ՔԵՍԱՊԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂԻՆ ՎՐԱՅ
Երկու տարի առաջ Հայաստանի մէջ սկիզբը դրուեցաւ Քեսապի աւանդութիւններն ու սովորութիւնները յիշատակելուն եւ տօնախմբելուն։ Այս նախաձեռնութիւնը պարզապէս անցեալի մէկ սովորութեան վերակենդանացումը չէր, ո՛չ ալ միայն Քեսապէն հեռու ապրող քեսապցիները մէկտեղելու առիթ մը։ Անիկա աւելի խոր իմաստ մը ունէր. Հայաստանի մէջ ապրող քեսապցիներուն համար իրենց ծնողներուն եւ նախնիներուն փոխանցած աւանդութիւնները վերապրելու, զանոնք պահպանելու եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու փորձ մըն էր։
Քեսապցիներուն համար Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը սովորական եկեղեցական տօն մը չէ։ Անիկա Քեսապի հոգեւոր, ազգային եւ ընտանեկան կեանքին մէջ առանձնայատուկ տեղ ունեցող օր մըն է։ Տօնը իր հետ կը բերէ մանկութեան յիշատակներ, ընտանեկան հաւաքներ, եկեղեցական արարողութիւններ, խաղողօրհնէք, մատաղօրհնէք եւ ամենէն կարեւորը՝ համայնքային միասնականութեան այն զգացումը, որ սերունդներ շարունակ կազմած է Քեսապի հայութեան կեանքի մէկ կարեւոր մասը։
Այսօր, երբ Քեսապէն հեռու ապրող մեր հայրենակիցներուն մէկ մասը հաստատուած է Հայաստանի մէջ, բնականաբար, հարց կը ծագի. ինչպէ՞ս կարելի է պահպանել այն աւանդութիւնները, զորս ծնած ու զարգացած են հայրենի աւանի Քեսապի միջավայրին մէջ։ Արդեօք կարելի՞ է զանոնք ապրեցնել նոր միջավայրի մը մէջ, այս պարագային՝ հայրենի հողին վրայ։ Պատասխանը, կարծեմ, յստակ է. այո՛, կարելի է, եթէ աւանդութիւնը դիտենք ո՛չ թէ որպէս անցեալէն մնացած անշարժ սովորութիւն, այլ՝ որպէս կենդանի ժառանգութիւն։
Ահա այս գիտակցութեամբ է, որ «Հայաստանի քեսապցիներու համախմբում»ը վերջին տարիներուն կը փորձէ Հայաստանի մէջ վերակենդանացնել Քեսապի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առընչուած աւանդութիւնները։ Այս տարի եւս այդ առիթով տեղի ունեցան մատաղի՝ հարիսայի պատրաստութիւն, մատաղօրհնէք եւ մատաղի բաշխում-ճաշակում։ Քեսապցի երիտասարդներու մասնակցութեամբ հարիսայի պատրաստութիւնը սկսաւ Շաբաթ օրուան կէսօրէ ետք եւ շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտ։ Այս մանրամասնութիւնը ինքնին շատ խորհրդանշական է. որովհետեւ աւանդութիւն մը չի՛ պահպանուիր միայն տարեցներու յիշողութեան մէջ. այլ՝ այն ապագայ ունի այն ատեն միայն, երբ երիտասարդութիւնը իր ձեռքերով կը մասնակցի անոր պատրաստութեան եւ իր ներկայութեամբ կ՚ընդունի զայն իբրեւ իրեն պատկանող ժառանգութիւն։ Յաջորդ օրը՝ կիրակի, 16 օգոստոս 2026-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Երեւանի Մխիթարեան ճեմարանին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ, որուն աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք՝ ձեռամբ Գերյարգելի Հայր Եղիա վարդապետ Քիլաղպեանի։ Ապա, ներկաները հաւաքուեցան մատաղի՝ հարիսայի պատրաստուած վայրին մէջ, ուր կատարուեցաւ մատաղօրհնէք։ Այս ամբողջ ընթացքը, իր պարզութեան մէջ կը վերականգնէ Քեսապի տօնական մթնոլորտը եւ Հայաստանի մէջ ապրող քեսապցիին կը վերադարձնէ իր մանկութեան եւ ընտանեկան յիշողութիւններուն մէկ մասը։
