ՍԱԼՆ ՈՒ ՄՈՒՐՃԸ…
Լիբանանը մնացած է Իսրայէլի սալի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մուրճի միջեւ: Երկրին վրայ կը թեւածէ պատերազմի ուրուականը, որ տակաւին չէ հեռացած։ Լիբանանի հարաւին կը շարունակուին ռազմական գործողութիւնները: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի նոր սպառնալիքները եւ ԱՄՆ-ի կողմէ Լիբանանին ուղղուած քաղաքական ազդակները կը ստեղծեն կացութիւն մը, ուր երկրի ապագան դարձեալ կը կապուի ո՛չ միայն ռազմական հաւասարակշռութեան, այլեւ ներքին քաղաքական որոշումներու եւ արտաքին ուժերու հաշիւներուն հետ։
Այս անգամ Իսրայէլի սպառնալիքները միայն «Հիզպուլլահ»ի ռազմական դիրքերուն չեն վերաբերիր։ Անոնք կը ներառեն Պէյրութի հարաւային արուարձանը, բնակչութեան տեղահանութեան հեռանկարը եւ Լիբանանի տարածքէն ներս Իսրայէլի վերահսկողութեան ընդարձակման կարելիութիւնը։
Այս բոլորին զուգահեռ՝ ԱՄՆ կը խօսի Լիբանանի վերաշինութեան համար միլիառաւոր տոլարներ տրամադրելու կարելիութեան մասին՝ այդ օգնութիւնը պայմանաւորելով «Հիզպուլլահ»ի վերջնական զինաթափումով։ Այսպէսով, Լիբանան դարձեալ յայտնուած է ռազմական ճնշումի, քաղաքական պահանջներու եւ տնտեսական փրկութեան խոստումներու խաչմերուկին վրայ։
Քացի սպառնալիքները եւ հարաւային արուարձանի վտանգը լուրջ է: Այս մթնոլորտին մէջ Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աուն վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի հետ՝ քննարկելով Իսրայէլի կողմէ հրահրուած մագլցումները:
Քաց յայտարարած է, որ Իսրայէլ պիտի չհեռանայ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ իր հաստատած անվտանգութեան գօտիներէն։ Ան նաեւ սպառնացած է ընդարձակել Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կողմէ վերահսկուած տարածքները, եթէ «Հիզպուլլահ» միանայ Իրանի կողմէ Իսրայէլի դէմ ձեռնարկուելիք որեւէ յարձակման։ Ան յատկապէս զգուշացուցած է Պէյրութի հարաւային արուարձանի բնակչութիւնը՝ յայտարարելով, որ «Հիզպուլլահ»ի ռազմական միջամտութեան պարագային տարածքը կրնայ ենթարկուիլ զանգուածային տարհանման։ Իր խօսքով՝ տեղահանութեան գործողութիւնները կրնան տարածուիլ դէպի հիւսիս՝ մինչեւ Աուալի եւ Զահրանի գետերու գիծը, իսկ հարաւային արուարձանի մեծ մասը կրնայ դատարկուիլ՝ նախապատրաստելու համար այն վայրերուն հարուածումը, զորս Իսրայէլ կը բնորոշէ՝ իբրեւ «ահաբեկչական ենթակառոյցներ»։
Այս սպառնալիքներուն ծանրութիւնը հասկնալու համար պէտք է յիշել, որ Պէյրութի հարաւային արուարձանը պարզապէս աշխարհագրական տարածք մը չէ։ Անիկա խիտ բնակեցուած շրջան մըն է, ուր տասնեակ հազարաւոր ընտանիքներու առօրեան, աշխատանքը, դպրոցներն ու ապրուստի միջոցները իրարու կապուած են։ Անկէ բնակչութեան զանգուածային տեղահանութիւնը պիտի նշանակէ մարդկային նոր տագնապ մը՝ իր ընկերային, տնտեսական եւ հոգեբանական բոլոր հետեւանքներով։
