոխած արագավազ ինքնաշարժս. մե՜ծ «fail» մը գրուեցաւ պաստառին վրայ. 

-Մեռա՞ր, հարցուցի:

-Ետ կրնա՛մ ելլել, խնդաց տղաս: 

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2026