Այստեղ կարեւոր է հասկնալ, թէ աւանդութիւնը ինչո՞ւ պէտք է պահպանել։ Աւանդութիւնը ժողովուրդի մը յիշողութիւնն է։ Ժողովուրդ մը իր անցեալը միայն գիրքերու եւ պատմական արձանագրութիւններու մէջ չի՛ պահեր, այլ զայն կը պահէ իր աղօթքներուն, տօներուն, ուտեստներուն, ընտանեկան սովորութիւններուն, երգերուն, բարբառին եւ իրարու փոխանցած պատմութիւններուն մէջ։ Երբ այդ սովորութիւններէն մէկը կը մոռցուի, կը կորսուի ո՛չ միայն մէկ արարողութիւն, այլեւ անցեալի հետ կապող թել մը։
Քեսապի աւանդութիւնները այս առումով առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին։ Քեսապը միայն աշխարհագրական վայր մը չէ։ Քեսապը հայութեան մը պատմական տունն է, իր եկեղեցիներով, դպրոցներով, գիւղերով, ընտանիքներով, բարբառով, մշակոյթով եւ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած հոգեւոր կեանքով։ Երբ քեսապցին Հայաստանի մէջ կը պատրաստէ հարիսան, կը մասնակցի մատաղօրհնէքին, կը ճաշակէ մատաղը կամ իր զաւակին կը պատմէ, թէ իր ծնողներն ու մեծ ծնողները ինչպէս կը տօնէին Սուրբ Աստուածածնայ տօնը Քեսապի մէջ, անիկա իրականութեան մէջ իր պատմութեան մէկ էջը կը փոխանցէ։ Ահա թէ ինչո՛ւ այսպիսի նախաձեռնութիւնները պէտք է շարունակուին։
Աւանդութեան պահպանութիւնը միայն մեծերու պարտականութիւնը չէ։ Ընդհակառակը՝ մեծերուն յիշողութիւնը եւ երիտասարդներուն մասնակցութիւնը պէտք է իրարու հանդիպին։ Տարեց սերունդը ունի յիշողութիւնը, պատմութիւնը եւ փորձառութիւնը, իսկ երիտասարդ սերունդը ունի շարունակելու կարողութիւնը։ Եթէ առաջինը չփոխանցէ իր ունեցածը, երկրորդը պիտի չկրնայ պահել զայն։ Իսկ եթէ երիտասարդը չընդունի փոխանցուած ժառանգութիւնը, աւանդութիւնը ժամանակի ընթացքին պիտի վերածուի պարզ յիշատակութեան։
Այս պատճառով առանձնապէս ուրախալի է, երբ նման ձեռնարկներուն երիտասարդներ կը մասնակցին ո՛չ միայն որպէս հիւրեր, այլեւ որպէս կազմակերպիչներ եւ աշխատողներ։ Հարիսայի պատրաստութիւնը, օրինակ, կրնայ առաջին հայեացքով սովորական խոհարարական աշխատանք մը թուիլ, սակայն, անոր մէջ կայ միասին աշխատելու, իրարու օգնելու, մեծերէն սորվելու եւ մէկ ամբողջութեան մաս կազմելու կարեւոր խորհուրդը։ Երիտասարդը, որ իր ձեռքով կը մասնակցի այդ աշխատանքին, վաղը իր զաւակին պիտի պատմէ ո՛չ միայն «այսպէս կ՚ընէին մեր մեծերը», այլ՝ «ես ալ այսպէս ըրի»։ Աւանդութիւնը այն ատեն է, որ իսկապէս կը շարունակուի։
Այս առիթով առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի նաեւ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի նման Քեսապի պատմութեան եւ մշակոյթին քաջածանօթ անձերու ներկայութիւնն ու խօսքը։ Քեսապի մասին պատմուած ամէն յիշատակութիւն, ամէն փոքր դրուագ, ամէն սովորութեան բացատրութիւն կը դառնայ կենդանի դաս մը նոր սերունդին համար։ Որովհետեւ, երբ երիտասարդը գիտէ, թէ իր կատարած արարողութիւնը ուրկէ՛ կու գայ եւ ի՛նչ իմաստ ունի, անոր հանդէպ իր վերաբերմունքը կը փոխուի. սովորութիւնը կը դառնայ գիտակցուած ժառանգութիւն։