Իսրայէլ սպառնալիքները կը ներկայացնէ՝ իբրեւ «Հիզպուլլահ»ի ռազմական կարողութիւնները չէզոքացնելու միջոց, սակայն, նման գործողութիւններու իրական գինը պիտի վճարեն նաեւ այն քաղաքացիները, որոնք ռազմական որոշումներուն վրայ ուղղակի ազդեցութիւն չունին։ Լիբանանի փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ երբ պատերազմը կը մտնէ քաղաքներու եւ գիւղերու կեանքին մէջ, ապա ռազմական թիրախներու եւ քաղաքացիական բնակչութեան միջեւ սահմանը յաճախ կը դառնայ չափազանց փխրուն։
Թէ ի՞նչ քաղաքական պատգամներ կը հասնին Ուաշինկթընէն: Մինչ հարաւային Լիբանանի մէջ ռազմական ճնշումը կը շարունակուի, ամերիկեան դիւանագիտութիւնը կը փորձէ յառաջ մղել իր օրակարգը։ ԱՄՆ դժգոհութիւն յայտնած է Ուաշինկթընի մօտ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ Մուաուատը երկրի զինուորական արդարադատութեան յանձնելու որոշման առնչութեամբ: Այս քայլը նկատուած է անարդար թիրախաւորում մը պայմանաւորուած անոր՝ կառավարութեան քաղաքականութիւնը գործադրելով եւ ամերիկեան հովանաւորութեամբ ընթացող բանակցութիւններուն մասնակցութեամբ։
Այս արձագանգը պարզ դիւանագիտական տարակարծութիւն մը չէ։ Ան կը բացայայտէ, որ ինչքա՜ն զգայուն դարձած է Լիբանանի ներքին քաղաքական դաշտը, ուր նոյնիսկ պետութեան պաշտօնական ներկայացուցիչներուն գործունէութիւնը կրնայ վերածուիլ ներքին բախման առարկայի։ Միւս կողմէ, Լիբանանի իշխանութիւններուն առջեւ կը դրուի հարց մը, որուն պատասխանը դիւրին չէ. ինչպէ՞ս կարելի է պաշտպանել պետական հաստատութիւններուն հեղինակութիւնը, երբ երկիրը միաժամանակ կ՚ենթարկուի արտաքին ճնշումներու եւ ներքին քաղաքական հակասութիւններու։
Ուաշինկթըն նաեւ կասկած յայտնած է «Հիզպուլլահ»ի այն յայտարարութեան կապակցութեամբ, թէ կազմակերպութիւնը Իրանի կողմէ գումարներ կը ստանայ։ Միեւնոյն ժամանակ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը յայտնած է, որ Արաբական ծոցի երկիրներու եւ Եւրոպայի գործընկերներուն հետ կը քննարկէ Լիբանանի վերաշինութեան համար միլիառաւոր տոլարներ տրամադրելու ծրագիր մը՝ պայմանով, որ «Հիզպուլլահ» զինաթափուի։
Այստեղ է, որ տնտեսական օգնութիւնը կը դադրի պարզապէս վերաշինութեան ծրագիր մը ըլլալէ եւ կը դառնայ քաղաքական ճնշումի միջոց։ Լիբանան վերաշինութեան խիստ կարիք ունի։ Պատերազմէն վնասուած շրջանները, տեղահանուած ընտանիքները, քայքայուած ենթակառոյցները եւ երկարատեւ տնտեսական տագնապը երկիրը դրած են ծանր պարտաւորութիւններու առջեւ։ Յամենայդէպս, օգնութիւնը զինաթափման քաղաքական պայմանին կապելը կը նշանակէ, որ վերաշինութեան հարցը անխուսափելիօրէն կը միախառնուի Լիբանանի պետական իշխանութեան, զինեալ կազմակերպութիւններու եւ տարածաշրջանային ուժերու միջեւ այժմու բարդ հակամարտութեան։