Այս բոլորով հանդերձ, աւանդութիւնները պահպանելը չի՛ նշանակեր անցեալին մէջ ապրիլ։ Ճիշդ հակառակը՝ անցեալը պահպանելով կարելի է աւելի ամուր քայլերով երթալ դէպի ապագայ։ Քեսապի աւանդութիւնները Հայաստանի մէջ շարունակելը նաեւ նոր իրականութեան մը մէջ Քեսապի ինքնութիւնը վերակերտելու փորձ մըն են։ Քեսապցին, այսօր, կրնայ Հայաստանի մէջ ապրիլ, աշխատիլ, իր զաւակները մեծցնել եւ Հայաստանի հասարակութեան մաս կազմել՝ միաժամանակ, չկորսնցնելով իր քեսապցիի ինքնութիւնը։ Այս երկու իրողութիւնները իրարու հակասող չեն, ընդհակառակը՝ մէկը միւսը կը հարստացնէ։
Մեր օրերուն, երբ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ ապրող հայ համայնքներուն համար ինքնութեան պահպանումը դարձած է լուրջ մարտահրաւէր, նման նախաձեռնութիւնները աւելի մեծ նշանակութիւն կը ստանան։ Հայկական ինքնութիւնը միայն լեզուով կամ ազգանունով չի՛ պահպանուիր։ Անիկա կը պահպանուի նաեւ այն փոքրիկ սովորութիւններով, որոնք ընտանիքէ ընտանիք, սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին։
Քեսապի պարագային այս պարտականութիւնը աւելի հրատապ է։ Քանի որ հայրենի միջավայրէն հեռու ապրող սերունդներուն համար յիշողութիւնը կրնայ ժամանակի ընթացքին աղօտիլ։ Բայց եթէ ամէն տարի Սուրբ Աստուածածնայ տօնին առիթով հայաստանաբնակ քեսապցիները մէկտեղուին, միասին աղօթեն, խաղողօրհնէք կատարեն, հարիսա պատրաստեն, մատաղօրհնէք կատարեն եւ իրենց զաւակներուն ու թոռներուն պատմեն Քեսապի աւանդութիւններուն մասին, ապա Քեսապը պիտի շարունակէ ապրիլ ո՛չ միայն յիշողութեան մէջ, այլ՝ նոր սերունդի առօրեային մէջ։
Եւ թերեւս այս է նման նախաձեռնութիւններուն ամենէն գեղեցիկ նպատակը։
Մենք չենք կրնար վերադարձնել անցած ժամանակը, բայց կրնանք պահպանել անոր լոյսը։ Չենք կրնար նոյնութեամբ վերականգնել անցեալի պայմանները, բայց կրնանք նոր պայմաններու մէջ շարունակել անոր արժէքները։ Չենք կրնար մեր զաւակներուն փոխանցել այն Քեսապը, որ մենք կամ մեր ծնողները ճանչցած ենք, բայց կրնանք անոնց փոխանցել այն սէրը, հաւատքը, յիշողութիւնը, ջերմութիւնն ու աւանդութիւնները, որոնց շնորհիւ Քեսապը մեզի համար տուն դարձած է։
Չի՛ մոռնանք, ժողովուրդ մը այնքան ատեն կենդանի է, որքան ատեն կենդանի են անոր յիշողութիւնը, հաւատքը եւ աւանդութիւնները։
Թող Հայաստանի մէջ վառ պահուող Քեսապի այս փոքրիկ, բայց իմաստալից աւանդութիւնը դառնայ մեծ պատգամ մը, որու միջոցով Քեսապը շարունակէ ապրիլ, շնչել եւ փոխանցուիլ սերունդէ սերունդ։
Թող Սուրբ Աստուածածնայ բարեխօսութիւնը միշտ հովանի ըլլայ Քեսապի զաւակներուն, Հայաստանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց սիրտին մէջ կը կրեն Քեսապը՝ անցեալով եւ ներկայով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
18 օգոստոս 2026, Վաղարշապատ