Անշուշտ, Լիբանանի մէջ զէնքի հարցը կարելի չէ անտեսել։ Պետութեան ինքնիշխանութիւնը, որոշումներ առնելու կարողութիւնը եւ սահմաններու պաշտպանութիւնը կենսական խնդիրներ են։ Բայց, զինաթափումը չի՛ կրնար դիտարկուիլ իբրեւ պարզ հրաման մը, որուն գործադրութիւնը ինքնաբերաբար պիտի լուծէ երկրի անվտանգութեան հարցերը։ Անիկա կը պահանջէ պետական իշխանութեան ամրապնդում, ազգային համաձայնութիւն եւ անվտանգութեան այնպիսի պայմաններ, որոնց մէջ Լիբանանի քաղաքացիները վստահութիւն պիտի ունենան, թէ իրենց երկիրը պիտի պաշտպանուի՝ առանց արտաքին ուժերու մշտական միջամտութեան։
Լիբանան ուրիշներու պատերազմներուն միջեւ է: Այս կացութեան ամենէն մտահոգիչ երեսակը այն է, որ Լիբանան դարձեալ կրնայ ներքաշուիլ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ ահագնացող առճակատման մէջ։ Քացի յայտարարութիւնը յստակ պատգամ մըն է. եթէ «Հիզպուլլահ» միանայ Իրանի կողմէ ձեռնարկուելիք յարձակման մը, ապա Իսրայէլ պիտի փորձէ այդ քայլը օգտագործել Լիբանանի դէմ իր ռազմական գործողութիւնները ընդարձակելու համար։
Այս սպառնալիքին առջեւ Լիբանանի իշխանութիւններուն պարտականութիւնը յստակ է. կանխել երկիրը նոր պատերազմի մը մէջ ներքաշելու որեւէ քայլ եւ պաշտպանել բնակչութիւնը նոր աւերումէ։ Սակայն, այդ պարտականութեան կատարումը դիւրին պիտի չըլլայ՝ այնքան ատեն, որ Լիբանանի ուժերուն հաշիւները միշտ չեն համընկնիր պետութեան եւ քաղաքացիներու շահերուն հետ։ Լիբանանի ժողովուրդը արդէն չափազանց ծանր գին վճարած է երկար տարիներու պատերազմներուն, տնտեսական փլուզման եւ քաղաքական անգործութեան պատճառով։ Անոր պէտք չեն նոր սպառնալիքներ, նոր գաղթականութիւն եւ վերաշինութեան նոր խոստումներ, որոնք կրնան մնալ քաղաքական բանակցութիւններու սեղանին վրայ։
Ի վերջոյ Լիբանանի առջեւ դրուած հարցը միայն այն չէ, թէ «Հիզպուլլահ» պիտի միանա՞յ Իրանի դէմ կամ անոր կողքին ընթացող առճակատման։ Աւելի խորքային հարցը այն է, թէ արդեօք Լիբանան պիտի կարենա՞յ վերջապէս վերագտնել իր որոշումներուն տէրը ըլլալու կարողութիւնը։
Իսրայէլին սպառնալիքները, ԱՄՆ-ի նախապայմանները եւ տարածաշրջանային մրցակցութիւնները տարբեր նպատակներ կրնան հետապնդել, բայց, անոնց բախման կեդրոնին է դարձեալ Լիբանանի քաղաքացին, որ կը փորձէ վերաշինել իր տունը, իր զաւակները դպրոց ղրկել, ապրուստ ապահովել եւ հաւատալ, թէ վաղը իր քաղաքը կամ գիւղը դարձեալ պատերազմի թիրախ պիտի չդառնան։
Լիբանանի փրկութիւնը չի կրնար հիմնուիլ ո՛չ արտաքին սպառնալիքներու, ո՛չ ալ անվերջանալի քաղաքական պայմաններու վրայ։ Անիկա կը պահանջէ ուժեղ պետութիւն, ազգային պատասխանատուութիւն եւ այնպիսի համաձայնութիւն մը, որուն մէջ Լիբանանի անվտանգութիւնը ուրիշներու պատերազմներուն հետեւանք ըլլալէ պիտի դադրի։
Եւ մինչ այդ համաձայնութիւնը կը մնայ հեռու, երկիրը կը շարունակէ ապրիլ վտանգաւոր սպասումի մը մէջ՝ այն մտավախութեամբ, որ ուրիշներու որոշած պատերազմին հաշիւը դարձեալ ինք պիտի վճարէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան